Հիւսելու Համաշխարհային Օր
| Հիւսելու Համաշխարհային Օր | |
|---|---|
|
|
Հիւսելու համաշխարհային օր, այս տարի հիւսելու համաշխարհային օր նշուեց 11 Յունիսին։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սկսած 2005 թուականէն` Յունիսի 2-րդ շաբաթ օրը կը նշուի «տարօրինակ» տօներէն մէկը` հանրութեան մէջ հիւսելու միջազգային օրը։ Առաջին անգամ Հիւսելու Համաշխարհային օրը նշուած է Փարիզի մէջ։ Այս զուարճութիւնը, որ դարձաւ սովորութիւն, մտածած է հիւսելու մեծ սիրահար Դանիելա Լենտսը[1]։ Այդ օրը բոլոր անոնք, որոնք կը սիրեն գործել շիւղով կամ կեռիկով, կը հաւաքուին քաղաքի որեւէ հասարակական վայրի` այգիի, սրճարանի, զբօսայգիի մէջ, եւ կը սկսին զբաղուիլ իրենց սիրելի գործով։ Ժանամակի ընթացքին հրապարակային հիւսելու սովորութիւնը գրաւեց նաեւ ուրիշ երկիրներու բնակչուհիներուն (տօնը կը նշուիէ, օրինակ, ԱՄՆ-ի, Անգլիոյ, Զուիզերիոյ, Ֆինլանտայի, Նորվեկիոյ, Էսթոնիայի մէջ)։ Այս գործողութիւնը նոյնիսկ ունի իր խորհրդանիշը, որու վրայ պատկերուած են 2 շիւղեր` Եւրոպայի քարտէզի ֆոնիի վրայ[2]։
Ի միջի այլոց այս գործողութիւնը ստացած է բարեգործական բնոյթ։ Յաճախ այդ օրը ձեռագործները իրենց գործած բոլոր իրերը կը նուիրաբերեն աղքատ քաղաքացիներուն կամ կը ցուցադրեն շուկաներուն մէջ, իսկ հաւաքուած շահոյթը կրկին կ՚ուղղուի կարիքաւորներուն օգնելու համար։ Առաւել ակտիւ հիւսողները կը փորձեն «կապել» ամբողջ աշխարհը. իրենց գործուածքները կ՚ուղարկեն հեռաւոր երկիրներ եւ նոյնիսկ հեռաւոր մայրցամաքներ։ Բացի այդ համաշխարհային գործելու օրը կը կազմակերպուին գործուածքներու ցուցահանդէսներ, նորաձեւութեան ցուցադրութիւններ, ինչպէս նաեւ վարպետաց դասընթացներ անոնցհամար, որոնք կը ցանկանան սորվիլ այդ ոչ հեշտ, բայց հետաքրքիր զբաղմունքը։ Ըստ տարբեր աղբիւրներու` այսօր հիւսելու համաշխարհային օրը տեղի կ՚ունենայ երկրագնդի աւելի քան 350 քաղաքներում մէջ։