Հին Նոր Տարին

Հին Նոր Տարին, կամ Ուղղափառ Նոր Տարին, որ աւանդական տօնն է ուղղափառ եկեղեցիներուն մօտ, ըստ Յուլեան տոմարին, Նոր Տարուան սկիզբն է: Ի. եւ ԻԱ. դարերուն, հին Նոր Տարին կը զուգադիպէր Յուլեան տոմարի 14 Յունուարին: Հին եւ նոր տոմարներու տարբերութիւնը 13 օր էր, 13 Յունուարը կը համապատասխանէր 31 Դեկտեմբերին:

Հին Նոր Տարին բնութագրող պատկեր

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նոր՝ Գրիգորեան տոմարը հաստատուած է Հոկտեմբեր 1582-ին: Հռոմի Գրիգոր ԺԳ. պապը նկատած էր, որ Յուլեան, այսինքն՝ հին տոմարը, մինչեւ ԺԶ. դար ստեղծած է 10 օրուան տարբերութիւն մը: Այդ տարբերութիւնը յայտնի դարձած է գարնանային գիշերահաւասարին՝ 21 Մարտին, որովհետեւ 325-ին, Նիկիոյ ժողովին որոշումով գիշերահաւասարի օր համարուած է ոչ թէ 21 Մարտը, այլ՝ 11 Մարտը: Գրիգոր ԺԳ. պապը 4 Հոկտեմբեր 1582-ին՝ Հինգշաբթի օրուան յաջորդող Ուրբաթ օրը յայտարարած է 15 Հոկտեմբերը, բաց ձգելով կուտակուած 10 օրերը, որոնք յառաջացած էին 325-էն 1582 թուականներու ընթացքին: ԺԶ.-Ի. դարերու ընթացքին Յուլեան՝ հին, եւ Գրիգորեան՝ նոր տոմարներուն միջեւ տարբերութիւնը 13 օր կը կազմէ[1]:

Տարբեր Երկիրներու Մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գերմանիոյ մէջ

Հին Նոր Տարուան աւանդոյթը պահուած է Հայաստանի, Պելառուսիոյ, Ուքրանիոյ, Լաթվիոյ, Ուզպեքիստանի (բնակչութեան շուրջ 40%), Ղազախստանի, Մոլտովայի, եւ Վրաստանի մէջ: Ինչպէս նաեւ՝ Ուէլզի եւ Զուիցերիոյ մէջ:

Սքոթլանտայի մէջ հին Նոր Տարին աւանդաբար կը նշուի 12 Յունուարին:

Հիւսիսային Ափրիկէի պէրպէրները աւանդաբար Նոր Տարին կը տօնեն համաձայն պէրպէրեան տոմարին, որ բաւական մօտ է Յուլեան տոմարին, 14 Յունուարին[2]:

Ռուսիոյ Մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խորհրդային Միութեան մէջ Գրիգորեան տոմարը պաշտօնապէս կ'ընդունուի 1918-ին, մինչ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցին կը շարունակէ Նոր Տարին նշել ըստ Յուլեան տոմարին[2]: Նոր Տարին կը դառնայ տօն մը, որ կը նշուի երկու տոմարներով: Ինչպէս աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներուն, նոյնպէս եւ Ռուսիոյ մէջ Նոր Տարին կը նշուի 1 Յունուարին: Այդ օր տեղի կ'ունենան ուրախ տօնախմբութիւններ, խրախճանքներ եւ հրավառութիւններ: Նոր Տարին հետաքրքրական է այն իմաստով, որ կը միաւորէ Նոր Տարուան հետ կապուած աշխարհիկ աւանդութիւնները եւ Ս. ծննդեան եկեղեցական ծէսերն ու աւանդոյթները: Առ հասարակ նուազ տօնական քան Նոր Տարին, որ աւելի ընտանեկան տօն մըն է՝ խրախճանքներով, կեր ու խումով, կենացներով ու նուէրներով, տարուան տօներու վերջինը[3]:

Սերպիոյ Մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սերպիոյ Ս. Սաւա տաճարը. Հին Նոր տարուան տօնակատարութիւն Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ:

Սերպական Նոր Տարին յաճախ կոչուած նաեւ՝ Ուղղափառ Նոր Տարի, երբեմն նաեւ՝ Յուլեան Նոր Տարի. կը նշուի Յուլեան տոմարին համաձայն Սերպիոյ (ներառեալ Քոսովոյի), Պոսնիա-Հերձեկովինայի եւ Մոնթենեկրոյի մէջ. թէեւ բնակչութեան մէկ մասը Նոր Տարին կը տօնէ 1 Յունուարին: Ժողովրդային աւանդութիւնը այս տօնախմբութիւնները կը նշէ, իբրեւ մէկ բաղկացուցիչը Ծնունդի Տասներկու Օրերուն՝ Փոքր Ծնունդ:

Մակեդոնիոյ Մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս տօնը Մակեդոնիոյ մէջ ճանչցուած է իբրեւ «Հին Նոր Տարի»: 13 Յունուարին յետմիջօրէէն սկսեալ մարդիկ իրենց տուներուն առջեւ կը հաւաքուին, թաղերուն կեդրոնները հրավառութիւն տեղի կ'ունենայ, մակեդոնական աւանդական երգեր կ'երգեն, իսկ տունը մնացողները տնային պատրաստութեամբ հաց կ'ուտեն, որուն մէջ մետաղեայ դրամ պահուած կ'ըլլայ: Ըստ աւանդութեան՝ ով, որ դրամը գտնէ, ամբողջ տարին բախտաւոր կ'ըլլայ[3]:

Չինաստանի մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Չինական Նոր Տարին երկրին ամէնէն կարեւոր տօնակատարութիւնն է: Անով կը սկսի գարնան տօնը եւ վերջ կը գտնէ լապտերներու տօնով։ Ամբողջ աշխարհը Նոր Տարին կը տօնէ 1 Յունուարին, սակայն չիները, ինչպէս նաեւ Չինաստանի դրացի այլ երկիրներ կը տօնեն նաեւ չինական Նոր Տարին, որ միշտ տեղի կ'ունենայ 21 Յունուարի եւ 20 Փետրուարի միջեւ: Անիկա չինական օրացոյցին առաջին օրն է, եւ այս սովորութիւնը հիմնուած է աւանդութեան մը վրայ:

Չինական Նոր Տարին կը տօնուի ամբողջ Ասիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ աշխարհի չորս կողմը` տարբեր երկիրներու մէջ, ուր գոյութիւն ունի չինական մեծ գաղութ մը[4]:

Արուեստի Մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հին Նոր Տարուան աւանդոյթը յիշուած է ռուսական արուեստին մէջ: Ռուս թատերագիր՝ Միքայէլ Րոշչին, 1973-ին, գրած է կատակերգութիւն մը՝ «Հին Նոր Տարին», որ բեմի վրայ ներկայացուած է երկար տարիներ: Գործը վերածուած է նաեւ հեռատեսիլի ֆիլմի, եւ ներկայացուած է հռչակաւոր դերասաններով, երաժշտութիւնը յօրինած է աշխարհահռչակ երաժիշտ՝ Սերգէյ Նիքիթինը, իսկ խօսքը՝ համբաւաւոր բանաստեղծ՝ Պորիս Փասթերնաքը (1980, Մոսֆիլմ):

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Qahana.am»։ Qahana.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-04-07-ին։ արտագրուած է՝ 2016-01-12 
  2. 2,0 2,1 «Старый или Новый? Дед Мороз или Санта Клаус?»։ Православие.RU։ արտագրուած է՝ 2016-01-12 
  3. 3,0 3,1 http://www.prespanews.com/index.php?option=com_content&view=article&id=1803:2012-01-12-14-49-31&catid=44:prespa&Itemid=107/
  4. «Դարձեալ Նոր Տարի Է... Մերձաւոր Արեւելքի Մէջ»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2020-01-25։ արտագրուած է՝ 2020-12-29