Հին Հռոմի Երաժշտութիւնը
Արտաքին տեսք
Հին Հռոմի երաժշտական մշակոյթը ինքնատիպ էր եւ բազմազան: Գոյութիւն ունէին երաժշտական-բանաստեղծական սեռեր՝ հարսանիքի, յաղթանակի եւ յիշատակի երգեր, որոնք յաճախ կը կատարուէին «Tibia» փչողական նուագարանի նուագակցութեամբ:
Յաճախ մայրաքաղաքին մէջ կը հաւաքուէին տարբեր երկիրներէ եկած կատարողներ, որոնց մեծամասնութիւնը ըլլալով ստրուկներ՝ հրապարակային ելոյթներով կը զուարճացնէին տէրերը:
Հին Հռոմի մէջ երաժիշտներն ու պարուսոյցները մեծ յարգանք կը վայելէին. ազնուական ընտանիքներու մէջ ընդունուած էր երեխաներուն ուսուցանել երգեցողութիւն, նուագ, պար, սակայն անոնց ելոյթները կը սահմանափակուէին ընտանեկան շրջանակով:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Երաժշտութիւն, Պատմութիւն եւ Տեսութիւն», Նարդուհի Էքիզեան-Մարկոսեան, 2017, Պէյրութ։