Հին Երեւան

Հին Երեւանի վերակազմած քարտէսը եւ նոր հատակագիծը. Ալեքսանտր Թամանեան

Հին Երեւան, Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւանի պատմական կեդրոնը։ Երեւանը հիմնադրուած է Ուրարտուի թագաւոր Արգիշտի Ա.-ն՝ մ.թ.ա. 782 թուականին։ Քաղաքի՝ շուրջ երեքհազարամեայ պատմութիւնը կը բաժնուի քանի մը փուլերու։ Երբեմն Հին Երեւան ըսելով նկատի ունին Երեւանի պատմութեան «նահանգային շրջանը» (Երեւանի նահանգի կեդրոն, Ռուսական կայսրութիւն) եւ «խորհրդային շրջանը» (Հայկական ԽՍՀ մայրաքաղաք, ԽՍՀՄ)։ Վերջին փուլը սակայն չի ընդգրկեր ամբողջութեամբ, այլ մինչեւ 20-րդ դարու կէսը՝ Երեւանի ընդարձակումը։

Երեւան քաղաքի շրջագիծը, Ռուսաստանին միացման նախօրեակին կը կազմէր երեսուն քիլոմեթր, սկսած Զանգուի (Հրազդան) կամուրջէն եւ վերադարձած նոյն տեղը։ Այս տարածութեան հիմնական մասը կը գրաւէին այգիները։ Քաղաքը կը բաժնուէր երեք գլխաւոր մասի (մահլաներու)։Անոնք կը կրէին Կոնդ, Բուն քաղաք եւ Քարահանք անունները։ Պարսից տիրապետութեան ժամանակ Բուն քաղաքը ստացաւ Շահար անուանումը, իսկ Քարահանքը՝ Դամըռ–Բուլաղ։ Առանձին էր շուկան, որ ինկած էր Կոնդի եւ Շահարի միջեւ։ Շուկայէն ոչ հեռու կը գտնուի Երեւանի նշանաւոր իջեւաններէն մէկը՝ Գիւրջի քարվանսարան։

Եթէ պարսկական տիրապետութեան շրջանին Երեւանի մէջ կային 6 եկեղեցիներ եւ 8 մզկիթներ, ապա ռուսական տիրապետութեան շրջանին կը կառուցուին քրիստոնէական տաճարներու թիւը կը շատնայ, իսկ մուսուլմանական մզկիթները՝ աստիճանաբար կը լքուին։

Դառնալով Հայկական մարզի, ապա համանուն նահանգի կեդրոն՝ Երեւանը վերաբնակեցվում է հայերի նոր խմբերով, մեծանում, կառուցվում են նոր թաղամասեր։ Նախկին 3 թաղերու փոխարէն կը ստեղծուին 7-ը՝ Հին թաղը, որմէկ՝ առանձնանան Շեն թաղը եւ Նոր թաղը, Կոնդը կամ Ծիրանի թաղը, որմէ կ՝ առանձնան Ձորագիւղը, ինչպէս նաեւ՝ Քարհանքը եւ Նորքը։ Քաղաքի հարաւը կը գտնուէր Երեւանի բերդը։

Այդ ժամանակ Քանաքեռը, Աւանը եւ շարք մը այլ գիւղեր առանձին բնակավայրեր էին։ Եեւևանէն դուրսկը գտնուէին նաեւ Դալմայի այգիները։

Պարսկական տիրապետութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երեւանի կուսակալութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երեւանը 1672 թուականին. Ժան Շարդէն

Երեւանը ունի վարչատարածքային միաւորի աւելի քան 500 տարուայ կառավարման փորձ։ Դեռեւս 15-րդ դարուն Արարատեան դաշտը նուաճած թուրքմենները այստեղ հիմնած էին առանձին վարչատարածքային միաւոր՝ Երեւան կեդրոնով։

1502 թուականին Սեֆեան Իրանը կը տիրանայ Արեւելեան Հայաստանին եւ Արաքսէն հիւսիս ինկած հողերը կը բաժնուին 2 մասի՝ Երեւանի եւ Ղարաբաղի կուսակալութիւններու։ Բանն այն է, միջնադարեան Հայաստանի ծաղկուն քաղաքները՝ Դուինը եւ Անին, աւերուած եւ անկում ապրած էին։ Ուստի կուսակալութեան կեդրոն ընտրուած էր մօտ 20, 000՝ բացառապէս հայ բնակչութիւն ունեցող Երեւան քաղաքը, որ սկսած էր զարգանալ որպէս միջնադարեան արեւելեան քաղաք։ Երեւանի կուսակալութեան տարածքը շուրջ 45, 000 քառ. կմ էր՝ գրաւելով Մեծ Հայքի Այրարատ նահանգը՝ Արարատեան դաշտը, Շիրակը եւ Վանանդը, Արարատ եւ Արագած լեռները, Սեւանի աւազանը, ինչպէս նաեւ՝ Նախիջեւանի հովիտը։

Երեւանի կուսակալութիւնը ունի աւելի քան 2 դարու պատմութիւն (1502-1724)։Անոր ամենաաղետալի էջը թուրք-պարսկական հերթական պատերազմի ժամանակ 1603-1604 թուականներու Շահ Աբբաս առաջին շահի հրամանով արուած բռնագաղթն էր, որու ժամանակ 300 000 արեւելահայեր կը լքեն կուսակալութեան տարածքը։ Եթէ մինչ այդ բնակչութեան (մօտ 500 000) ճնշող մեծամասնութիւնը՝ աւելի քան 400 000-ը հայեր էին, ապա անկէ ետք այստեղ կը տեղափոխուին զանազան թրքական եւ քրտական ցեղեր։ Հայերը սեփական հայրենիքի մէջ կը դառնան փոքրամասնութիւն։

Երեւանի խանութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երեւանի բերդ, 1796 թուական

1747 թուականին կ՝ ըսպաննուի Իրանի Նադիր շահը։ Երկրին մէջ կը հաստատուի խառնաշփոթ քաղաքական իրավիճակ, որ կը տեւէ աւելի քան կէս դար։ Անդրկովկասի տարածքին առաջացած 4 կուսակալութիւնները (Երեւանի, Ղարաբաղի, Շամախու, Թավրիզի), կը բաժնուին 20-է աւելի խանութիւններու։ Անոնք կը կառաւարէին հիմնականին թրքական դինաստիաներու կողմէն, որոնց կ՝ օժանդակէր Օսմանեան կայսրութիւնը։ Երեւանի կուսակալութիւնը կը բաժնուէր 2 մասի՝ Երեւանի եւ Նախիջեւանի խանութիւններու, որոնք որպէս վարչատարածքային միաւոր գոյութիւն կ՝ ունենան 80 տարի՝ 1747-1827 թուականները։

Երեւանի խանութիւնը կիսանկախ վարչատարածքային միաւոր էր, որ ունէր իր դրօշը, զորքը եւ հպատակները։ Շահերը խանութեան ղեկավար կը նշանակէին խաներ՝ իրենց իշխանութիւնը ամրապնդելու համար։ Երեւանի խանը օժտուած էր աւելի մեծ իրաւունքներով, քանի որ կը ղեկավարէր սահմանային նահանգ։ Ան յաճախ կը ստանար բեյլերբէյ կամ բեկլարբեկ տիտղոսը։ Երեւանի խանը կրնար հարկ եղած դէպքին մարտադաշտ հանել ու ղեկավարել շրջակայ խանութիւններու ու բեիւթիւններու զորքերը՝ ստանձնելով զորահրամանատարի՝ սարդարի պաշտօնը։ Ընդ որուն մէջ, անոր դրօշի տակ կրնային դուրս գալ ոչ միայն մուսուլմաններէն, այլեւ տեղաբնիկ հայերէն կազմուած զորագունդերը։ Երեւանի խաները հիմնականին իշխող Ղաջարիներու շահական դինաստիայէն էին։ 18-րդ դարու երկրորդ կէսէն Երեւանի խաները ձեռք կը բերեն ինքնավարութիւն։ Աստիճանաբար կը թուլանայ շահերու իշխանութիւնը Անդրկովկասի եւ Ատրպատականի մէջ (Իրանական Ադրբէյճան) ձեւաւորուած խանութիւններու վրայ։ Ամուր դիրքեր կը գրաւեն նաեւ վրաց իշխանները եւ հայ մելիքները։

Երեւանի կառավարումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կարմիր կամուրջ (կիսաւեր)

Երեւանի խանութիւնը բաժանուած էր 15 մահալներու՝ Աբովեանի (Կըրխբուլաղ), Ապարանի, Արարատի (Վեդիբասար), Արմաւիրի (Սարդարապատ), Արտաշատի (Գառնիբասար), Ծաղկաձորի (Դարաչիչակ), Գեղարքունիքի (Գյոկչա), Աշտարակի (Կարբիբասար), Թալինի, Սուրմալուի եւ այլն։

Երեւան քաղաքը՝ որպէս խանութեան կեդրոն, առանձին վարչական միաւոր կը համարուէր եւ չէր մտներ որեւէ մահալի մեջ։ Քաղաքը կը կառավարէր դարուղան (ոստիկանապէտը), որ կը նշանակուէր բէյլերբէյի կողմէն եւ պարտաւոր էր զբաղելու քաղաքի կարգ ու կանոնով։ ԱՆ իր իշխանութիւնը կը գործադրէր իւզբաշիներու (հազարապէտներու) եւ չաուշներու (տասնապետներու) միջոցով։ Քաղաքի կառավարմանը կը մասնակցէին թաղային աւագները՝ մելիքները, որոնք պատասխանատու էին թաղի կարգ ու կանոնի պահպանման եւ հարկերու բաշխման ու հաւաքման համար։ Քաղաքի վարչական պաշտօնէութեան կը պատկանէին նաեւ՝ բազարբաշին (շուկայի պէտը), հասաս–բաշին (շուկայի պահակապետը) եւ ուրիշներ։ Քաղաքի ներքին կեանքին մէջ կարեւոր դէր կը խաղային համքարութիւնները, որոնք, հանձինս իորենց քալանթարներու (աւագ), նոյնպէս մասնակցութիւն ունէին քաղաքի ներքին վարչական եւ հասարակական գործերուն։ Երեւանի մէջ կար շուրջ 1000 խանութ, 8 մզկիթ, 6 եկեղեցի, 10 բաղնիք, 5 հրապարակ, 2 շուկայ եւ 2 դպրոց-մեդրեսէ։ Մահալները գլխաւորապէս կ՝ ըզբաղէին միւլքադարային գիւղատնտեսութեամբ։ Միւլքադար կրնային ըլլալ ոչ միայն խաները եւ բեկերը, այլեւ հայկական մելիքներն ու հայ եկեղեցին։ Գիւղացիները կը մշակէին անոնց հողերը եւ հարկ կու տային։

Երեւանի ռուսական շրջանը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայկական մարզ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երեւանի բերդի հատակագիծը 1827 թուականին

1 Հոկտեմբեր 1827-ին ռուսական բանակը եւ հայ կամաւորական ջոկատները ռուսական բանակի գեներալ Իվան Պասկեւիչի գլխաււորութեամբ կ՝ ազատագրեն Երեւանի բերդը։ Անոր հետ կ՝ աւարտի Երեւանի պատմութեան մուսուլմանական շրջանը։ Քաղաքի առջեւ կը բացուին զարգացման հեռանկարներ։10 Փետրուար 1828-ին կը կնքուի Թուրքմենչայի պայմանագիրը, որ կ՝ ամրագրէ Արեւելեան Հայաստանի անցումը Ռուսաստանին։ Այդ ժամանակներէն սկսած Իրանի հիւսիսային սահմանը կը դառնայ Արաքս գետը։

Արեւելեան Հայաստանի տարածքներու այն շրջանները, որոնք կ՝ ազատագրուի ռուս-պարսկական 2-րդ պատերազմի ժամանակ, Նիկոլայ Ռոմանով (1825-1855) կայսրին հրովարտակով կը կազմաւորեն վարչատարածքային մէկ միաւոր՝ Հայկական մարզ՝ Երեւան կեդրոնով։ Ան գոյութիւն կ՝ ունենայ 12 տարի՝ 1828-1840 թուաանները։ Մարզի տարածքը կազմած է շուրջ 21 000 քառ.կմ՝ գրաւելով Մեծ Հայքի Այրարատ նահանգի արեւմտեան շրջաններները՝ Արարատեան դաշտը, Արարատ եւ Արագած լեռները, Սեւանի աւազանը, Կոտայքը եւ Նախիջեւանը։

Արեւելեան Հայաստանի միւս տարածքները՝ Գյանջայի եւ Ղարաբաղի խանութիւնները (Արցախ, Սիւնիք, Ուտիք) եւ Բորչալուի (Լոռի) ու Ախալքալաքի (Ջաւախք) գաւառները, ինչպէս նաեւ ներկայիս Շիրակի եւ Տաւուշի մարզերը) դուրս կը մնան Հայկական մարզի տարածքէն։ Արեւելեան Հայաստանի միւս տարածքները՝ Վասպուրականի արեւելքը եւ Պարսկահայքը կը շարունակեն մնալ շահական Պարսկաստանի կազմին մէջ։

Երեւանի բերդի ազատագրումը

Հայկական մարզի կեդրոն ընտրուեցաւ Արեւելեան Հայաստանի խոշորագոյն քաղաքը՝ Երեւանը՝ շուրջ 13 հազար բնակչութեամբ, որուն կէսէն աւելին հայեր էին։ Հայկական մարզի միւս քաղաքներն էին Նոր Բայազետը՝ արեւելքին մէջ՝ Սեւանա լիճի ափին, եւ Նախիջեւանը՝ հարաւը։ Նոր Բայազետը, այժմ՝ Գաւառ, հիմնեցին Արեւմտեան Հայաստանի Բայազէտ եւ Ալաշկերտ գաւառներէն Սեւանի աւազան տեղափոխուած հայերը։ Որպէս պատմամշակութային-հոգեւոր կեդրոն՝ իր դերը չէր կորսնցներ Վաղարշապատը, այժմ՝ Էջմիածին։ Նոր շունչ ստացան հին հայկական քաղաքներ Արտաշատն ու Արմաւիրը, վերաբնակուեցան լքեալ գիւղերը, հիմնուեցան տասնեակ նոր բնակավայրեր։

Հերթական թուրք-պարսկական պատերազմի ժամանակ՝ 1603-1604 թուականերուն, պարսիկները Շահ Աբբաս Առաջինի հրամանով խանութեան բնիկ բնակչութեանը՝ հայերուն, գերեվաած էին Պարսկաստան։ Նահանգը հայաթափուած էր եւ աւելի քան 300 հազար հայերու փոխարէն այստեղ բնակելու եկած էին փոքրաքանակ քրտական եւ թրքական ցեղեր։ ԱՆոնք ոչ միայն տիրացած էին հայկական բնակավայրերուն, այլեւ վերանուանած անոնք։

Սարդարի պալատը. այստեղ առաջին անգամ բեմադրուած է Ալեքսանտր Գրիբոյեդովի «Խելքից պատուհաս» ներկայացումը՝ հեղինակի ներկայութեամբ

Սարդարի պալատը. այստեղ առաջին անգամ բեմադրուած է Ալեքսանտր Գրիբոյեդովի «Խելքից պատուհաս» ներկայացումը՝ հեղինակի ներկայութեամբ

Այդ է պատճառը, որ երբ գեներալ Իվան Պասկեւիչի գլխաւորութեամբ ռուսական զորքերը եւ հայ կամաւորական ջոկատները կ՝ ազատագրեն Երեւանի բերդը, խանութեան 100 000 հպատակներէն 23 000-ն էին ազգութեամբ հայ։ Հարեւան Նախիջեւանի խանութեան 50 000 բնակչէն հայեր էին 12 000-ը։ Միան Արցախի եւ Սիւնիքի մէջ հայերը կը շարունակէին կազմել բացարձակ մեծամասնութիւն։ Արեւելեան Հայաստանի մէջ հայ ժողովուրդի գլխուն կանգնած էր ֆիզիքական բնաջնջման վտանգը։

1828-1830 թուականներուն Իրանէն Հայաստան տեղափոխուած են 40-42 հազար, իսկ Թուրքիայէն՝ 75-80 հազար հայեր։ Անոնցմէ ստուար հատուած մը կը հաստատուի Հայկական մարզի տարածքին մէջ։ Մնացածները կը հաստատուին Ռուսական կայսրութեան հպատակ հայկական տարբեր գաւառներ՝ Ջաւախք, Սիւնիք, Արցախ եւ այլուր։ Հայրենադարձութիւնը կազմակերպած էին ռուս դիւանագէտ Ալեքսանտր Գրիբոյեդովը եւ հայոց կաթողիկոս Ներսես Աշտարակեցին։ Միաժամանակ Իրանէն եւ Թուրքիայէն Հայկական մարզ տեղափոխուած են այլ քրիստոնիաներ՝ յոյներ եւ ասորիներ։ Հայկական մարզի տարածքը կը լքեն բազմաթիւ թուրքեր եւ պարսիկներ։ Հայկական մարզը ռուսահայութեան համար կը սկսի դիտարկուիլ որպէս հայութեան նոր կեդրոն։ Արդիւնքին մէջ ընդհանուր բնակչութեան թիւը կը հասնի 160 հազարի, որմէ հայերը արդէն կը կազմէին մեծամասնութիւն՝ 52 տոկոս։

Երեւանի նահանգ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կարմիր կամուրջ, Երեւան

Նիկոեայ Ռոմանով կայսին հրովարտակով Հայկական մարզի տարածքը եւ Ալեքսանդրապոլի գաւառը 1849 թուականին կը կազմաւորեն վարչատարածքային մէէկ միաւոր՝ Երեւանի նահանգ՝ Երեւան կեդրոնով։ Այս մէկը գոյութիւն կ՝ ունենայ շուրջ 70 տարի՝ 1849-1918 թուաանները։ Մարզի տարածքը կազմած է շուրջ 28 000 քառ.կմ, ՝ զբաղեցնելով Մեծ Հայքի Այրարատ նահանգի արեւմտեան շրջաններները՝ Շիրակի դաշտը, Արարատեան դաշտը, Արարատ եւ Արագած լեռները, Սեւանի աւազանը, Կոտայքը եւ Նախիջեւանը։ Արեւելեան Հայաստանի միւս տարածքները կը մտնեն այլ միաւորներու մէջ։ Մասնաւորապէս Տաւուշը, Շակաշենը, Գարդմանը, Արցախը, Սիւնիքը կը մտնեն Ելիզավետպոլի նահանգի մեջ, իսկ Բորչալուի (Լոռի) ու Ախալքալաքի (Ջաւախք) գաւառները՝ Թիֆլիսի։ Արեւելեան Հայաստանի միւս տարածքները՝ Վասպուրականի արեւելքը եւ Պարսկահայք կը շարունակէին մնալ շահական Պարսկաստանի կազմին մէջ։

Երեւանի նահանգը Ռուսական կայսրութեան ամենասահմանային միաւորն էր Անդրկովկասի մէջ. զայն կը սահմանակցէր եւ՛ Թուրքիոյ, եւ՛ Իրանի հետ։

Ղանթարի շուկան (Կոմայգի)

Աշխարհագրական առումով Երեւանի նահանգը կը գտնուէր Անդրկովկասի, այժմ՝ Հարաւային Կովկասի կեդրոնական մասին մէջ՝ 41°7' եւ 38°52' հս.լ.եւ 60°56' եւ 63°54' արլ.ե.։ Հիւսիսէն կը սահմանակցէր Թիֆլիսի, արեւելքի՝ Ելիզավետպոլի նահանգներու, իսկ արեւմուտքէն՝ Օսմանեան կայսրութեան, 1878 թուականէն սկսած՝ Կարսի մարզի հետ։ Հարաւէն Իրանի սահմանն էր, որ կ՝ եզերուէր Արաքս գետով։ Նահանգի կեդրոնին կը գտնուէին Արարատ լեռը եւ ամբողջ Արարատեան դաշտը։ Երեւանէն բացի՝ կարեւոր քաղաքներ էին Ալեքսանդրապոլը, Նախիջեւանը, Նոր Բայազետը եւ Վաղարշապատը։ Սկզբնական շրջանին քաղաքները ունէին փոքրաքանակ բնակչութիւն։

1880-90-ական թուականներէն սկսած՝ կապուած Ռուսական կայսրութեան ընդհանուր զարգացման հետ, քաղաքները կը մեծնան, կապ կը հաստատեն միւս նահանգային կեդրոններու՝ Թիֆլիսի, Քութայիսի, Ելիզավետպոլի ու Բաքուի հետ։

Երեւանի բերդը (գինիի գործարան)

19-րդ դարու վերջը կը կառուցուի անդրկովկասեան երկաթուղին. Թիֆլիսէն երկաթգիծը 1897 թուականին կը հասնի Ալեքսանդրապոլ, որ կը դառնայ երկաթուղային կեդրոն. 1899 թուականէն արդէն կը գործարկուէին Ալեքսանդրապոլ-Կարս եւ 1901 թուականէն Ալեքսանդրապոլ-Երևեւան երկաթուղիները։ 1906 թուականին կը գործարկուի Երեւան-Ջուղա երկաթուղին։ Երեւանը կապկը հաստատէ Իրանի հետ։ Կը բարեկարգուին նահանգային եւ պետական նշանակութեան խճուղիները։ Քաղաքներու միջեւ կ՝ աշոյժանանյ առեւտուրը, կրկին կը զարգանան արհեստները, սկիզբ կ՝ առնէ արդիւնաբերութիւնը։ Կը գործարկուի առաջին ջրաէլեկտրակաեանը։ Կը հաստատուի միջքաղաքային հեռախօսային եւ հեռագրային կապ։ Աւելի ուշ Անդրկովկասեան երկաթուղին կը միացուի ռուսական երկաթուղային ցանցին, եւ Երեւանը կապ կը հաստատէ Մոսկուայի եւ Սանկտ Պետերբուրգի, իսկ սեւծովեան նաւահանգիստ Պաթումի միջոցով՝ Միջերկրական ծովու աւազանի երկրներու հետ։ Երկաթուղիէն բացի Երեւանի մէջ կը հաստատուի հեռագրակապ, հեռախօս։ Երկաթուղին քաղաքին կը կապուի ձիաքարշով։

Երեւանի ընդարձակումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երեւանի Սուրբ Պողօս-Պետրոս եկեղեցին (Մոսկուա կինոթատրոն)

Երեւանը արեւելեան քաղաք էր՝ իր նեղ, ծուռումուռ փողոցներով, կավէ ու մանր քարերով կառուցուած տնակներով, շուկաներով ու բաղնիքներով, եկեղեցիներով ու մզկիթներով։ Երեւանի փողոցներու լայնութիւնը չէր գերազանցեր 3-4 մեթրը։ Դեռեւս 1832 թուականին բացուած էր Երեւանի գաւառական, 1837 թուականին՝ հոգեւոր թեմական դպրոցները, 1850 թուականին՝ իգական ուսումնարանը։ 1856 թուականին կը հաստատուի քաղաքի առաջին հատակագիծը։ 1860 թուականին Նորքի մէջ կը բացուի ծխական դպրոց։ 1863 թուականին բացուած է Աստաֆեան (այժմ՝ Աբովեան) փողոցը, մինչեւ դարավերջ՝ նաեւ զուգահեռ եւ ուղղահայաց այլ փողոցներ, որոնք կեդրոնը կը ստեղծեն դրանսբորդային ուղիներու փոքրիշատէ կանոնաւոր ցանց։ 1866 թուականին կը բացուի Երեւանի Գայանեան օրիորդաց ուսումնարանը։

Հաշուի առնելով քաղաքային բնակավայրի արագ աճը՝ Ռուսական կայսրերը պատշաճ ուշադրութիւն կը դարձնեն Երեւանին։ Նահանգապետէն եւ նահանգային խորհուրդէն զատ՝ 1879 թուականին հատուկ հրովարտակով կը հիմնուի քաղաքագլուխի պաշտօնը, որ պէտք է վարէին հայերը։ Առաջին քաղաքապէտը կը նշանակուի Յովհաննէս Ղորղանեանը։ Ընդհանուր առմամբ՝ կայսրութեան իշխանութեան տարիներուն Երեւանի մէջկը նշանակուի տասը քաղաքագլուխ։

Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին (Չարենցի անուան դպրոց)

Երեւանի առաջին քաղաքագլուխներու օրով քաղաքը կը շարունակէ իր տնտեսական ու մշակութային վերելքը։ 1881 թուականին, կը բացուի Երեւանի ուսուցչական սեմինարիան, որ այժմ յայտնի է որպէս ԵՊՀ «սեւ մասնաշէնք»։ Նոյն տարին կը գործարկուի Երեւանի գարեջուրի գործարանը։ 1887 թուականին, կը հիմնադրուի Թաիրեանի օղիի, սպիրտի եւ գինիի գործարանը։ 1890 թուականին Թաիրեանի գործարանը գնած է ռուս ֆաբրիկանտ Շուստովը եւ, մեծ ներդրումներ կատարելով, տասնապատկուած է քոնեակի արտադրութիւնը։ 1892 թուականին կը գործարկուին հանքային ջուրերու եւ օշարակի, 1893 թուականին՝ Աֆրիքեանի եւ Գիւլազեանի, 1894 թուականին՝ կը բացուի Սարաջեւի գինու-քոնեակի գործարանը։

Քաղաքին մէջ կը կառուցուին նոր եկեղեցիներ, կը վերակարուցուին հիները։ Հայկական եկեղեցիներէն ամենագեղեցիկը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին էր։ Կը կառուցուին նաւ ռուսական երկու ուղղափառ եկեղեցիներ՝ Սուրբ Նիկոլայ եւ Սուրբ Աստուածածին։ Անոնցմէ վերջինը նախատեսուած էր Երեւանի ռուսական կայազորի զինուորներու համար։

Անդրկովկասի մէջ սկսած էր երկաթուղիի շինարարութիւնը։ 1899 թուականին կը գործարկուի Ալեքսանդրապոլ-Կարս եւ 1901 թուականին Ալեքսանդրապոլ-Երեւան երկաթուղիները։ Այսպիսով, Երեւանը կապ կը հաստատէ արտաքին աշխարհի հետ։ 1906 թուականին կը գործարկուի Երեւան-Ջուղա երկաթուղին։

Երեւանի հրապարակը (Հանրապետութեան հրապարակ)

Երեւանի մէջ կը գործարկուի առաջին ջրաէլեկտրակաեանը։ Կը հաստատուի միջքաղաքային հեռախօսային եւ հեռագրային կապ։ 1907 թուականին Երեւանը մասամբ էլեկտրաֆիկացուած է, 1913 թուականին՝ հեռախօսաֆիկացուած։ 1912 թուականի ջրմուղով խմելու ջուր բըրուած է «Քառասուն աղբիւրներ»-է։ Քաղաքին մէջ կը գործէր ելէկտրական տրամուայ, ձիակառք։ Բացուած էին նոր խանութներ, հիւրանոցներ։ Քաղաքի համար նորութիւն էր London և Grand հիւրանոցներու բացումը։ 1913 թուականին Երեւան մտած է առաջին ինքնաշարժը։ Քաղաքային տնտեսութեան բարգավաճումը մեծապէս կապուած է նշանաւոր Մելիք-Աղամալեաններու տոհմի հետ, որուն 2 ներկայացուցիչները՝ Յովհաննէսը եւ Իսահակը, երկար տարիներ եղած են Երեւանի քաղաքագլուխները։

Դեռ 1913 թուականին Երեւանի բնակչութիւնը անցած էր 35 000-ը. այս քաղաքի՝ աւելի քան երկու հազար հինգ հարիւրամեայ պատմութեան ընթացքին առաւելագոյն բնակչութիւնն էր։ Հայերը կը կազմէին Երեւանի բնակչութեան շուրջ երկու երրորդը, կովկասաբնակ թուրքերը ամենախոշոր ազգային փոքրամասնութիւնն էին։ Ռուսների թիւը Երեւանի մէջ հասած էր շուրջ հինգ հազարի։ Որոշակի տոկոս կը կազմէին նաեւ ասորիները, յոյները, վրացիները, գնչուները, քիւրտերը։

Երեւանի թաղերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Բերդ։ Հին Երեւանի կերպարին ուրոյն տեղ կը գրաւէ Բերդը, որուն հետ շատ բանով կապուած եղած է Կոնդը։ Ի դէպ, Բերդը քաղաքի տեղագրական կեդրոնին մէջ չ եղած, կառուցուած է տասնվեցերորդ դարու վերջերուն։ Բերդը եղած է Երեւանի Սարդարի աթոռանիստը։ Բերդը ինքնին փոքր քաղաք մը եղած է եւ ունեցած իր բնակչութիւնը, մշտական բնակիչները եղած են մուսուլմանները։ Կոնդեցի հայերը Բերդին մէջ միայն խանութներ ունեցած են։ Երբ աշխատանքը Բերդին մէջ կ՝ աւարտէր, հայերը պարտաւոր էին թողել բերդը։ Երեւանի Բերդը իր ժամանակին եղած է անառիկ.ան երեք կողմէ պարսպապատ էր, իսկ արեւմտեան կողմէն՝ Զանգուի անդնդախոր ձորն էր։ Հետեւապէս արեւմտեան կողմէն պարսպապատելու անհրաժեշտութիւն չէ եղած։ Դարեր շարունակ թուրք փաշաները եւ պարսիկ խաները միջոցներ չեն խնայած, որպէսզի Երեւանի Բերդը դառնայ անառիկ ռուսական զորքերու համար։ Բերդոին մէջ կը գտնուի Սարդարի պալատը, որ կը նայէր Հրազդանի վրայ, ունէր իր ժամանակի համար գեղեցիկ դահլիճներ։ Անոնցմէ մէկուն մէջ առաջին անգամ, բեմադրուած է Ա. Ս. Գրիբոյեդովի «Խելքից պատուհաս» անմահ կատակերգութիւնը, որուն ներկայ եղած է հեղինակը։ Բեմադրուած է ռուսական զինուորական կաեազորի ուժերով։ Այդ մասին կը վկայէ մարմարեայ յուշատախտակը, որ փակցուած է Երեւանի «Արարատ» գինիի կոմբինատի պատին։ Երեւանի բերդի տեղին մէջ այժմ կը գտնուի «Արարատ» գինիի գործարանը իր հսկայական նկուղներով։ Հրազդանի աջ ափին, երբեմնի Երեւանի բերդի դիմաց. Սարդարի պալատի հանդիման տարածուած է ընդարձակ խաղողի այգի մը։ Այդ այգին ժողովուրդի մօտ յայտնի է «Սարդարի բաղ» անուամբ։ Այս անունը կապուած է Երեւանի սարդարի անուան հետ, որուն ալ կը պատկանէր այգին։
Գեթսեմանի մատուռ (Օբերայի եւ Բալէտի Ազգային Ակադեմիական Թատրոն)
  • Կոնդ. անուանումը տրուած է իր բարձր դիրքի պատճառով։ Պարսից տիրապետութեան ժամանակ այդ թաղի անունը փոխուած է եւ կոչուած «թափաբաշ», որ եւ Կոնդ բառի թարգմանութիւնն է։ Կոնդը եղած է քաղաքի ոչ միայն ամենահին, այլեւ հայաբնակ թաղամասերէն մէկը. միաժամանակ հանդիսացած նանոր պատմական կորիզը։ Կոնդի կազմի մէջ մտած են Ձորագիւղը, Հրազդանի ձորի այգիները եւ Դալման։
  • Ձորագիւղ. Կ՝ ըզբաղեցնէր Հրազդան գետի ձախափնեայ մասը, այն ձորափեշերը, որոնք ինկած են Յաղթանակի կամուրջէն դէպի վեր։ Պարսիկներու օրով այս թաղին ալ նոր անուն տրուեցաւ՝ «Դարա-Քեանդ», որ փաստօրէն հայերէն Ձորագիւղի թարգմանութիւնն է։ Ձորագիւղի մէկ մասը վերականգնուած է։ Կը նախատեսուի այստեղ վերակառուցել Հին Երեւանը։ Վերականգնուած թաղամասին մէջ կ՝ առանձնանայ մեծատաղանդ հայ ռեժիսոր Սերգէյ Փարաջանովի տուն-թանգարանը։
  • Նոր Թաղ. այժմեան Թումանեանի տուն-թանգարանի շրջակայքը։ Նոր կը կոչուէր, որովհետեւ այստեղի հայ բնակիչները, 1828 թուականի Թուրքմենչայի պայմանագրէն ետք, եկած էին Ատրպատականէն)։ Այդտեղ կը գտնուի մինչ այժմ կանգուն Սուրբ Զօրաւոր Աստուածածին եկեղեցին։
  • Քարահանք. Երեւանի հարաւարեւելեան մասին մէջ էր։ Պարսից տիրապետութեան օրով՝ փոխուեցաւ եւ կոչուեցաւ «Դամըռ–Բուլաղ», որ բառացի կը նշանակուի «երկաթ-աղբիւր»։ Թաղամասը մուսուլմանաբնակ էր։
  • Դալմա։ Դալմայի այգիները ինկած էին Հրազդան գետի աջ ափին՝ բուն Երեւանէն դուրս։ Թաղը հռչակուած էր իր ընտիր խաղողով ու միրգերով։
  • Դաւա-Յաթաղ. հայերէն թարգմանենք՝ կ՝ըլլայ «ուղտերու ննջարան» կամ «ուղտերու կացարան»։ Ուղտերու կարավաններու բերած բարիքները քաղաքի գործարար մասին հանձնելէն եւ նորը ստանալէն ետք, վաչառականները կը գերադասեն երթալ ծայրամաս, ուր եւ՛ հով եղած, եւ իջեւանները մատչելի։ Այդ վայրը քաղաքի այժմեան Սարի–թաղին հարող եւ Նար-Դոսի փողոցէն այն կողմը ինկած բարձրադիր հատուածն է։
  • Շիլաչի. արհեստաւորներու ու մանր առեւտրականներու թաղամաս։
  • Ղանթար. հին Երեւանի շուկան, որու տեղին մէջ այժմ Երեւանի Կոմայգին է։ Ան պարսկական տիրապետության տարիներուն կոչուեցաւ «Ղանթար»՝ «շուկայի մեծ կշեռք»։ Այդ շուկային մէջ եղած է Երեւան քաղաքի ամենամեծ կշեռքը՝ ղանթարը, որ կը պատկանէր քաղաքի վարչութեանը։ Քաղաքի մեծածախ առեւտուրը կը կատարուէր «ղանթարով»։ Անոր տիրոջն կը պատկանէր կշռելու մենաշնորհը, ի հարկ է ապրանքատիրոջմէ գանձելով համապատասխան գումար։ Հետագային Ղանթարի գտնուած վայրին մէջ կառուցուեցաւ ծածկած շուկայ, որ նոյնպէս Ղանթար կոչեցաւ։ Իսկ երբեմն ալ կը կոչէին ուղղակի «Ղանթարի տակ»։
  • Բուլուար։ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակէն դէպի քաղաքապետարան ինկած ընդարձակ, երկայնաձիգ ծառուղի կը կոչուէր Բուլուար։ Երեւանի մէջ «բուլուար» կը կոչուէր քաղաքի կեդրոնական զբոսայգին։ Ժամանակին Երեւանը փոքր էր, իսկ բուլուարն ալ իր դիրքով քաղաքի նկատմամբ կեդրոնական դիրք ունէր։ Բուլուարի մէջ ջրավաճառութեամբ կ՝ ըզբաղէին բազմաթիւ պատանիներ։ Զայն կը կապէր Ղանթարը քաղաքի կերոնին՝ Շահարին։ Այստեղ կը կառուցուի Սուրբ Նիկոլայ ռուսական եկեղեցին։ Եկեղեցին խորհրդային իշխանութեան տարիներուն ամբողջութեամբ ոչնչացուած է, եւ իր տեղին այժմ կանգնած է Ստեփան Շահումեանի յուշարձանը։

Հին Երեւանը՝ մայրաքաղաք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայաստանի առաջին հանրապետութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երեւանը առաջին աշխարհամարտէն ետք

28 Մայիս 1918-ին՝ մայիսեան հերոսամարտերու՝ Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի արդիւնքին մէջ ծնաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը։ Աւելի քան 400 տարի վարչաքաղաքական կեերոնի պատմութիւն ունեցող Երեւանը կը դառնայ նորանկախ հանրապետութեան մայրաքաղաքը։

30 Հոկտեմբեր 1918-ին Մուդրոսուի մէջ կնքուեցաւ զինադադար Անտանտի եւ Օսմանեան կայսրութեան միջեւ, որով վերջինս ճանչցաւ իր պարտութիւնը եւ դուրս եկաւ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն։ ԱՆոր հետ վերականգնեցուցին ՀՀ սահմանները՝ ներառելով Երեւանի նահանգը ամբողջութեամբ, Կարսի մարզի մեծ մասը, Ելիզաուետպոլի նահանգի լեռնային շրջանները՝ Սիւնիքը, Արցախը եւ Տաւուշը, Թիֆլիսի նահանգի հայկական տարածքները՝ Ախալքալաքը եւ Լոռին։

ՀՀ 1–ամեակի տոնակատարութիւնը

Երեւան կը տեղափոխուին վարչաքաղաքական մարմինները, կը բացուին հիւպատոսարաններ։ Երեւան բնակութիւն կը հաստատեն հարիւրաւոր հայեր՝ ոչ միայն Արեւելեան, այլեւ Արեւմտեան Հայաստանէն։ Անոնցմէ մասը մը գաղթականներ էին։ 1919 թուականին կը բացուի Երեւանի պետական համալսարանը։ Բազմաթիւ սփիւռքահայեր իրենց պատրաստակամութիւնը կը յայտնեն ներդրումներ կատարած նորանկախ Հայաստանի մէջ, իսկ ոմանք կը կտակեն իրենց ունեցուածքը։ 1920 թուականին Մոսկուայի մէջ սկսած էին հայ-ռուսական բանակցութիւնները։ Հոկտեմբերի կիսուն, թուրք-հայկական պատերազմի ժամանակ, Երեւանի մէջ սկսաւ բանակցութիւններու երկրորդ փուլը։ 28 Հոկտեմբերին ստորագրբւեցաւ հայ-ռուսական նախնական հաշտութեան պայմանագիրը, որու նախագիծով Ռուսաստանը պէտք է ստիպէր թուրքերուն զորքը ետ քաշել մինչեւ 1914 թուականի սահմանը, ինչպէս նաեւ ճանչնալ ՀՀ իրաւունքները Նախիջեւանի եւ Զանգեգուրի նկատմամբ։ Հայաստանը կը պարտաւորուէր հրաժարիլ Սեւրի պայմանագրէն եւ տարանցիկ ճանապարհի իրաւունք տալ խորհրդային Կարմիր բանակին՝ զորք, զէնք եւ ռազմամթերք փոխադրելու Թուրքիա։ Սակայն 31 հոկտեմբերին հայկական զորքը առանց դիմադրութեան թուրքերուն հանձնեց Կարսը։

Խորհրդային շրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աբբաս Միրզայի (Խանի) մզկիթ. քանդուած է խորհրդային իշխանութեան տարիներուն

Երեւանի պատմութեան մեջ առանձնահատուկ տեղ կը գրաւէ խորհրդային շրջանը։ ՀԽՍՀ ղեկավարները կը փորձէին Երեւանը գեղեցկացնել եւ աշխարհի այլ մայրաքաղաքներու շարքին մէջ իր անունը առանձնացնել։ Սարգիս Կասեանի օրով՝ 1920-1921 թուականներուն մեծ աշխատանք կատարուեցաւ արտադրական ձեռնարկութիւնները գործի գցելու, սովն ու համաճարակին վերջ տալու, դպրոցները բացուելու, ջրմուղը կարգի բերելու, փողոցներն ու հրապարակները մաքրելու համար։ Ալեքսանդր Մեասնիկեանի հրաւերով Հայաստան տեղափոխուած են եւ Երեւանի մէջ բնակութիւն կը հաստատեն նկարիչ Մարտիրոս Սարեանը, երգահան Ալեքսանտր Սպենդիարեանը, բանաստեղծուհի Շուշանիկ Կուրղինեանը, ճարտարապետ Ալեքսանտր Թամանեանը եւ շատ ուրիշներ։ Թամանեանին վիճակուած էր Երեւանի նոր հատակագիծի նախագծումը։

1921 թուականին կազմակերպուեցաւ «Արարատ» տրեստը, որ միաւորեց գինու-քոնեակի արտադրութեան ձեռնարկութիւնները։ 1924 թուականին հրապարակուեցաւ ՀԽՍՀ կառավարութեան որոշումը մայրաքաղաքին մէջ կառուցուող կեդրոնական հրապարակը Վ. Ի. Լենինի անունով կոչելու մասին։ Երեւանի մէջ բացուեցան թատրոններ, կինոստուդիա, համալսարանի մէջ բացուեցան նոր բաժիններ, բազմաթիւ արուեստագէտներ հիմնեցին խմբակներ ու միութիւններ։ 1926-1927 թուականներին շարք մտան շարք մը գործարաններ ու ֆաբրիկաներ։

1920-30-ականներին, Երեւանի մէջ քանդուեցան պատմական նշանակութիւն ունեցող շինութիւններէն հետեւեալ կառոյցները.

  • Սուրբ Պողօս-Պետրոս եկեղեցի, կառուցուած է 6-րդ դարուն, քանդուած է 1931-ին,
  • Սուրբ Աստուածածին Կաթողիկէ եկեղեցի, կառուցուած է 7-րդ դարուն, քանդուած է 1936-ին,
  • Երեւանի բերդ, կառուցուած է 1583-ին, քանդուած է 1930-ականներուն,
  • Գեթսեմանի մատուռ, կառուցուած է 1690-ականներուն, քանդուած է 1920-ականներուն,
  • Աբբաս Միրզայի մզկիթ, կառուցուած է 19-րդ դարուն, քանդուած է 1930-ականներուն,
  • Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, կառուցուած է 1900-ին, քանդուած է 1939-ին,
  • Սուրբ Նիկոլայ մայր տաճար, կառուցուած է 1904-ին, քանդուած է 1931-ին։

1933 թուականին սկսաւ կաուչուկի գործարանի շինարարութիւնը, որ դարձաւ ԽՍՀՄ հարուածային կառոյցներէն մէկը։ 1936 թ. Կառուցուեցաւ Քանաքեռգէսը։ Երեւանի մէջ ստեղծուեցաւ ժամանակակից քաղաքային տնտեսութիւն, ծաւալուեցաւ ջրմուղի, կոիւղու, բնակելի տուներու, դպրոցներու, վարչական շէնքերու շինարարութիւնը, գործարկուեցաւ տրամվայը։

Երեւանի Աստաֆեան, այժմ Աբովեան փողոցը

1932 թուականին բացուած է Օբերայի եւ բալէտի պետական ակադեմիական թատրոնը, 1933 թուականէն սկսած՝ պոլիտեխնիկական, թատերական, երաժշտանոցի, մանկավարժական եւ այլ հիմնարկները։ 1935 թուականի կը բացուի ԽՍՀՄ գիտութիւններու ակադեմիոյ հայկական մասնաճիւղը, որու հիման վրայ 1943 թուականին Յովսէփ Օրբելին եւ շարք մը հայ գիտնականներ պէտք է ստեղծէին ՀԽՍՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան։

1941 թուականի Յուլիս-Օգոստոսին հազարաւոր երնանցիներ մեկնեցին բանակ։ Երեւանի մէջ կազմաւորուեցան 89-րդ, 408-րդ եւ 261-րդ հայկական հրաձգային դիւիզիաները։ 89-րդ Հայկական հրաձգային դիւիզիան, որին Թամանեան թերակղզիի ազատագրման մարտերուն մէջ ցուցաբերած խիզախութեան համար ԽՍՀՄ զինուած ուժերու Գերագոյն գլխաւոր հրամանատարի հրամանով 1943 թուականին շնորհուեցաւ «Թամանեան» տիտղոսը, Գրոզնիի մատոյցներէն հասաւ Պեռլին։ Քաղաքի տնտեսութիւնը փոխադրուեցաւ ռազմական ռելսերի վրայ, շատ ձեռնարկութիւններ անցան ռազմական արտադրանքի թողարկման։ Աւելցուեցաւ քիմիական, մեքենաշինական, թեթեւ եւ սնունդի արդիւնաբերութեան արտադրանքը։ Պատերազմի ժամանակ շատ ընտանիքներ Երեւան էուակուացուեցին Լվովէն, Մինսկէն, Լենինգրադէն, Դոնի Ռոստովէն, Կրասնոդարէն, Արմավիրէն եւ այլ քաղաքներէն։

Հայրենական մեծ պատերազմէն ետք Երեւանի մէջ մնացած գերմանացի ռազմագերիները Հրազդան գետի վրայ կառուցեցին կամուրջ մը, որ կոչուեցաւ Յաղթանակի։ Ռազմագերիները կառուցուած են նաեւ Արարատ քոնեակի գործարանի շինութիւնները, եւ այլ կառոյցներ։ Երեւանի մէջ կը բացուի Յաղթանակի այգին, ուր նախ կը տեղադրուի Ստալինի արձանը, աւելի ուշ կը փոխադրուի Մայր Հայաստանի արձանով։

Երևանի Ցարսկայա, այժմ Արամի փողոցը

1950-ական թուականներուն սկսաւ նոր Երւանի պատմութիւնը։ Հայրենական մեծ պատերազմէն ետք Հայաստան հայրենադարձուած շուրջ 90 000 հայեր հաստատեցան Երեւանի մօտակայքին մէջ՝ հիմնելով Նոր Մալաթիա, Նոր Սեբաստիա, Նոր Արաբկիր եւ այլ բնակավայրեր, որոնք հետագային դարձան Երեւանի թաղամասերը։ Երեւանը անցաւ Հրազդան գետի աջ ափը եւ կառուցուեցաւ Աջափնեակ թաղամասը։ Մայրաքաղաքը ընդարձակուեցաւ քանի մը անգամ, կառուցուեցան նորանոր թաղամասեր, շինութիւններ։ Քաղաքին մէջ ծնաւ միլիոներորդ բնակիչը։

Այսօր Երեւանը ժամանակակից եւրոպական քաղաք է։ Հին Երեւանը՝ որմէ միայն շատ քիչ բանպահպանուած է խորհրդային եւ հետխորհրդային շրջանին կատարուած փոփոխութիւններու պատճաով, ամբողջութեամբ կը մտնէ քաղաքի 12 համայնքներէն մէկուն՝ Կեդրոնի մեջ։ Ամէն տարի քաղաքի գլխաւոր օդային դարպասը՝ Զուարթնոց միջազգային օդանաւակայանը, հարիւր հազարաւոր զբոսաշրջիկներ կ՝ ընդունի։

Ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան շրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փաւստոս Բիւզանդ փողոցը

1991-ի անկախութենէն , Երեւանի մէջ պահպանուած հին շէնքերու մեծ մասը քանդուած են կամ կերպարանափոխուած է՝ շէնքերու վրայ լրացուցիչ հարկեր կառուցելու միջոցով։[1]։ 19րդ դարուն կառուցուած շէնքերը որոնք հիմնականին տեղակայուած են այժմեան Արամի, Փաւստոս Բուզանդ, Եզնիկ Կողբացիի, Տերեան, Հանրապետութեան եւ Աբովեան փողոցներու երկայնքով, մեծ մասամբ կը գտնուին վթարային վիճակին մէջ։[2]

Վթարային կամ լրացուցիչ հարկերով կերպարանափոխուած շէնքերու շարքին են՝

  • Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան կառավարութեան շէնքը (կերպարանափոխուած),
  • Աֆրիքեաններու տունը (քանդուած է),
  • Արամ Մանուկեանի ապարած տունը (վթարային)։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]