Jump to content

Հին Բելա

Հին շրջան
Հին Բելա
Αρχαία Πέλλα
Հին Բելա․ բնակարանի մը խճաքարէ նախագաւիթ
Երկիր Յունաստան
Երկրամաս Մակեդոնիա
Հին Յունաստանի շրջան [[Մակեդոնիա (հին թագաւորութիւն)]]
Հիմնադրուած է՝ Ք․Ա․400
ԲԾՄ 38 մեթր
Խօսուող լեզուներ հասարակ յունարէն Ատիկէի բարբառ
Պաշտօնական կայքէջ pella-museum.gr

Հին Բելա (յուն․՝ Αρχαία Πέλλα)․ Մակեդոնիոյ հին շրջան։ Կը գտնուի Կեդրոնական Մակեդոնիա։ Հիմնուած է Ք․Ա․400-ին եւ եղած է Մակեդոնական թագաւորութեան մայրաքաղաք։

Պատմական տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բելայի հիմնադիրն է Արխելաոս Ա․ (Ք․Ա․413-Ք․Ա․399), իսկ ուրիշ աղբիւրներու համաձայն՝ Ամիտաս Գ․ (մահ․՝ Ք․Ա․370)։ Քաղաքը հիմնուած էր, որպէսզի Մակեդոնիոյ պետութեան մայրաքաղաքը դառնայ, սակայն Բելա մայրաքաղաք կը մնայ մինչեւ Հռոմէցիներուն գրաւումը։

Հռոմէացիները քաղաքը կը կողոպտեն ու կը քանդեն եւ ամբողջ հարստութիւնը Հռոմ կը փոխադրեն։ Աւելի ետք, երկրաշարժ մը կը կործանէ քաղաքը, որ սակայն կը վերակառուցուի։ Այս ուղղութեամբ, մօտաւորապէս Ք․Ա․180-ին Լուքիանոս Սամոսատեցին (Lucian of Samosata) իր արձանագրութիւններուն մէջ հետեւեալը գրած է՝ «չնչին քաղաք մըն է հազուագիւտ բնակիչներով» («είναι πια ασήμαντη και με λιγοστούς κατοίκους»)։

Բելայի մասին հնագոյն տեղեկութիւնները կը գտնենք՝

Ըստ Քսենոֆոնի, Բելա Ք․Ա․4-րդ դարասկիզբին Մակեդոնիոյ մեծագոյն քաղաքը եղած է եւ ներգրաուած էր այդ ժամանակաշրջանի արուեստագէտներ՝ Զեւքսիս գեղանկարիչը, Թիմոթէոս Միլիսեցին բանաստեղծը եւ Եւրիբիդիս որ մեռաւ երբ կը գրէր «Արխելաոս» ողբերգութիւնը։

Հին Յունաստանի պաշտամունքի վայրեր

Պահ մը քաղաքին բարգաւաճումը կանգ առած է, սակայն Փիլիպոս Բ․ թագաւորութեան ժամանակաշրջանին արագօրէն զարգացած է։ Բարգաւաճումը միայն պետութեան սահմաններէս ներս չի պատահած, այլեւ Ֆիլիպոս զարկ տուած է թագաւորութեան քաղաքական հզօրութեան։ Այդ ժամանակաշրջանին, Բելա կը հասնի իր բարգաւաճման գագաթնակէտին եւ կը դառնայ՝ «Մակեդոնական քաղաքներուն մեծագոյնը» (η μεγίστη τών εν Μακεδονία πόλεων" )․ Քսենոֆոն, «Յունական» (Ελληνικά V,2,13)։ Իսկ շնորհիւ Մեծն Աղեքսանտրի նուաճումներուն, Բելայի զօրութիւնը պետութեան սահմաններէն դուրսն ալ կը լսուի։

Բոլիվիոս եւ Թիթոս Լիվիոս իրենց արձանագրութիւններուն մէջ Բելան կը նշեն Մակեդոնական պատերազմներուն ընթացքին իբրեւ Փիլիպոս Ե․ եւ Բերսէաս Մակեդոնացիին թագաւորութեան կեդրոնը։

Հին Բելայէն կ՛անցնէր Հին Էղնանտիա ճամբան եւ այդ պատճառով Բելա եղած է կարեւոր կայան Դիրախիոնի եւ Թեսաղոնիկէի միջեւ։

Քաղաքը անկում կը ճանչնայ Ք․Ա․1-ին դարուն, հաւանաբար զօրաւոր երկրաշարժի մը պատճառով։

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]