Հիմար (անձնանուն)

Հիմար
Տեսակ Իգական անուն
Սեռ իգական
Նշանակութիւն հիմար
Ծագում
Ծագման լեզու հայերէն
Գիր Հայերէնի Այբուբեն
Կապուած յօդուածներ «Հիմար» սկսող էջեր

Հիմար, հայկական իգական անուն։ Յառաջացած է հայերէն հիմար բառէն։ Այս անուան համապատասխանում են յունական Σάλον եւ թուրքական Saloz անձնանունները, որոնք նոյնպէս կը նշանակեն հիմար։[1] Հիմար՝ Σάλος կը կոչուէին որոշ սուրբ մարդիկ, որոնք Քրիստոսի սիրով հիմար կը ձեւացնէին իրենց եւ որոնցմէ ամէնէն նշանաւորն է Սիմէոն Աղվաշը։[2]

Գործածութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հիմար Վանեցի - Լենկթեմուրի արշաւանքի ժամանակ ամուսինը սպաննուելով (1387)՝ կ՛երթայ քիւրտի մը քով եւ անոր կնոջ մօտ ծառայութեան կ՛անցնի։ Տիկնոջ մահէն ետք անոր կինը կը դառնայ՝ պահպանելով իր հաւատքը։ Տաճիկ մուղրիները կը պահանջեն, որ հաւատափոխ ըլլայ։ Հիմարը կը մերժէ եւ կը բաւարարուի միայն եկեղեցւոյ վրայ 3 քար նետելով։ Քսան տարի ետք կը մեկնի Մակու՝ որպէսզի ազատօրէն քրիստոնէութեան հետեւի, բայց զղջալով իր արարքին համար՝ կը վերադառնայ Վան եւ մուղրիներո կողմէն քարկոծմամբ կը նահատակուի (1418)։[3]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Հրաչեայ Աճառեան, Հայոց Անձնանունների Բառարան, հ. Գ, Երեւան, էջ 528։
  2. Sophocles 977 բ
  3. Նօտարք 47