Հէրքուլիս (ֆիլմ)

(Վերայղուած է Հէրքիւլիս (ֆիլմ)-էն)
Հէրքիւլիս
Hercules
Բեմադրիչ Ճոն Մասկըր, Ռոն Կլեմեթընս
Արտադրիչ Ռոն Կլեմեթընս, Ճոն Մասկըր
Թատերագիր Ռոն Կլեմեթընս, Ճոն Մասկըր, Տոնալտ Մաքիների, Պօպ Շոու, Այրըն Մակկի
Երաժշտութիւն Ալան Մենկըն
Արտադրող
ընկերութիւններ
Թողարկման
թուական
1997
Տեւողութիւն
93 Վարկեան
Երկիր ԱՄՆ
Լեզու Անգլերէն

«Հէրքիւլիս» (անգլերէն՝ Hercules), ամերիկեան գծաշարժական ֆիլմ մըն է, 1997 թուականին թողարկուած, հիմնուած է Հերակլէսի առասպելի վրայ։

Նիւթ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Զեւսի որդին՝ Հէրքուլիսը, որմով կ'ուրախանայ Օլիմփիաի ամբողջ բնակչութիւնը։ Հէյտիզ, Զեւսի եղբայրը եւ մեռեալներու աշխարհի տիրակալը, գոհ չէր Հէրքուլիսի ծնունթով։ Հէյտիզը կը կարգադրէ իր կամակատարները, կախարդ-փոխակերպութիւն Փէյնին եւ Փանիքին, գողնալ մանուկը եւ անոր դեղ տալ, սպասել, որ մինչեւ վերջ խմէ այն, որպէսզի սպաննուէր։

Կախարդները յաջողութեամբ կը կատարեն հանձնարարութեան առաջին մասը, բայց Հէրքուլիսը կը խմէ դեղը ոչ ամբողջութեամբ եւ անոր ուժի էական մասը կը մնայ իր հետ։ Փոքրիկին կը որդեգրեն անզաւակ Ալքմինն ու Ամֆիթրիօնը եւ երբ կախարդները ստանալով օձի կերպարանք՝ կը փորձեն խայթել Հէրքուլիսը, անոնք դժուարութեամբ կը փրկեն իրենք զիրենք եւ թուփերուն ետեւը կը փախչին։ Փէյնը եւ Փանիքը վերադառնալով իրենց նախկին կերպարանքին, կ'որոշեն չ'ըսել Հէյտիզին իրենց անյաջողութիւններուն մասին եւ կը վերադառնան Մեռեալներու աշխարհը։

Դառնալով դերահաս, Հէրքուլիսը կը սկսի ցոյց տալ իր գերմարդկային ուժը, եւ անոր պատճառով մարդիկ կը սկսին վախնալ իրմէ եւ փախչիլ։ Երբ պատանին պատահմամբ կ'աւերէ ամբողջ շուկան, խնամակալ ծնողները անոր կ'ըսեն, որ իրենց որդին չէ ան այլեւս։ Հէրքուլիսը կ'ուղղուի Զեւսին տաճարը՝ իմանալու ճիշդը իր ծննդեան մասին։ Անոր մտնելուն պէս՝ Զեւսի արձանը կը կենդանանայ, ինչ որ Հէրքուլիսը կը սարսափեցնէ, բայց Զեւսը զինք կը հանգստացնէ անոր ըսելով, որ Հէրքուլիսը իր որդին է։ Զեւսը կը բացատրէ իր զրուցակիցին, որ ան կարող չէր վերադառնալ Օլիմփիա, չի կրնար դառնալ Աստուած, եթէ չկատարէ հերոսական քայլ մը։

Օլիմփիաի տէրը իր որդիին կու տայ Փէկասուս ձին եւ ուղղութիւն կու տայ գտնելու համար այծամարդ Ֆիլոկդեդիսին՝ հերոս վերածողին։ Ֆիլոկդեդիսը կը կանչուի որպէս Ֆիլ։ Տարիներ մարզելէ ետք ուրիշ մարդիկ, հիասթափուած է ալ իր աշակերտներէն։ Ֆիլը կ'երազէր այնպիսի աշակերտի մասին, ով աստուածային աստղ կ'ըլլար։ Երբ Հէրքուլիսը կ'ըսէ Ֆիլին, որ ինքը Զեւսի որդին է, Ֆիլը կը ծաղրէ անոր։ Բայց Զեւսը կայծակ կը նետէ եւ կը պնդէ, թէ Հէրքուլիսին մարզէ անպայման։

Անկէ ետք քանի մը տարի Հէրքուլիսը Ֆիլի հետ կ'ուղղարկուի արկածներու որոնման, եւ առաջին արարքը այն կ'ըլլայ, որ Հէրքուլիսը մարդաձիէն պիտի փրկէ Մեկարան (անոր նաեւ Մեկ կ'անուանէին) անունով աղջկան։ Ան իր փրկողին թերահաւատօրեն կը վերաբերուի եւ Հէրքուլիսը կը սիրահարուի անոր հետ։ Ֆիլը նոր ծանօթին կասկածանքով այդ կ'ընդունի։ Հաջորդաբար կը պարզուի, որ Մեկը Հէյտիզի ստրուկն է, անոր շնորհիվ եւս մէկ անգամ ձեռք կը բերէ իր հոգին։ Իմանալով ով եկած է օգնելու իր ստրուկին, Հէյտիզը կը զայրանայ եւ նորէն կը պատժէ Փէյնը եւ Փանիքը, իսկ հետո ծրագիր մը կը մշակէ իր թշնամիին դէմ։

Այդ ժամանակ Հէրքուլիսը, Ֆիլը եւ Փէկասուսը կ'երթան Թիպզ, ուր մարդիկ անընդհատ կը յայտնուէին ամէն տեսակ դժուարութիւններու մեջ։ Հէրքուլիսը պետք է ազատէր անոնց այդ դժուարութիւններէն։ Հանկարծ կու գայ Մեկը եւ կ'ըսէ, որ երկու երեխաներ (իրականութեան մէջ Փէյնը եւ Փանիքը ուրիշ կերպարանքով) կ'անցնին տապալող ժայռի վրայէ։ Հէրքուլիսը ուրախութեամբ կը փրկէ «երեխաները», կը տեղափոխէ քարը, եւ այդպիսով կ'ազատէ անոնց։ Սակայն անոր համար եւս մէկ փորձութիւն կար սպաննել հայտրան։

Հրեշին սպանելու փորձերը անյաջողութեամբ կ'ընթանան։ Կտրելով մէկ գլուխը, կ'աճին եւս երեքը։ Վերջի-վերջոյ Հէրքուլիսը քարերով կը սպանէ հրեշը։ Անկէ ետք Հէրքուլիսը մեծ հեղինակութիւն ձեռք կը բերէ հաղթելով թշնամիներուն դէմ մեկը միւսին ետեւէն։ Բայց չի կրնար վերադառնալ Օլիմփիա, ան կը հասկնայ, որ տակաւին չէր կատարած այդ հերոսական քայլը, Աստուած դառնալու համար։

Այդպիսով՝ Հէյտիզ կը հրամայէ Մեկին՝ ձեւանալ, թէ սիրահարուած է Հէրքուլիսի հետ։ Մեկը Հէրքուլիսին ժամադրութեան կը կանչէ եւ կը փորձէ հասկնալ անոր թոյլ կողմերը, սակայն չի յաջողիր։ Անկէ ետք անոր մօտ զգացմունքներ կ'առաջանան դէպի Հէրքուլիս եւ մոյս խոսակցութեան ժամանակ Հէյտիզը կը պարզէ, որ Հէրքուլիսի թուլութիւնը Մեկն է։

Փէյնը եւ Փանիքը Փէկասուսին կը հրապուրեն ցգելով զինքը թակարդի մէջ, իսկ Հէյտիզը Հէրքուլիսին հետ գրաւի կու քայ, խոստտանալով սպանել Մեկը։ Հէյտիզը Հէրքուլիսի ուժերը կ'օգտագործէ։ Օգտուելով հերոսին ուժէն, ազատելով Մեկին, Հէյտիզը տղուն կ'ըսէ, որ Մեկը իրեն համար կ'աշխատի։ Հէյտիզը ազատ կ'արձակէ հսկաները, որոնք երկար տարիիներէ ի վէր բանտարկուած էին եւ անոնց կ'ուղղարկէր Օլիմփիաի վրայ, ավերելու հոն։ Սակայն Հէրքուլիսը կը հասնի եւ կը սպանէ այդ Թիթաննները։

Վերջին բաժնին մէջ՝ Հէրքուլիսը, Մեկը, Ֆիլը եւ Փէկասուսը կ'երթան Օլիմփիա, անոնց աստուածները ուրախութեամբ կ'ընդունին։ Բայց Հէրքուլիսը կը որոշէ մնալ աշվարհի վրայ, միայն այդ ձեւով Մեկը կրնար ապրիլ իր հետ։ Զեւսը կ'ընդունի իր որդիին ըսածը եւ անոր մարդ կը դարձնէ։[1]։

Երաժշտութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]