Հեմպըրկըր (Hamburger)

Հեմպըրկըր
Hamburger
NCI Visuals Food Hamburger.jpg
ԱՄՆ խոհանոց?
Ենթատեսակ Կերակրատեսակ եւ burger?
Առաջացման երկիր Flag of Germany.svg Գերմանիա
Flag of the United States.svg Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Անուանուած է Սենտուիչ եւ Համպուրկ
Բաղադրամասեր
Հիմնական բոկեղ, burger bun? եւ Բանջարեղէն

Հեմպըրկըր (անգլերէն՝ Hamburger), ուտեստ մը` կովու մանրածոյ, ապխտած միսով, սոխով եւ կսկուծի փոշիով։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

19-րդ դարուն Գերմանիայէն եւ արեւելեան Եւրոպայէն գաղթականներ կը հաւաքուէին Համպուրկ քաղաքը, ուրկէ կը մեկնէին Միացեալ Նահանգներ[1]:

Համպուրկ-Նիւ Եորք նաւային գիծին վրայ կը մատուցուէր յատուկ ուտեստ մը` կովու մանրածոյ, ապխտած միսով, սոխով եւ կսկուծի փոշիով: Միսի այդ «կտորը» այդքան ալ համեղ չէր, բայց երկար ժամանակ պահպանուելու առաւելութիւնը ունէր, իսկ երկու կտոր հացի մէջ` շատ գործնական եւ յարմար էր նաւու վրայ ուտելու համար:

Սկիզբը շրջիկ առեւտրականներու կողմէ, Նիւ Եորքի նեղ փողոցներուն մէջ, ձեռքի վրայ վաճառուող հեմպըրկըրը շատ չանցած որդեգրուեցաւ Ուայթ Քասըլ (1921), ՄաքՏոնալտ (1952), Պըրկըր քինկ (1954) արագ սնունդի ցանցերուն կողմէ:

Հեմպըրկըրը բարձր ջերմուժ կը պարունակէ. ան չափազանց յագեցած է իւղերով եւ շաքարով։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «hamburger | Search Online Etymology Dictionary»։ www.etymonline.com (անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2023-02-03