Jump to content

Հաւկիթ գնելու ճամբուս վրայ (մանկապատանեկան վիպակ)

Հաւկիթ գնելու ճամբուս վրայ
Հեղինակ Չի-Եուան Չէն
Թարգմանիչ Լուսինէ Խաչատուրեան
Ոճ Մանկապատանեկան վիպակ
Հրատարակուած Հայերէնով
Փետրուար 2020 Զարդիս (հայերէն)

Հաւկիթ գնելու ճամբուս վրայ. մանկապատանեկան վիպակ: Հեղինակն է Չի-Եուան Չէն բնակիչ Չինաստանի Հանրապետութեան (Թայուան)։ Վիպակը հայերէնի թարգմանուած է Լուսինէ Խաչատուրեան կողմէն Զարդիս Մատենաշար (օժանդակուած Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ)։

Վիպակը ընթերցողը կը հետեւի պզտիկ աղջիկի մը քայլերուն քաղաքի մը նեղլիկ փողոցներուն մէջ։ Միասին կը ներթափանցեն շուքերու եւ գոյներու աշխարհի մը, ուր զարմանալի բաներ կը պատահին։

Օր մը, Սիա-Իւն հօրը համար հաւկիթ գնելու գնաց։ Ճամբան զարմանալի բաներ տեսաւ…»։

Ստեղծարար գրագիտութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիրքը կը գործածուի հայկական դպրոցներուն մէջ նաեւ իբրեւ դասագիրք։ Պատրաստուած են յատուկ ստեղծարար գրագիտութեան նիւթեր (7 բաժիններով եւ 32 վարժութիւններով) եւ ուսուցիչի ուղեցոյց մը, որոնց կարելի է հասնիլ օգտագործելով զնտուկ դաստիարակչական կայքէջին ընծայած հնարաւորութիւնները (Սանդուխ, Զարդիս, Հաւկիթ գնելու ճամբուս վրայ, «վարժութիւններ» յղումին հետեւելով)։

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]