Հարկաւ (պարբերական)
Արտաքին տեսք
«Հարկաւ», հայերէն խմորատիպ պարբերական, լոյս կը տեսնէ Պոլսոյ մէջ։ Առաջին թիւը լոյս տեսած է 2025 թուականի Օգոստոսին։
Եսայեան Մշակոյթի եւ Գրականութեան Միութեան երդիկին տակ պատրաստուող «Հարկաւ»ը ընթերցողին կը հրամցնէ զանազան ոճերով արտադրութիւններ։
Վերնագիրին տակ կը տեսնենք «ֆանզին» գրութիւնը, որ զանազան լեզուներով կը նշանակէ «ոչ պաշտօնական հրատարակութիւն»։
Արեւմտահայերէն լեզուով լոյս տեսնող «Հարկաւ»ին մէջ երբեմն մասամբ Թրքերէն բացատրութիւններ ալ կը գտնուին։
Պարբերականը կը բովանդակէ պատմուածքներ, տարբեր գրութիւններ, գոլաժներ, մէջբերումներ, գծագրութիւններ, աշխատանոցներու շնորհիւ ստեղծուած արտադրանքներ, կտրօններ, մտածումներ, լուսանկարներ եւ այլ տեսակ-տեսակ համադրումներ[1]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Պոլիս լոյս կը տեսնէ նոր պարբերական մը՝ «Հարկաւ»»։ www.agos.com.tr (ամհարերեն)։ արտագրուած է՝ 2026-01-20