Jump to content

Հարաւային Ամերիկա

Բնակավայր
Հարաւային Ամերիկա
Ներքին բաժանում Արժանթին, Պրազիլ, Չիլի, Փերու, Քոլումպիա, Պոլիվիա, Վենեզուելա, Փարակուէյ, Էքուատոր, Կայանա, Ուրուկուէյ և Թրինիտատ[1]
Տարածութիւն 17 461 112 քմ²
Բնակչութիւն 438 104 941 մարդ (2025)[2]
Կը գտնուի ափին Ատլանտեան Ովկիանոս, Խաղաղական Ովկիանոս և Քարիպեան Ծով
Ժամային գօտի UTC−06:00, UTC-5, UTC−4?, UTC−3? և UTC-2?

Հարաւային Ամերիկա, ցամաքամասներէն մէկը, որ կը գտնուի Ատլանտեան եւ Խաղաղական ովկիանոսներու միջեւ՝ Երկիրին արեւմտեան կիսագունդին մէջ։

Հիւսիսէն կը կապուի Հիւսիսային Ամերիկային հետ՝ Փանամայի միջոցով։

Ընդհանուր Տուեալներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աշխարհագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ցամաքամասին հիւսիսէն հարաւ կ'երկարին Ամազոնի անտառները, որոնք աշխարհի «թոքերէն» կը համարուին, իսկ արեւմուտքէն կ'երկարի Անտեան լեռնաշղթան, որ կ'անցնի գրեթէ արեւմտեան բոլոր երկիրներէն:

Հոն է նաեւ Ամերիկայի ամէնէն բարձր գագաթը՝ Աքոնքակուան (6961 մ․, Արժանթին

Ցամաքամասը ունի բազմատեսակ կլիմայական գօտիներ՝ արեւադարձային, մերձարեւադարձային, լեռնային ու ձիւնաշերտ տարածքներ։

Գետեր ու Բնութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հարաւային Ամերիկայի ամէնէն նշանաւոր գետը Ամազոնն է՝ աշխարհի ամէնէն ջրառատ գետը։ Այլ կարեւոր գետեր են Օրինոքօն եւ Փարանա-Փարակուէյը։

Ցամաքասը ապաստան է հազարաւոր կաթնասուններու, թռչուններու, ծաղիկներու եւ միջատներու[3]։

Կալափակոս կղզիները, Ամազոնեան անտառները եւ Փանթանալի ճահիճները կենսաբանական առումով համաշխարհային ժառանգութիւններու կարգին են։

Պատմութիւն եւ Մշակոյթ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հինէն ի վեր ցամաքամասը բնակուած է բնիկ ժողովուրդներով, ինչպէս՝ Ինքաները, Մայաները, Չավիները եւ այլն[4]։

ԺԶ. դարէն սկսեալ սպանացի եւ փորթուկալացի գաղութարարները կը գրաւեն տարածքը՝ հիմնելով գաղութներ։ Գաղութային շրջանը կը տեւէ մինչեւ ԺԹ. դար, երբ անկախութեան շարժումները կը տարածուին եւ քանի մը նոր հանրապետութիւններ կը յառաջանան[5]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]