Հատիս (լեռ)

Հատիս, հանգած հրաբուխ Հայաստանի Կոտայքի մարզի Գեղամայ լեռներու հիւսիս-արեւմտեան կողմը, Կոտայքի սարաւանդի հիւսիս-արեւելք կողմը[1][2][3][4]։ Կը հանդիսանայ բնութեան յատուկ պահպանուող տարածք[2]։ Հատիս լեռին Բարձրութիւնն է՝ 2528 մեթր։ Կը գտնուի Կապուտան գիւղէն 2.5 ք.մ. հեռաւորութեան վրայ։ Հարաւային ստորոտէն սկիզբ կ'առնեն Քառասունակն կոչուող աղբիւրները։
Անուն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հատիս լերան առաւել տարածուած անունը Հատիս է։ Օգտագործուած են նաեւ Ատիս, Հադիս, ինչպէս նաեւ Շամիրամ, Շամիրամի լեռ անուանաձեւերը[3][4]։
Գոյութիւն ունին լերան «Հատիս» կամ «Հադիս» անուանաձեւերու ծագումին հետ կապուած շարք մը մեկնաբանութիւններ։ Անոնցմէ մէկուն համաձայն Հատիս անուան հիմքը կը կազմէ Պռյուքիական բնութեան մեռնող եւ յարութիւն առնող աստուծոյ՝ Ատտիսի անունը[3], որ իր դիցաբանական գործառոյթներով կը համապատասխանէ հայոց թագաւոր, աստուած Արա Գեղեցիկին։ Ներկայացուածէն ի յայտ կու գայ, որ լեռը նախապէս կապուած էր Արայի պաշտամունքին հետ։Լեռը ունի անուանումի այլ տարբերակներ եւս։ Կը կոչուի նաեւ Ատիս, Հադիս, Շամիրամի լեռ։
Լերան Շամիրամ անուան ծագումը պայմանաւորուած է Հատիսի՝ Արայի լերան դիմաց գտնուելու հանգամանքով եւ կը խորհրդանշէ Արա գեղեցիկի ու Շամիրամի աւանդապատումի ձեւաւորման ակունքները[4]։
Լերան վրայ կը գտնուին Շամիրամի բերդի աւերակները, կայ նաեւ փոքրիկ քարանձաւ մը:
Ֆիզիկաաշխարհագրական նկարագիր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լեռը կը հանդիսանայ հանգած հրաբուխ եւ ունի 2528 մ. բարձրութիւն։ Կոնաձեւ է, լանջերը կտրտուած են խոր ձորակներով, կան ժայռոտ ելուստներ։ Կազմուած է պալիոգենի լաւաներէ ու պեռլիտներէ։ Լանդշաֆտը լեռնամարգագետնային է[1][3][4]։
Հարաւային ստորոտի լաւային ծածկոյթի տակէն կը բխի եւ սկիզբ կ'առնէ Քառասունակն աղբիւրները, որոնք կը դասուին խմելու բարձրորակ ջուրերու շարքին։ Ընդհանուր ելքերը կը կազմեն մօտ 1450 լիթր/վայրկեան։ Ջուրը սառնորակ է (7, 3 - 9 °C)։ Այս աղբիւրներէն սկիզբ առած է 1912 թուականին Երեւան քաղաքի խմելու ջուրի առաջին ջրագիծը։ Ներկայիս Քառասունակնի ջուրերը նոյնպէս կ'օգտագործուին մայրաքաղաք Երեւանի բնակչութեան խմելու ջուր ապահովելու համար։ Քառասունակն ջուրերէն սկիզբ կ'առնէ նաեւ Գետառ գետը[1][3][4]։
2008 թուականէն, Հայաստանի կառավարութեան որոշումով կը հանդիսանայ բնութեան յատուկ պահպանուող տարածք[2]։
-
Տեսարան դէպի Գեղամայ լեռներ Արա լեռէն, առջեւի աջ կողմը Հատիս լեռն է, 04․11․2016թ․
-
Հատիս լեռը Գութանասարէն, 10․01․2021թ․
-
Տեսարան Հատիս լերան լանջէն
-
Քառասունակն աղբիւրներու վտակ մը
-
Հատիս լեռը Արամուս գիւղէն, 17․08․2012թ.
-
Հատիս լեռը Աբովեան քաղաքի մարզադաշտէն
-
Հատիս լեռը Երեւանի Աւան վարչական շրջանէն
Աւանդութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ըստ աւանդութեան այստեղ Արա Գեղեցիկը հանդիպած է Շամիրամին[3]։
Պատմամշակութային յուշարձաններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հատիս լերան գագաթին եւ լանջերուն կը գտնուին շուրջ 20 պատմամշակութային յուշարձաններ։ Լերան գագաթին կը գտնուի վաղ պրոնզէ դարու ամրոցի աւերակները։
Յիսուս Քրիստոսի Արձան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Համաձայն 2022 թուականի Յուլիսին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան՝ կառավարութիւնը դրական եզրակացութիւն տուած է Գագիկ Ծառուկեանի կողմէ մտայղացուած այն գաղափարին, ըստ որուն, Հատիս լերան գագաթին պիտի կառուցուի Յիսուս Քրիստոսը ներկայացնող հսկայական արձան[5]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 1,2 Հայաստանի Հանրապետութեան Ֆիզիկաաշխարհագրական օպյեկտներու համառօտ տեղեկատու-բառարան, Երեւան, «Գէոտեզիայի եւ քարտէզագրութեան կեդրոն ՊՈԱԿ», 2007 թուական։
- ↑ 2,0 2,1 2,2 Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան 14 oգոստոսի 2008 թուականի N 967-Ն որոշում Հայաստանի Հանրապետութեան բնութեան յուշարձաններու ցանկը որոշելու մասին, հաստատուած 1 Սեպտեմբեր 2008-ին վարչապետ Տ․ Սարգսեանի կողմէ (որոշման թուային տարբերակ), (արխիւացուած 10․07․2022թ․)։
- ↑ 3,0 3,1 3,2 3,3 3,4 3,5 Յակոբեան Թ. Խ., Մելիք-Բախշեան Ստ. Տ., Բարսեղեան Հ. Խ., «Հայաստանի եւ յարակից շրջաններու տեղանուններու բառարան», (խմբ. Մանուկեան Լ. Գ.), Երեւան, «Երեւանի Համալսարանի Հրատարակչութիւն», 2001 թուական։
- ↑ 4,0 4,1 4,2 4,3 4,4 Հատիս լերան մասին տեղեկութիւններ armgeo.am կայքին մէջ, (արխիվացված 10․07․2022թ․)։
- ↑ Յիսուս Քրիստոսի արձանը մեծապէս կը գրաւէ զբօսաշրջիկներու հետաքրքրութիւնը Հայաստանի նկատմամբ. Նիկոլ Փաշինեան