Հառաչանքներու Կամուրջը

(Վերայղուած է Հառաչանքներու Կամուրջ-էն)
Հառաչանքներու Կամուրջը:

Հառաչանքներու կամուրջ, (իտալ.՝ Ponte dei Sospiri), Վենետիկի կամուրջներէն մէկուն անուանումն է։

Կամուրջը կառուցուած է 1602-ին, Անթոնիօ Քոնթիին կողմէ եւ զարդարուած է պարոքոյի ոճով (արտասովոր մարգարտահատիկի ձեւ)։ Կամուրջը Իտալիոյ բանտը կապած է Իտալիոյ Փալազիօ Տիւքալ (Palazzo Ducale) պալատին, ուր կը գտնուի հսկայ դատարանը։

Հառաչանքները, որոնց պատճառով յառաջացած է կամուրջին անունը, շինուած են ոչ թէ սիրահարներուն համար, այլ բանտարկեալներուն, որոնք անցնելով այս կամուրջէն, վերջին անգամ տխուր հառաչանքով կը նայէին Վենետիկ քաղաքին[1]:

Համանուն կամուրջներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • «Հառաչանքներու կամուրջ» մը կը գտնուի նաեւ Քեմպրիճի մէջ (Անգլիա), որ կառուցուած է 1831-ին։ Այդ կամուրջը իր ձեւով չի նմանիր Վենետիկի համանուն կամուրջին, բայց զանոնք կը միաւորէ այն հանգամանքը, որ երկու կամուրջներն ալ ունին գեղեցիկ պատեր եւ տանիք։
  • Երկրորդ «Հառաչանքներու կամուրջ» մը կը գտնուի Օքսֆորտ եւ Հարթֆորտի մէջ: «Հառաչանքներու կամուրջը»ը այս կամուրջին ոչ պաշտօնական, սակայն ուղեցոյցներով նշուող անունն է։ Կամուրջը կառուցուած է 1914-ին։ Չափերով կը նմանի Վենետիկի Հառաչանքներու կամուրջին, սակայն ձեւով ու կերպով կը յիշեցնէ վենետիկի Ռիալտոյի կամուրջը։

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]