Jump to content

Հապըլ աստղադիտակը

«Հապըլ» Տիեզերական Աստղադիտակը, (Hubble Space Telescope -HST, կամ պարզապէս Հապըլ) տիեզերական աստղադիտակ մըն է, որ 1990 թուականին կ'արձակուի Երկիրին ցած ուղեծիրը եւ մինչեւ այսօր կը շարունակէ իր գործունէութիւնը։

Թէեւ անիկա առաջին տիեզերական աստղադիտակը չէր, սակայն կը նկատուի ամէնէն մեծերէն եւ բազմակողմանիներէն մէկը։ «Հապըլ»ը լայն ճանաչում շահած է իբրեւ աստղագիտութեան կարեւորագոյն հետազօտական գործիք եւ ՆԱՍԱ-ի հանրային հեղինակութեան նշանակալի ձեռքբերումներէն մէկը։ Ան իր անունը ստացած է աստղագէտ Էտուին Հապըլի անունէն եւ կը հանդիսանայ ՆԱՍԱ-ի Մեծ Աստղադիտարաններ (Great Observatories) ծրագիրին մասերէն մէկը։

Տիեզերական Աստղադիտակի Գիտական Հիմնարկը (Space Telescope Science Institute- STScI) կ'ընտրէ «Հապըլ»ի դիտարկման թիրախները եւ կը մշակէ ստացուած տուեալները, մինչդեռ Կոտըրտ Տիեզերական Թռիչքներու Կեդրոնը (Goddard Space Flight Center - GSFC) կը վերահսկէ աստղադիտակին գործունէութիւնը։

«Հապըլ» օժտուած է 2.4 մեթր տրամագիծ ունեցող գլխաւոր հայելիով, իսկ անոր հինգ հիմնական գործիքները դիտարկումներ կը կատարեն ելեկտրամագնիսական անդրամանիշակագոյն լուսացիր, տեսանելի եւ մօտ ենթակարմիր տիրոյթներուն մէջ։ Երկիրին մթնոլորտէն դուրս գտնուող անոր ուղեծիրը կարելիութիւն կու տայ ստանալու բացառապէս բարձր լուծաչափով պատկերներ՝ զգալիօրէն նուազ լուսաւորութեամբ, քան ցամաքային աստղադիտակները։

«Հապըլ» արձանագրած է տեսանելի լոյսով ստացուած ամէնէն մանրամասն պատկերներէն շատերը՝ մարդկութեան ընծայելով տիեզերքի խորքերը դիտելու աննախընթաց հնարաւորութիւն։ Անոր բազմաթիւ դիտարկումները յանգեցուցած են աստղագիտութեան մէջ հիմնարար յայտնագործութիւններու, որոնցմէ մէկը տիեզերքի ընդարձակման արագութեան ճշդումն է։

«Հապըլ Տիեզերական Աստղադիտակ»ը 1970-ական թուականներուն կառուցուած եւ նիւթապէս հովանաւորուած ՆԱՍԱ-ի կողմէ՝ Եւրոպական Տիեզերական Գործակալութեան (ESA) մասնակցութեամբ։ Նախատեսուած էր զայն արձակել 1983 թուականին, սակայն ծրագիրը կը յետաձգուի բազմաթիւ արհեստագիտական դժուարութիւններու, նիւթական խնդիրներու եւ 1986 թուականի «Չելենճըր» տիեզերանաւի աղէտին պատճառով։

Վերջապէս, 1990 թուականին «Հապըլ» կ'արձակուի «STS-31» առաքելութեամբ։ Սակայն կարճ ժամանակ ետք կը յայտնաբերուի, որ անոր գլխաւոր հայելին սխալ կերպով յղկուած էր, ինչ որ յառաջացուցած էր գնդաձեւ շեղում (spherical aberration) եւ սահմանափակած էր աստղադիտակին կարողութիւնները։ Այս թերութիւնը ամբողջութեամբ կը շտկուի 1993 թուականին իրականացուած «STS-61» սպասարկման առաքելութեան ընթացքին։

«Հապըլ» մինչեւ այսօր միակ աստղադիտակն է, որ ի սկզբանէ նախագծուած էր տիեզերքի մէջ տիեզերագնացներու կողմէ սպասարկուելու համար։ Տիեզերանաւային մաքոքներու (տիեզերական փոխադրանաւ) հինգ առաքելութիւններու ընթացքին աստղադիտակը կը նորոգուի, կ'արդիականանայ եւ կը փոխարինուին անոր տարբեր համակարգերը, ներառեալ հինգ հիմնական գիտական գործիքները։ Հինգերորդ սպասարկման առաքելութիւնը սկզբնապէս կը չեղարկուի անվտանգութեան նկատառումներով՝ 2003 թուականի «Քոլոմպիա» տիեզերանաւի աղէտէն ետք։ Սակայն ՆԱՍԱ-ի տնօրէն Մայքըլ Տ. Կրիֆընի հաստատումէն ետք, առաքելութիւնը կ'իրականացուի 2009 թուականին։

«Հապըլ» 2020 թուականի Ապրիլին կ'ամբողջացնէ իր գործունէութեան երեսուն տարին, եւ մասնագէտները կը կանխատեսեն, որ ան կրնայ շարունակել գործել մինչեւ 2030-2040 թուականները։

«Հապըլ» ՆԱՍԱ-ի Մեծ Աստղադիտարաններ ծրագիրին տեսանելի լոյսի աստղադիտակն է։

«Հապըլ»ի յաջորդը՝ միջին ենթակարմիր մինչեւ տեսանելի լոյսի տիրոյթին մէջ դիտարկումներ կատարելու համար, Ճէյմզ Ուէպպ Տիեզերական Աստղադիտակը (James Webb Space Telescope - JWST) կ'արձակուի 25 Դեկտեմբեր 2021 թուականին[1]։ Անոր պիտի յաջորդէ «Նենսի Կրէյս Ռոմըն» Տիեզերական Աստղադիտակը, որուն արձակումը նախատեսուած է 2026 թուականին[2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]