Jump to content

Հաշմանդամներու Իրաւունքներու Համար Պայքարի Միջազգային Օր

Հաշմանդամներու իրաւունքներու համար պայքարի միջազգային օր, միջազգային օր, կը նշուի ամէն տարի՝ 5 Մայիսին[1]։

Այս օրը, 3 Դեկտեմբերին նշուող Հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու միջազգային օրուան հետ միասին, նպատակ ունի մարդոց ուշադրութիւնը հրաւիրել հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու իրաւունքներու պաշտպանութեան հետ կապուած խնդիրներու վրայ, քանի որ անոնց աշխատանքի, մատչելի ենթակառուցուածքներու, կրթութեան իրաւունքը շատ հաճախ չեն յարգուիր նոյնիսկ տնտեսապէս զարգացած երկիրներուն մէջ[2][3]։

«Հաշմանդամներու իրաւունքներու համար պայքարի միջազգային օրուայ» պատմութիւնը կը սկսի 5 Մայիս 1992-էն։ Այդ օրը տասնեօթ երկիրներէ հաշմանդամութիւն ունեցող մարդիկ միաժամանակ անցուցած են հաւասար իրաւունքներու համար պայքարի եւ հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու իրաւունքներու ոտնայարման դէմ պայքարի առաջին համաեւրոպական օրը։ Այդ ժամանակուընէ տարբեր երկիրներու մէջ 5 Մայիսին պարբերաբար տեղի կ՚ունենան նմանատիպ միջոցառումներ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Международный день борьбы за права инвалидов — 5 мая. История и особенности праздника в проекте Календарь Праздников 2010
  2. «5 мая – Международный день борьбы за права инвалидов»։ РООИ «Перспектива։ 2007 թ․ մայիսի 4։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009 թ․ ապրիլի 25-ին։ արտագրուած է՝ 2009 թ․ մայիսի 5 
  3. «Международный день борьбы за права инвалидов: российская специфика»։ «Коллективное Действие»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012 թ․ մայիսի 24-ին։ արտագրուած է՝ 2009 թ․ մայիսի 5