Հայ աղբրտիք (Նշան Պէշիկթաշլեան)
Հայ Աղբրտիք հայկական գրականութեան կարեւոր գործ մըն է՝ պատմուածքներու շարք մը, որուն հեղինակն է Նշան Պէշիկթաշլեանը՝ հայ գրող եւ երգիծագիր։[1][2]
Ընդհանուր Նկարագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այս գիրքին մէջ հեղինակը կը ներկայացնէ Պատմական Հայաստանի տարբեր քաղաքներէն եկող հայերը՝ անոնց բնաւորութիւններով, նկարագրային գիծերով եւ սովորութիւններով հանդերձ։ Գործը կարելի է բնութագրել որպէս էթնոգրաֆիական ուսումնասիրութիւն մը՝ երգիծական ոճով ներկայացուած։[1][2]
Բովանդակութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գիրքին մէջ հերթաբար ներկայացուած են հետեւեալ քաղաքներու բնակիչները՝ պոլսեցիներ, վանեցիներ, ակնցիներ, կեսարացիներ, իզմիրցիներ, չէնկիլեցիներ, խարբերդցիներ, ատափազարցիներ, գոնիացիներ, պարտիզակցիներ եւ տարօնցիներ։[1][2]
Նշան Պէշիկթաշլեան մանրամասն կերպով կը նկարագրէ իւրաքանչիւր խմբի դրական եւ ժխտական յատկանիշները, սովորութիւնները եւ ազգին նկատմամբ մօտեցումները։[1][2]
Հայու Ընդհանուր Յատկանիշները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վերջին ներկայացուողը կ՛ըլլայ հայը՝ իր ընդհանուր յատկանիշներով։ Հեղինակը կը շեշտէ, որ հայը չես կրնար սպաննել սուրով ու հուրով, այլ նպաստ տալով։ Ան նաեւ կ՛ընդգծէ, որ հայուն ազգային ինքնութիւնը կը հասկցուի այն ատեն, երբ ան օտար լեզուներ գիտնալով հանդերձ չի հեռանար Մեսրոպի աննման գիրերէն։[1][2]
Գրական Ոճ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գիրքին վերջին մասին մէջ հեղինակը կը գործածէ բանիմացական ներկայացման մեթոտ՝ անգլիացի գրող մը բերելով որպէս պատկեր։ Այս մեթոտով ան կը ցոյց տայ քաղաքակիրթներու եւ վայրենիներու միջեւ առկայ տարբերութիւնը, ինչպէս նաեւ կենդանիներու ճամբով կը ծաղրէ մարդկային թերութիւններն ու սխալները։[1][2]
Նշանակութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Հայ Աղբրտիք»ը կարեւոր վկայութիւն մըն է Օսմանեան Կայսրութեան շրջանի հայ համայնքներու մասին։ Գիրքին մէջ փոխանցուած են նախորդ սերունդներու առաւելութիւններն ու թերութիւնները, ինչ որ աւելի հարազատ կը դարձնէ գործը։
Գիրքին վերջին բաժինը բարոյական բնոյթ ունի։ Հեղինակը կ՛ուզէ արթնցնել ընթերցողները եւ առիթ տալ անոնց, որ խորամանկ մտածեն իրենց ազգային ինքնութեան ու անոր պահպանութեան մասին։[1][2]