Հայ ազգի ստեղծումը

Հայ ազգի ստեղծումը, ըստ Մովսէս Խորենացի պատմահօր գրութեամբ Հայկ Նահապետի և Բելի հակամարտութիւնը տեղի կ՛ունենայ Ք.ա. 2492 թուականին, Օգոստոս 11-ին: Հեթանոս հայերը՝ Հայկին յաղթանակին օրը կը նշէին իբրեւ տարուան սկիզբը, Նաւասարդ, Նահապետին դուստրին անունով, մեծ տօնակատարութիւններով: Սակայն՝ հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ Հայկական լեռնաշխարհին մէջ կեանքը սկսած է հազարաւոր տարիներ առաջ:

1990-ական թուականներուն պեղումներու շնոհիւ, կատարուած գերմանացի հնագէտի Գլաուս Շմիտ (Klaus Schmidt) գլխաւորութեամբ, այսօրուայ Թուրքիոյ Ուրֆա քաղաքին մօտ, որ կը գտնուէր Մեծ Հայքի տարածքին՝ յայտնաբերուեցաւ 13.000 տարի առաջ կառուցուած տաճար, համաշխարհային պատմութեան առաջինը: Տարածքին՝ գտնուած են երկու արձաններ, որ կը ցոլացնեն արմենոյտ տղամարդու կերպարը: Խոշորագոյն քարերու փոխադրութիւնը և տեղադրումը, այդ ժամանակներու պայմաններով, կը փաստէ աշխատաւոր մարդոց հաստատութիւն՝ այսինքն քոչւոր կեանքը լքել:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Արմենիքա, յունարէն պարբերաթերթ