Jump to content

Հայ Օգնութեան Միութեան Կիպրոսի «Սօսէ» մասնաճիւղ

Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) (անգլերէն՝ Armenian Relief Society) Կիպրոսի «Սօսէ» մասնաճիւղը հիմնադրուած է 1988-ին: Հաւատարիմ մնալով ՀՕՄ-ի առաքելութեան, մասնաճիւղը մարդասիրական եւ հասարակական աշխատանքներ կը տանի համագաղութային եւ համահայկական մակարդակներու վրայ։ Մասնաճիւղին գլխաւոր նպատակը միշտ եղած է տարբեր ձեռնարկներու միջոցով նիւթական հասոյթ ապահովել՝ աջակցելու ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան բոլոր ծրագիրներուն:

Տեղական գործունէութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Միութիւնը սերտ յարաբերութիւններ ունի ակումբին մէջ գործող միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն հետ, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի Հայոց Թեմի ազգային առաջնորդարանին եւ կաթողիկոսական փոխանորդին հետ եւ միշտ կ'աջակցի անոնց աշխատանքներուն։ ՔՈՎԻՏ-19 համաճարակի դժուար օրերուն մասնաճիւղը օժանդակեց կիպրահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն՝ սննդեղէն տրամադրելով։

Ուսումն ու կրթութիւնը կարեւոր համարելով՝ մասնաճիւղը կրթանպաստ կը յատկացնէ կիպրահայ ուսանողներու՝ իրենց համալսարանական ուսումը շարունակելու Կիպրոսի եւ այլ երկիրներու մէջ: Մասնաճիւղը կը քաջալերէ նաեւ հայոց լեզուի զարգացումը՝ մրցանակ տրամադրելով Կիպրահայ Նարեկ վարժարաններու շրջանաւարտներէն հայոց լեզուի մէջ լաւագոյն միջին ապահովող աշակերտներուն:

Մասնաճիւղը մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ նաեւ տեղական յոյն կազմակերպութիւններու հետ գործակցութեան եւ Կիպրոսի հասարակական կեանքին մէջ իր գործունէութեան, յատկապէս իր մասնակցութիւնը բերելով կանանց միջազգային օրուան առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն եւ Կիպրոսի կիներու միութիւններու գործունէութիւններուն։

Համահայկական գործունէութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տեղական աշխատանքներու կողքին, մասնաճիւղը իր ներդրումը կ'ունենայ համահայկական մարդասիրական նախաձեռնութիւններու: Մասնաճիւղը նիւթապէս օժանդակած է Արցախի եւ Պուլկարիոյ ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մանկապարտէզներուն, «Զոհուած հերոսներու զաւակներ»-ուն, «Մօր ու մանկան» կեդրոնին եւ «Զինուորի տուն» ծրագիրին: Մասնաճիւղը օգնութիւն տրամադրած է նաեւ տարբեր աղէտներէ տուժած հայորդիներու, յատկապէս Ճափոնի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ։ Մասնաճիւղը առաջին արձագանգողն ու օժանդակողը եղաւ 2023 Փետրուարին Սուրիոյ մէջ պատահած աղէտալի երկրաշարժին՝ շնորհիւ Սուրիոյ մէջ Կիպրոսի դեսպանին հետ միութեան ունեցած սերտ կապերուն։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]