Հայ Երաժշտական Մշակոյթը 9-13-րդ Դարերուն

Հայ Երաժշտական Մշակոյթը 9-13-րդ Դարերուն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

8-9-րդ դարերուն արաբներու տիրապետութեան շրջանին Հայաստան կը կորսնցնէ իր պետականութիւնը եւ կ'ընդհատուի հայ մշակոյթի զարգացումը: 885-էն Հայաստան վերստին կ'անկախանայ եւ երկրին մէջ բարենպաստ պայմաններ կը ստեղծուին հոգեւոր կեանքի զարգացման համար, սակայն 11-րդ դարու կիսուն թուրք-սելճուքներու արշաւանքներուն հետեւանքով հայը նորէն կը գաղթէ տարբեր երկիրներ: Գաղթականներու մէկ մասը կը հաստատուի Կիլիկիա, ուր 1080-ին ստեղծուած էր հայկական անկախ պետութիւն, որ կը դառնայ նաեւ հայերու հոգեւոր կեանքի նոր կեդրոնը: 9-13-րդ դարերուն բարձրագոյն դպրոցները կը սկսին զարգանալ նաեւ Հայաստանի հոգեւոր կեդրոններու՝ Անիի, Տաթեւի, Սանահինի, Հաղբատի, Նարեկի եւ նոր-Գետիկի մէջ, ուր դասաւանդուող կարեւոր նիւթերէն մէկը երաժշտութիւնն էր: Հակառակ հայ ժողովուրդին ապրած վերիվայրումներուն՝ հայ միջնադարեան եկեղեցական, ժողովրդային եւ գուսանական երաժշտական արուեստները զարգացած են զուգահեռաբար՝ իրենց գագաթնակէտին հասնելով 12-13-րդ դարերուն:

Աղբիւր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նարդուհի Էքիզեան-Մարքոսեան Պէյրութ-2017