Հայր Պօղոս Ծ. Վրդ. Արիս
| Հայր Պօղոս Ծ. Վրդ. Արիս | |
|---|---|
![]() | |
| Ծնած է | 25 Յունուար 1889 |
| Ծննդավայր | Հալէպ |
| Մահացած է | անհայտ |
| Կրօնք | Կաթոլիկութիւն |
| Մասնագիտութիւն | հոգեւորական |
Հայր Պօղոս Ծ. Վրդ. Արիս (25 Յունուար 1889, Հալէպ) - 1961, Պէյրութ), Լիբանանի Կաթողիկէ Հայոց կղերականութեան մէջ եզական դիրք գրաւած է իր մատուցած ծառայութիւններով հայ ժողովուրդին:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Հալէպ 25 Յունուար 1889-ին: Նախնական կրթութիւնը տեղւոյն Հայ Կաթողիկէ նախակրթարանին մէջ ստանալէ ետք 1902-ին Պոլիս կ’երթայ եւ կը մտնէ Սէն Լուիզ ֆրանսական դպրեվանքը, ուր կը ստանայ իր երկրորդական ուսումը, աւարտելով փիլիսոփայական դասընթացքը: Առողջական պատճառներով կը վերադառնայ իր ծննդավայրը: Տարի մը վերջ 1910-ին կ’երթայ Զմմառ, հոն հայերէնի դասընթացքի կը հետեւի եւ կ’աւարտէ եկեղեցական ուսումը:
1912-ին կը ստանձնէ Պէյրութի եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը: Պատերազմէն ետք կը նետուի ազգային կեանքի մէջ, իր մեղուաջան գործունէութեամբ բոլոր խաւերուն վստահութիւնն ու համակրութիւնը կը վայելէ:
Գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ա. Համաշխարհային պատերազմէն ետք, երբ հայ գաղթականները Ֆրանսական շոգենաւով կը հասնին Լիբանանի նաւահանգիստը, ասպնջականութիւն մը գտնելու համար հոն, Ֆրանսիացի Կուսակալը կը մերժէ զանոնք ընդունիլ վախնալով, որ երկիրին տնտեսութիւնը ծանրօրէն կը վտանգուի եւ քաղաքական բարդութիւններ կը ստեղծուին։
Զմմառու հնադարեան վանքի (Կառուցուած 1749֊ին), երկու միաբան հայրեր՝ Պօղոս Ծ. Վրդ. Արիս եւ Հայր Յակոբ Վրդ. Նեսիմեան, թախանձագին կը դիմեն օրուան Մարոնիթ Հուայէք Պատրիարքին, որուն ազդեցութիւնը շատ մեծ էր Լիբանանի վրայ։ Սկիզբը Պատրիարքը կ'առարկէ ըսելով.«Թշուառը թշուառին փոխ չի տար։ Չեմ ուզէր, որ Լիբանանը հայութեան գերեզման Ծառայէ։ Թող երթան ուրիշ տեղ մեռնին»։ Հայր Պօղոս կը պատասխանէ.«Ամենապատիւ Տէր, հայը անօթի չի մեռնիր, կրնայ քարէն իսկ ջուր հանել, բացէք ձեր երկիրին դռները անոնց առջեւ, գոհ պիտի մնաք անոնցմէ»։ Պատրիարքը առ այդ կը համոզուի, հրահանգը կը հաղորդուի Կուսակալին ու հայերը կը հաստատուին Լիբանան։
1919-1920-ին երկու անգամ կը շրջի Կիլիկիոյ զանազան կողմերը, ազգու դիմումներ կ’ընէ ֆրանսական կառավարութեան մօտ, 1920-ին կը տեսնուի Նուպար փաշայի հետ ի Փարիզ, կը շրջի Գերմանիա, Իտալիա եւ Աւստրիա: 1922-ին Կիլիկիոյ պարպումին Պէյրութ կը վերադառնայ կրկին եւ ազգանուէր գործունէութեան կը նուիրուի: Երկար ատեն վարած է հայկական հիւղաւանի վերին հսկողութիւնը մատակարարելով ֆրանսական կառավարութենէն, Ս. Պապէն, Հ.Բ.Ը Միութենէն եւ այլ աղբիւրներէ ստացուած նպաստները: Կը հիմնէ Հայ Կաթ. Որբանոցը, հոն 400 որբեր պատսպարելով:
1929-ին Պուրճ Համուտի շրջակայքը ագարակ մը գտնելով որբանոցը հոն կը փոխադրէ, որ կը տեւէ մինչեւ 1933-1934: 1929-ին Մարաշի Հողային Յանձնախումբին մէջ կը հրաւիրուի, կառավարութենէն վաւերացնել կու տայ Յանձնախումբը, աստով կը բացուի իրեն առջեւ ժողովուրդին ծառայելու ասպարէզ մը. 150000 քռ. Մեթր հող մը գտնելով առանց շահի կը վաճառուի: Այսօր այդ թաղամասը շրջանիս ամէնէն բազմամարդ թաղերէն մին է: Ժողովուրդը իր սեփական միջոցներով կը կերտէ իրենց տուները: Իբրեւ ուրոյն քաղաք մը՝ ունի իր դպրոցներն ու եկեղեցիները:
Հայր Պօղոս կը նշանակուի «Ազգային Միութեան» քարտուղար եւ վարիչ Լիբանանի Քարանթինայի հայկական աւանին։ Պէյրութի` Սիուֆի թաղի մէջ կը բանայ որբանոց (1923-1935), ու կը համախմբէ շուրջ 300 հայ որբեր, որոնք զինք կը կոչեն «Հայրիկ»։
Ան Քարանթինայի գիւղաւանի հրդեհէն ետք, կ'ըլլայ արժանաւոր նախաձեռնողը ժողովրդային տուներուն, եւ տեղաւորեց հարիւրաւոր հայ ընտանիքներ Պուրճ Համմուտի մէջ։ Եղաւ նաեւ առաջին հայ քաղաքապետը`Պուրճ Համմուտի։
1952-ին, ան բաժնեց Պուրճ Համմուտը` Ժտէյտիի քաղաքապետարանէն, ու հիմքը դրաւ առաջին հայ ոստանին։
Ամայի եւ խոպան Պուրճ Համմուտի շրջանը իր սեփական ջանքերով ծաղկեցուց եւ դարձուց Լիբանանի վաճառականական առաջատար կեդրոններէն կարեւորագոյնը։
Հայր Պօղոս կը վախճանի 1961-ին։ Անոր մահը կը սգայ համայն Լիբանանահայութիւնը, որովհետեւ ան` զտարիւն հայ էր, օրինապահ Լիբանանցի, անխոնջ շինարար, ձեռնհաս տնտեսագէտ, շրջահայեաց քաղաքական դէմք, ողջամիտ մտաւորական, որբերու Հայր, անձնուէր դաստիարակ եւ անբասիր վարդապետ։
Իր մահէն երեսուն տարի ետք` 27 Յունուար 1991-ին, իր յիշատակը անմահացնելու համար, Պուրճ Համմուտի Հայ Կաթողիկէ «Ս. Փրկիչ» եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, կը զետեղէն Հայր Պօղոս Ծ. վրդ. Արիսին կիսանդրին, ձեռամբ Ամեն.եւ Գերջ. Յովհաննէս_ Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան Կաթողիկոս Պատրիարքին[1]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Բ., էջ 275:
