Jump to content

Հայրէն


Հայրէն hայ միջնադարեան բանաստեղծութեան մէջ տարածուած ձեւերէն մէկը։ Հայրէն ասոյթը ծագում առած է «Հայերէն ասել», «Հայրէնի ասել», «Հայրէնի կարգ» արտայայտութիւններէն, որոնք ունեցած են հայկական բանաստեղծութեան յատուկ չափ, երգ կամ տաղ նշանակութիւնը։[1]

Հայրէնի տողը ունի 15 վանկ եւ տողը կը բաժնուի երկու մասի՝ 2-3-213-2-3: Բանաստեղծութեան այս ձեւին դիմած են Նարեկացին ու Շնորհալին, իսկ աւելի ուշ՝ Ֆրիկ, Մկրտիչ Նաղաշ եւ ուրիշներ: Այս նոյն չափով յօրինուած են Նահապետ Քուչակին վերագրուող եւ ժողովրդական համանման քառեակները։[2]

Այդ պատճառով ալ հայրէն ըսելով ընդհանրապէս կը հասկցուի քառատող բանաստեղծութիւն. օրինակ.

Կարմիր ու կանաչ հագնիս, զէթ նռան հատիդ նմանիս,

Այժմ ինձ աղուոր թուիս, երբ ի ձեր դուռն կանգնիս,

Դուռն ալ կիսարաց անես, ցած հայիս, մատը ծիծաղիս,

Աչօքդ ունովդ անես, զիմ տխմար խելքս կու տանիա։

Բայց 15-17-րդ դարերու որոշ ձեռագիրներու մէջ պանդխտութեան եւ խոհա-խրատական հայրէններու մեծ մասին իբրեւ հեղինակ կը յիշատակուի Յովհաննէս Երզնկացին։

Հայրէնները գեղարուեստական բարձր յատկութիւններով օժտուած արժէքներ են, հայ քնարերգութեան ամէնէն սքանչելի գոհարները նկատուած են։

Հայ միջնադարեան գրականութիւն․ https://krtadarak.am/wp-content/uploads/2023/05/Grakanutyun-10_Nahapet-Quchak_QR.pdf

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Նահապետ Քուչակ, Հայրեններ»։ Սյուզի Մարտիրոսյան (hy-AM)։ 2020-10-04։ արտագրուած է՝ 2025-09-21 
  2. «Սիրային հայրեններ»։ www.art365.am (hy-am)։ արտագրուած է՝ 2025-09-21