Հայրենի աղբիւր
| Հեղինակ | Յարութիւն Քիւրճեան |
|---|---|
| Լեզու | հայերէն |
| Շարք | 6րդ - 9րդ դասարաններու հայերէնի դասագիրքերու շարք |
Հայրենի աղբիւր․ ձեռնարկ լեզուի եւ բացատրեալ ընթերցանութեան։ Հեղինակն է՝ Յարութիւն Քիւրքճեան։
«Հայրենի աղբիւր» դասագիրքերու շարքը, բաղկացած է չորս գիրքերէ որոնք նախատեսուած են նախակրթարանի 6րդ դասարանի եւ միջնակարգի երեք դասարաններու համար։ Պատրաստուած է կրթական մշակներ Մարօ Գալայճեան Քիւրքճեանի եւ Յարութիւն Քիւրքճեանի կողմէ։
Ծրագիրը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Միջնակարգի «Հայրենի աղբիւր» դասագիրքերու շարքը բաղկացած է չորս գիրքերէ, նախատեսուած միջնակարգի համար։ Ըստ տեղական պահանջներու, շարքը կարելի է գործածել նախակրթարանի 6րդ դասարանի եւ միջնակարգի երեք դասարաններու համար եւ կամ երկրորդականի բաժիններուն մէջ եւս։ Այդ կարելի է շնորհիւ գիրքին կառոյցին, որ ուսուցիչին տրամադրութեան տակ կը դնէ գործածութեան մէկէ աւելի մակարդակներ եւ տարազներ։ Իւրաքանչիւր դասագիրքի կողքին, կայ նաեւ համապատասխան աշխատանքի տետրակը։
«Հայրենի աղբիւր» շարքը, երկար տարիներէ ի վեր կը գործածուին Սփիւռքի զանազան վարժարաններու մէջ։
Գիրքերը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գիրքերը բաղկացած են դասերէ, որ կը տարածուին քանի մը դասապահերու վրայ։ Աշակերտներուն վարժեցնելու համար լեզուական հմտութիւններու մէջ, իւրաքանչիւր դաս կը գործածէ զանազան մեթոտներ. ընթերցում, բովանդակութեան վերլուծում, բացատրութեան տնային աշխատանքներ, դասարանային սրբագրումներ, լեզուական վարժութիւններ, շարադրական աշխատանք, հետազօտական աշխատանքներ, հորիզոնական հաղորդակցութիւն, եւ այլ զանազան միջոցներ։
Տետրակները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Շարքի չորս գիրքերուն կ՚ընկերակցին նաեւ չորս համապատասխան «Տետրակ»-ներ, որոնք պատրաստուած են բուն դասագիրքերը քերականական աշխատանքներով չխճողելու նպատակով։ «Տետրակ»-ներուն մէջ տեղ գտած են թէ՛ քերականական օրէնքներու բացատրութիւններ եւ թէ՛ լեզուական աշխատանքներ, որոնք կարելի է ամբողջացնել անմիջապէս «Տետրակ»-ին վրայ։
Ուսուցիչին հետ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գիրքերը կը պարունակեն «Ուսուցիչին հետ» բաժին մը, որ օգտակար ուղեցոյցի դեր կը կատարէ դասագիրքը գործածող ուսուցիչներուն համար: Ասոնցմէ զատ, պատրաստուած են նաեւ առանձին ուղեցոյցներ, որ դաս առ դաս, պահ առ պահ ուսուցիչին կու տան առաջարկներ դասաւանդումի համար։ Այս ուղեցոյցները յատուկ բաժիններով առաջարկներ կու տան նաեւ տկար հայախօսներու համար: Իսկ հարկ եղած պարագաներուն, կարելի է դիմել անջատ տպուած եռալեզու բառացանկին՝ հայերէն-անգլերէն-ֆրանսերէն։