Jump to content

Հայրասպանութիւն

Հայրասպանութիւն[1][2]‘ սեփական հօր սպանութիւնն է։ Շատ մշակոյթներու եւ կրօններու մէջ հայրասպանութիւնը ամէնասարսափելի մեղքերէն մէկը կը համարուի։ Օրինակ, Կիկերոնի վկայութեամբ, Հռոմէական Հանրապետութեան մէջ հայրասպանութիւնը միակ յանցանքն էր, որուն համար քաղաքացին մահապատիժի կ'ենթարկուէր։

Հայրասպանութիւնը առասպելներու եւ կրօններու մէջ[3]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայրասպանութիւնը տարածուած պատկերացում (motif) մըն է բազմաթիւ կրօններու եւ մշակոյթներու մէջ, յատկապէս յունական դիցաբանութեան եւ կրօնքին մէջ: Ստորեւ կը ներկայացուին հայրասպանութեան կարգ մը հիմնական օրինակներ տարբեր մշակոյթներէ.

  • Ափսուն (Apsu)՝ պապելոնեան ստեղծագործութեան «Էնումա Էլիշ» դիւցազներգութեան մէջ, սպաննուեցաւ իր որդիին՝ Էայի (Ea) կողմէ, աստուածներու միջեւ գերիշխանութեան համար մղուող պայքարին ընթացքին:
  • Մերձաւոր Միջագետքի խուռիներու (Hurrian) դիցաբանութեան մէջ, փոթորիկի աստուած Թեշուպը (Teshub) կը սպաննէ իր հայրը՝ Քումարպին (Kumarbi). երբեմն ասիկա կ՚ընէ իր մեծ հօր՝ Անուի (Anu) հետ միատեղ՝ իբրեւ փոխադարձ պատասխան Քումարպիի կողմէ փորձուած հայրասպանութեան:
  • Յունական ստեղծագործութեան դիւցազներգութեան մէջ (առաջին անգամ արձանագրուած Հեսիոդոսի «Թէոգոնիա»-ին մէջ), Քրոնոսը կը նախանձէր իր հօր՝ Ուրանոսի իշխանութեան, որ տիեզերքի քանոնն էր: Այսպիսով, Քրոնոսը սպաննեց կամ ամորձատեց իր հայրը: Քրոնոսն ալ, իր կարգին, գահընկեց եղաւ իր իսկ որդիին՝ Զեւսի կողմէ:
  • Էտիպոսին (Oedipus) վիճակուած էր սպաննել իր թագաւոր հայրը եւ ամուսնանալ մօր հետ: Ծնողները փորձեցին կանխել ասիկա՝ զայն մանուկ հասակին լքելով լերան լանջին: Հովիւ մը զայն գտաւ եւ մեծցուց: Չափահաս դառնալով՝ Էտիպոսը ճամբորդութեան ընթացքին կը հանդիպի իր հօր, բայց չգիտնալով անոր ով ըլլալը՝ կը սպաննէ զայն: Այնուհետեւ, անգիտակցաբար կ՚ամուսնանայ իր մօր հետ եւ կը դառնայ թագաւոր՝ ի վերջոյ իրականացնելով մարգարէութիւնը:
  • Փելիասը (Pelias) սպաննուեցաւ իր դուստրերուն կողմէ, որոնք խաբուած էին Մեդէայի (Medea) կողմէ՝ կարծելով, թէ ան կարող է յարութիւն առնել:
  • Հնդկական «Մահապհարաթա» դիւցազներգութեան մէջ, Պապրուվահանան (Babruvahana) սպաննեց իր հայրը՝ Արժունը (Arjun), բայց Արժունը վերակենդանացաւ իր կնոջ՝ օձ-աստուածուհի Ուլուփիի (Uloopi) շնորհիւ:
  • Չինական հաւատալիքներու համաձայն, անոնք, որոնք հայրասպանութիւն (կամ մայրասպանութիւն) կը գործեն, կը սպաննուին կայծակի հարուածով՝ որպէս պատիժ որդիական յարգանքի եւ ռազմիկ աստուած Էրլանգ Շենի (Erlang Shen) կողմէ:
  • Սկանտինաւեան (Norse) դիցաբանութեան մէջ, Ֆաֆնիրը սպաննեց իր հայրը՝ Հրէյտմարը (Hreidmar), տիրանալու համար Անտվարիի (Andvari) անիծեալ ոսկէ մատանիին, որ վերջինս ձեռք ձգած էր: Որոշ տարբերակներ կ՚ըսեն, որ եղբայրը՝ Ռեկինը (Regin), օգնած է իրեն:
  • Ինտոնեզիոյ Արեւմտեան Ճաւա կղզիի «Թանկուպան Փերահու» (Tangkuban Perahu) առասպելին մէջ կը պատմուի, թէ Սանկուրիանգը սպաննած է իր հայրը (որ շուն էր), որովհետեւ որս չէր կրցած բռնել:
Էտիբ կը սպաննէ Լայոսը (Ժոզէֆ Պլանք, 1867)

Երեւելի Հայրասպաններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]