Jump to content

Հայոց Մարդասիրական Ճեմարան (Կալկաթա)

Հայոց Մարդասիրական Ճեմարան (Կալկաթա)
Հիմնադրուած է 1821
Երկիր  Հնդկաստան[1]
Կայք armeniancollege.in

Հայոց Մարդասիրական Ճեմարան, կրթական հաստատութիւն Հնդկաստանի Արեւմտեան Պենկալիա նահանգի վարչական կեդրոն Կալկաթայի մէջ։

Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանը հայկական սփիւռքի հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան օրրաններէն եւ ամէնէն ազդեցիկ կրթական հաստատութիւններէն մէկն է:

Ճեմարանը հիմնադրուած է 1821 թուականին, Ս. Նազարէթ հայկական եկեղեցւոյ մերձակայքը՝ հնդկահայ համայնքի եւ հայազգի բարերարներ Աստուածատուր Մուրատխանեանի եւ Մնացական Վարդանեանի նախաձեռնութեամբ: 1825 թուականին ճեմարանին միացուած է Կալկաթայի Գալուցեան հայկական դպրոցը, իսկ 1949 թուականին՝ 1922-ին հիմնադրուած Կալկաթայի Դաւիթեան օրիորդաց հայկական դպրոցը:

Մինչեւ 1870 թուականը ճեմարանը ունեցած է իր ինքնուրոյն կրթական ծրագիրը, սակայն յետագային անիկա համապատասխանեցուած է Կալկաթայի համալսարանի քննութիւններու պահանջքներուն:

1883-ին հաստատութիւնը պաշտօնապէս ճանչցուած է որպէս միջնակարգ դպրոց, իսկ 1888-ին դասուած է Կալկաթայի համալսարանի քոլէճներու շարքը:

1888-1891 թուականներուն ճեմարանին կից գործած են յատուկ դասընթացքներ՝ Կալկաթայի համալսարանի արուեստի ճիւղին համար դիմորդներ պատրաստելու:

Ճեմարանը ունի ընդարձակ հողատարածութիւններ, բուժարան, տղոց եւ աղջիկներու համար նախատեսուած զատ կացարաններ:

1828-ին ճեմարանին կից հիմնադրուած է «Արարատեան» գրադարանը, որ ունեցած է ամենամեծ հայկական գիրքերու եւ ձեռագրերու հաւաքածոներէն մէկը աշխարհի մէջ:

1824-ին հիմնադրուած է տպարանը, որ գործած է շուրջ յիսուն տարի:

Ճեմարանին մէջ դասաւանդած են անուանի մտաւորականներ. օրինակ՝ Յարութիւն Գալուցեան, Մեսրոպ Թաղիադեան եւ այլք:

1999-ին Կալկաթայի Գերագոյն ատեանի որոշմամբ Հայոց մարդասիրական ճեմարանը յանձնուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի խնամակալութեան[2]: Նոյն դատավճիռով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին վերապահուած է ճեմարանի գործունէութիւնը տնօրինելու իրաւունքը: Կը վերահսկուին ուսումնական ծրագիրները, աշխատողներու նշանակումներն ու փոփոխութիւնները, դպրոցին վիճակն ու խնամքը:

Ներկայիս հաստատութենէն ներս ուսանող աշակերտներուն մեծամասնութիւնը Հայաստանէն է (տարեկան 10-15 աշակերտ), կ՚ուսանին նաեւ հայ աշակերտներ Հնդկաստանէն, Իրանէն, Իրաքէն, Սուրիայէն եւ այլ երկիրներէ:

Սաներուն եւ ուսուցիչներուն կեցութեան, գրենական պիտոյքներուն, ուսման վարձին եւ ամսականներուն ծախսերը ամբողջովին կը հոգայ ճեմարանը: Ուսուցման հիմնական լեզուն անգլերէնն է: Ճեմարանին մէջ, բացի հայագիտական եւ բնագիտական առարկաներէն, աշակերտները կը սորվին նաեւ հնդկերէն, ռուսերէն, պարսկերէն, արաբերէն: Բարձր յառաջադիմութիւն ունեցող աշակերտներուն հնարաւորութիւն կը տրուի ուսումը շարունակել Հնդկաստանի եւ աշխարհի զանազան բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններէն ներս[3]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. GeoNames — 2005.
  2. «Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանի հիմնադրման 200-ամյակ | CBA»։ www.cba.am (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2025-07-09
  3. «ՊԱՆԾԱԼԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2025-07-09
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։