Jump to content

Հայն ու Հայը

Սարոյեան նկարուած 1940-ին
Սարոյեան նկարուած 1940-ին

Հայն ու Հայը պատմուածք ամերիկահայ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի կողմէ 1935-ին Օգոստոսին Նիւ Եորքի մէջ գրուած։ Առաջին անգամ հրատարակուած 1936-ին «Ներշնչում ու Արտաշնչում» (անգլերէն՝ Inhale & Exhale) վերնագիրը կրող պատմուածքներու ժողովածոյին մէջ։[1] Տարիներու ընթացքին՝ այս պատմուածքը ճանչցուեցաւ այն քաղուածքով, որոնք ըստ շատերու Սարոյեանի ամենանշանաւոր խօսքն է՝ հայ ազգի գոյատեւման մասին։[2]

Նշանաւոր Քաղուածքը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Հայն ու Հայը» լաւագոյնս կը ճանչցուի իր վերջին երկու հատուածներով,[2][3] որոնց մէջ Սարոյանը «արձակէ՛ նշանաւոր ուժ եւ գովէ՛ հայերու ունակութիւնը ազգ մնալու համար»։[1]

Կ'ուզէի տեսնել այս աշխարհին վրայ որեւէ ոժ, որ բնաջնջէ այս սերունդը, այս փոքր ցեղին ժողովուրդը, որուն բոլոր պատերազմները` կռուած են եւ յաղթուած, կառոյցները` փշրուած, գրականութիւնը չէ կարդացուած, երաժշտութիւնը չէ լսուած եւ աղօթքներն ալ չեն պատասխանուած: Համարձակեցէ՛ք բնաջնջել Հայաստանը: Տեսէք, թէ կրնա՞ք: Աքսորեցէ՛ք դէպի անապատները առանց հացի եւ ջուրի, այրեցէ՛ք անոնց տուներն ու եկեղեցիները: Յետոյ տեսէ՛ք, թէ անոնք արդեօք կրկին չե՞ն խնդար, երգեր կամ աղօթեր: Որովհետեւ, երբ անոնց երկուքը աշխարհի որեւէ մասին մէջ հանդիպին, տեսէ՛ք, թէ անոնք արդեօք նոր Հայաստան մը չե՞ն ստեղծեր:

Ժապաւէններու (շարժանկաներու) մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • «Հայն ու Հայը» պատմուածքը 2010-ին, նոյն անունը կրող կարճաժապաւէնի մը կը վերածուի, Արմէն Գարաօղլանեանի կողմէ։
  • Նշանաւոր մէջբերումը 2016-ի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Խոստումը» (անգլերէն՝ The Promise) ժապաւէնի (անգլերէն՝ Film կամ Movie) վերջաւորութեան կը յայնտուի։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 Saroyan William (1936)։ Inhale & Exhale։ New York: Random House։ էջեր 437–38 
  2. 2,0 2,1 Khanjian Zaven (1 November 2008)։ «How I came to know Saroyan»։ The Armenian Reporter։ արտագրուած է՝ 3 February 2014։ «...the story which contains his arguably most famous saying.» 
  3. Sassounian Harut (5 May 2010)։ «Is Turkey's Consil Unhappy That Not All Armenians Were Slaughtered Like Sheep?»։ Noravank Foundation։ արտագրուած է՝ 3 February 2014։ «...Saroyan's well-known statement...»