Հայկ Եւ Բէլ

Հայկ եւ Բէլ, առասպելաբանական հնագոյն վէպ։ Պահպանուած է Մովսէս Խորենացիի եւ Սեբէոսի պատմութիւններուն մէջ։
Առասպելը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Հայկ եւ Բէլ» առասպելէն աւանդավէպի փոխարկուելու հնամէնի նմուշ է. ենթահիմքին մէջ ինկած է լոյսն ու գարունը խորհրդանշող աստուածային պայքարը ընդդէմ խաւարն ու ձմեռը մարմնաւորող բռնակալի։ Առասպելը, պատմականանալով, կապուած է հայկական ցեղերու կամ նախահայրերու եւ անոնց հարաւային հարեւաններու (ասորեստանցիներ կամ բաբելացիներ) հետ, վերածուած է դիւցազնավէպի։ Աղեղնաւորը դարձած է հայ ցեղի նախնի՝ Հայկ, իսկ բռնակալը՝ սեմական ժողովուրդներու արեգակնային աստուած կամ Ասորեստանի թագաւոր՝ Բէլ։ Վերջինս կը հպատակեցնէ բոլոր հսկաներուն ու ժողովուրդներուն։ Հայկը չի հպատակուիր. իր տոհմով Բաբելոնէն կու գայ Արարատ երկիրը, ապա կ՚անցնի Հարք, կը հիմնէ իր անունով բնակավայր՝ Հայկաշէն եւ կը բնակի այնտեղ։ Տիտանեան Բէլը դեսպան կ՚ուղարկէ Հայկի մօտ՝ առաջարկելով հնազանդութիւն եւ խաղաղութիւն։ Հայկը կը մերժէ. Բէլը մեծ զօրքով կը մտնէ Արարատ երկիրը։ Կատմոս թոռանէն տեղեկանալով թշնամիի ներխուժման մասին՝ Հայկը որդիներով ու թոռներով ընդառաջ կ՚երթայ Բէլի զօրաբանակին եւ Վանայ լիճի ափին մարտի կը բռնուի։Ճակատամարտին մէջ Հայկը իր երեքթեւեան նետով կը սպանէ Բէլին։
Ըստ վէպին՝ Հայկէն կը սերին հայերը, իսկ անոր բնակած երկիրը կը կոչուի Հայք։ Կռուի վայրը Հայկը կ՚անուանէ Հայոց ձոր։
Այս առասպելի պատմական էութիւնը իրենց անկախութիւնն ու երկիրը պաշտպանող հայերու մղած կռիւներն են Ասորեստանի դէմ։ Ըստ Մովսէս Խորենացիի՝ Հայկը գանգրահեր, վայելչակազմ, զուարթ աչքերով, ուշիմ ու խոհեմ, քաջ, երեւելի եւ ազատասէր դիւցազն էր։

Յետաքրքիր փաստեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Օրիոն համաստեղութիւնը հայոց մէջ կոչուած է Հայկ (Խեյք, Խեք)։ Կ՚ենթադրուի, որ հայկական ամսանունները (հայոց հին տոմարով) Հայկի ուստրերու եւ դուստրերու անուններն են։
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։ ![]() |