Jump to content

Հայկ Աւանէսեան (ձեւագէտ)

Հայկ Աւանէսեան, ուքրանահայ ձեւագէտ։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայկին ընտանիքը Տոնեցք (Ուքրանիա) փոխադրուած է, երբ դեռ ինք մանուկ էր, սակայն մեծցած է հայ ընտանիքի մէջ, ուր միայն մայրենի լեզուն կը գործածուէր:

Ուսումնասիրած եմ հայկական մշակոյթն ու հայ գեղանկարիչները: Շատ կը սիրեմ մեր հայկական խոհանոցը, որ կը ներշնչէ զիս «համեղ» հագուստներ ստեղծելու ատեն: Համալսարանի գեղանկարչութեան դասախօսս կ'ըսէր, որ իմ նկարներէս եւ գոյներէս կ'երեւի, որ ես հայ եմ:
- յայտնած է ձեւագէտը

Հայկ Աւանէսեան ապրանքանիշը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայկ Աւանէսեան ապրանքանիշը ստեղծուած է 2011-ին, եւ արդէն քանի մը ամիս ետք ձեւագէտը արժանացած է «Տարուան Յայտնութիւնը» մրցանակին[1]:

Աւանէսեանի կարծիքով, աշխարհին մէջ կան շատ լաւ հայ ձեւագէտներ: Անոնք կը տարբերին իրենց աշխատանքով, մօտեցումով եւ հայեացքով: Անոր ուշադրութիւնը գրաւած են լիբանանցի ձեւագէտ Գրիգոր Չափուրեանի ստեղծագործութիւնները:

Ցուցադրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • 2015-ին ցուցադրած է 2015-2016 տարիներու հարսանեկան հագուստներու հաւաքածոն[2]:
  • «Գարուն-ամառ 2018» հաւաքածոյի փակ ցուցադրութիւն։ Կայացած է 1 Դեկտեմբեր 2017-ին, կոմսուհի Ուվարովայի Քիեւեան առանձնատան մէջ[3]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]