Հայկակն համացանցային համալսարան
Հայկական Համացանցային Համալսարան (ՀՀՀ)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայկական Համացանցային Համալսարանը հիմնուած է 2004 -ին, ՀԲԸՄ–ի Սիլիքոն Վելիի մասնաճիւղի ատենապետ՝ Երուանդ Զօրեանի նախագահութեամբ։ Ան միշտ եղած է հետամուտ գտնելու կրթական ծրագիր մը, որ կրնայ բաւարարել սփիւռքի եւ հայրենիքի հայ ժողովուրդի ներկայ պահանջքները։ Ծրագիրը կ՚իրականացուի Հայաստանի մէջ։ Ծրագիրի ճարտարագիտական մշակումը կը կատարուի ԵՊՀ-ի կրթութեան եւ հետազօտութեան տեղեկատուական ճարտարագիտութեան կեդրոնի գիտնականներուն ու ծրագրաւորողներուն համագործակցութեամբ:
Երկու դասընթացքով (Հայոց Լեզու եւ Հայոց Պատմութիւն) սկիզբ առած ՀՀՀ-ը, արդէն իր ուսանողներուն կ՚առաջարկէ ուսումնական նոր առարկաներ։ Համալրուած ծրագիրի շնորհիւ ՀՀՀ-ը կ՚ընդարձակուի եւ անոր գործունէութեան կարեւորութիւնը աւելի կը շեշտուի։
Ինչպէս նաեւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (Հ.Բ.Ը.Մ.) Հայկական Համացանցային Համալսարանի (ՀՀՀ) հիմնադիրն է ու հովանաւորը:
Հ.Բ.Ը.Միութիւնը աշխարհի մեծագոյն ոչ-շահամէտ հայկական կազմակերպութիւնն է, որ հիմնուած է 1906-ին: Կեդրոնական գրասենեակը Նիւ Եորք կը գտնուի։ Հ.Բ.Ը.Միութիւնը կը սատարէ հայեցի ինքնութեան եւ ժառանգութեան պահպանումին ու մշակումին՝ կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական ծրագիրներով: Միութեան գործունէութիւնները կ'ընդգրկեն տարեկան աւելի քան 500,000 հայեր, աշխարհի տարածքին։
Հ.Բ.Ը.Միութեան եւ անոր աշխարհասփիւռ գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար կրնաք այցելել հետեւեալ կայքէջը՝ www.agbu.org:
Այսօր, ՀՀՀ-ը ունի 36,000 ուսանող, 132 երկիրներէ։ ԱՄՆ-էն մինչեւ Ռուսիա, Հարաւային Ափրիկէէն մինչեւ Վենզուելլա, Արժանթինէն մինչեւ Հնդկական Ովկիանոսի Ռիունիըն կղզի կը հետեւին ՀՀՀ-ի ծրագիրներուն։
ՀՀՀ-ի դասընթացքները կը դասաւանդուին եօթը լեզուներով եւ հասանելի են հայագիտութեամբ հետաքրքրուողներուն։
ՀՀՀ-ը կ՚որդեգրէ ՀԲԸՄ-ի հարուստ փորձառութիւնը, կրթական ոլորտի մէջ, ներառելով առցանց կրթութեան բնագաւառի յատկանիշներն ու միտումները։
Առաքելութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայկական Համացանցային Համալսարանի (ՀՀՀ) առաքելութիւնն է տրամադրել հայագիտական համապարփակ կրթութիւն՝ անկախ ուսանողի տարիքէն, բնակութեան վայրէն կամ գիտելիքներու մակարդակէն։ Հեռավար կրթութեան վերջին զարգացումներուն զուգընթաց՝ ՀՀՀ-ի նպատակն է տրամադրել հայագիտական կրթութիւն, նպաստել ազգային ինքնութեան պահպանմանը՝ սփիւռքի մէջ, ստեղծելով երեւութական համայնք մը, որ կ՚ապահովէ ուսանողներու սերտ հաղորդակցութիւնը։
Հեռանկարը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայագիտական ոլորտի մէջ, Հայկական Համացանցային Համալսարանը կը ձգտի հանդիսանալ առցանց կրթութեան առաջատար բարձրագոյն հաստատութիւնը։
Արժէքները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ակադեմական եւ ճարտարագիտական կատարելութիւն
- Առցանց միջավայրի ստեղծում
- Ստեղծագործական միտք եւ նորարարութիւն
- Աշխատանքային կարողութիւններու եւ ընկերային կապերու խթանում
- Հայկական մշակոյթի պահպանում եւ վերակենդանացում
- Համագործակցութիւն հայկական համայնքներու հետ
Դոկտ. Երուանդ Զօրեան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայկական Համացանցային Համալսարանի Հիմնադիր Նախագահ,ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի Անդամ։
- ↑ «Հայկական Համացանցային Համալսարան (ՀՀՀ), Առաքելութիւնը,Հեռանկարը, Արժէքները, Պատմութիւն»։ www.avc-agbu.org։ արտագրուած է՝ 2023-07-20