Հայկական մակդիրներ գիտութեան մէջ

Ծիրան՝ «Հայկական սալոր»

Հայկական մակդիրը գիտութեան մէջ, բազմիցս գործածուած է՝ բոյսի մը, կենդանիի մը, հանքանիւթի մը, աշխարհագրական վայրի մը կամ արհեստներու եւ գիտութեան մէջ օգտագործուող նիւթի մը անուանակոչութեան համար։ Գիտական աշխարհի մէջ «հայկական» մակդիրը կրող բոյսերու թիւը կը հասնի 55-ի, իսկ ճարտարարուեստի մէջ գործածուող նիւթերու եւ աշխարհագրական վայրերու տրուած հայկական անուններու թիւը կը կազմէ մօտաւորապէս 70:

Ծիրանը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Հայկական» մկրտուած ամենանշանաւոր պտուղը ծիրանն է, որուն գիտական անունն է փրունոս արմենիաքա, որ կը նշանակէ հայկական սալոր: Ծիրանը իր այս անուանումը ստացած է շուէտացի բուսագէտ Քարոլոս Լիննէոսի կողմէ։ Պատմաբաններու հաղորդած տուեալներու համաձայն հռոմէացիները ծիրանենին Հայաստանէն փոխադրած են Հռոմ, ուրկէ անիկա անցած է եւրոպական զանազան երկիրներ եւ Ափրիկէ։ 16-րդ դարէն սկսեալ ծիրանենին սկսած է մշակուիլ Ֆրանսայի մէջ, իսկ Անգլիա անիկա ներմուծուած է Հենրիկոս 7-րդ թագաւորի պարտիզպանին կողմէն։ Արաբները ծիրանը կոչած են թու‎ֆֆահ էլ արմանի, այսինքն հայկական խնձոր։ Իսկ Կիլիկիոյ Անարզափա քաղաքէն յոյն պատմաբան մը զայն կը յիշէ իբրեւ միլիոն արմենիաքոն փրէքոքիոն անունով, որ կը նշանակէ հայկական կանխահաս խնձոր։ Ասոր հետեւելով ‎ֆրանսացիները որոշ ժամանակ մը ծիրանին տուած են փոմ տ՛արմենի փրեսոսէ անուանումը, որ կը նշանակէ Հայաստանի կանխահաս խնձոր։

Տորոնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2-րդ նշանաւոր բուսատեսակը, որ կը կրէ հայկական մակդիրը, տորոնն է, որ ծանօթ է Հայաստանի արմատ անունով։ Տորոնի արմատէն կը ստացուի տորոնի ներկը, որ ժամանակին մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէր Եւրոպայի մէջ։ Այս բոյսը 1756-ին Ֆրանսա մտցուցած է պարսկահայ Յովհաննէս Ալթունեան, որ ծանօթ է Ժան Ալթըն անունով։ Առ ի նշան երախտագիտութեան, ‎ֆրանսացիները Ավինիոն քաղաքի մէջ կանգնեցուցին Ալթունեանի երկու արձանները, որոնք սակայն հետագային՝ 2-րդ համաշխարհային պատերազմին ժամանակ գրաւուեցան գերմանացիներուն կողմէ եւ գործածուեցան թնդանօթ ձուլելու համար։

Որդան կարմիր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիտական աշխարհին կողմէ փորի‎ֆիրոֆորա արմենիաքա անունը տրուած է որդի մը, որմէ կը ստանային որդան կարմիր ներկը։ «Հայկական ծիրանաբեր» կոչուած այս միջատը կ'ապրէր Արարատի ստորոտը՝ Արաքսի ափին։ Անցեալին անկէ ստացուած ներկով կը ներկուէին կայսրերուն եւ թագաւորներուն զգեստները։ Այդ ներկը ծանօթ էր հին եգիպտացիներուն, յոյներուն, հռոմէացիներուն եւ պարսիկներուն, եւ անոր մասին յիշատակումներ կան հայ թէ օտար բազմաթիւ պատմաբաններու եւ ճանապարհորդներու գրութիւններուն մէջ։ Որդան կարմիրի արտադրութեամբ նշանաւոր էին Հայաստանի հին մայրաքաղաքներէն Դուինը եւ Արտաշատը։ Վերջինս արաբներու կողմէ կոչուած է Գարիէթ էլ Քըրմիզ, այսինքն որդան կարմիրի քաղաք: Որդան կարմիրը Եւրոպա մտցուած է սպանացիներու կողմէ, 16-րդ դարուն, եւ գործածուած է զանազան արհեստներու մէջ։

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]