Հայկական համացանցային համալսարան
ՀԲԸՄ Մոնթրէալի Ալեք Մանուկեան Վարժարան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գանատահայ առաջին դպրոցը հանդիսացող, ՀԲԸՄ Մոնթրէալի Ալեք Մանուկեան ամէնօրեայ վարժարանը։
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1970-ին գոյութեան կը կոչուի Գանատահայ առաջին դպրոցը հանդիսացող Մոնթրէալի ՀԲԸՄիութեան ամէնօրեայ վարժարանը։
1978-ին, ազգային մեծ բարերար հանգուցեալ Ալեք Մանուկեան, բացառիկ նուիրատուութեամբ մը ամբողջութեամբ յանձն առաւ ՀԲԸՄիութեան ամենօրեայ վարժարանի նոր շէնքին ծախսը։
Նոր դպրոցաշէնքի պաշտօնական բացման հանդիսութեան ներկայ էին Քէպէքի Կրթութեան Նախարար Ժագ Իվան Մորէն եւ ՀԲԸՄի Նախագահ Ալեք Մանուկեան։
1983-ին, քաջալերուած դպրոցին յաջողութենէն կը ձեռնարկուի հաստատել Երկրորդական Բաժնի առաջին երկու տարիները։
Սփիւռքի մէջ եռալեզու հայկական Վարժարանի մը յիսնամեայ պատմագրութեան ընթացքին, կ՚արժէ լուսարձակի տակ առնել վերջին տասը տարիներու բեղուն հանգրուանը որպէս յաւելուած նախորդ չորս տասնամեակներու գործունէութեան։
Վերջին տարիներու ընթացքին, աշակերտութեան թիւը նկատելի աճ արձանագրեց։ 2016 թուականէն մինչեւ օրս, նախակրթարանի կարգերու իւրաքանչիւր դասարանին երկրորդ բաժին մըն ալ աւելցաւ։ Այստե՛ղ տեղին է յիշել, որ ՀԲԸՄ-ի Ալեք Մանուկեան վարժարանը հաւատարիմ մնաց իր առաքելութեան եւ գրկաբաց ընդունեց Իրաքի ու Սուրիոյ պատերազմներէն տուժած եւ Մոնթրէալ ժամանած հայ ընտանիքները, տրամադրելով «classe d’accueil» լսարանը, ուր նոր յաճախող աշակերտները վերագտան իրենց բնականոն կեանքը եւ նոր թափով շարունակեցին իրենց ուսումնական տարիները ջերմ ու ընտանեկան մթնոլորտի մէջ։
Սոյն նախաձեռնութիւնը յաղթական նոր քայլ մըն էր դպրոցի պատմութեան մէջ, որովհետեւ Ալեք Մանուկեանը՝ պետական վարժարաններուն զուգահեռ, առաջին մասնաւոր վարժարանը եղաւ, որ իր ընդհանուր նախագիծին մէջ ներառեց նմանատիպ օգտաշատ ծրագիր մը։ Ընթացքին աշակերտները իրենց մայրենի լեզուի օգնութեամբ սորվեցան Քէպէքի՝ պաշտօնական ֆրանսերէն լեզուն եւ այս միջոցառումը խթան հանդիսացաւ, որ յաջողութեան հասնին իրենց ուսումնական եւ կրթական կեանքին մէջ։
Հիմա, այս աշակերտները շրջանաւարտներն են, որոնք նաեւ մասնակցեցան վարժարանին մէջ աւանդութիւն դարձած Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (Discover Armenia) ծրագրին, շնորհիւ «Բագրատ Եպս. Գալստանեան» Կրթական Հիմնադրամին։ Օգոստոս ամսուն, երեք շաբթուան ընթացքին Ալեք Մանուկեան վարժարանի նախաձեռնութեամբ, շրջանաւարտ աշակերտները կ՚այցելեն Մայր Հայրենիք, վայելելու իրենց պատանեկութեան ամենահրաշալի օրերը, տարիներու ընթացքին, ամբարած գիտելիքները իրականութիւն դարձնելով։ Հոն՝ այցելութեան ընթացքին անոնք կ՚ուխտեն արժանաւոր զաւակներ դառնալ մեր նախնիներուն։
Վերոյիշեալ բոլոր զարգացումներուն առընթեր, յատկանշական էր սոյն վարժարանին մէջ ժամանակակից արհեստագիտութեան կիրարումը։ Նշեալ նուաճումը, մեծապէս նպաստեց մեր դպրոցի վերելքին եւ կրթամշակութային ծաւալուն գործունէութեան։
Նոյնիսկ, հայոց լեզուի դասապահերու ընթացքին, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Հեռակայ Համացանցային Համալսարանի (ՀԲԸՄ-ՀՀՀ) միջոցով AGBU Armenian Virtual College, հեռակայ այցելութիւններ կը կատարեն Մայր Հայրենիք եւ մասնակից կը դառնան այս կրթական հարթակի նախաձեռնած առցանց հանդիպումներուն եւ երկրորդական կարգի աշակերտները, որպէս դասագիրք կ՚օօգտուին ՀԲԸՄ-ՀՀՀ-ի ե. գիրքերէն։
Ալեք Մանուկեան վարժարանը, բոլոր մակարդակներու վրայ յատկանշական նուաճում արձանագրեց շնորհիւ վարժարանի աշխատակազմին՝ տնօրէնութիւն, քարտուղարութիւն եւ ուսուցչական կազմ, ինչպէս նաեւ հոգաբարձութեան, ծնողական խորհուրդին բարերարներուն։ Ջանքերու մէկտեղումը կը շարունակուի, որովհետեւ կը նպաստէ դպրոցի հզօրացման ու կայունութեան։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Notre histoire | ՊԱՏՄԱԿԱՆ»։ École Alex Manoogian de l'U.G.A.B (en-CA)։ արտագրուած է՝ 2023-07-19