Հայկական Վարկած
Հնդեւրոպական լեզուաընտանիքի նախահայրենիքի վարկածներու շարքը կ՚ընդգրկէէ նաեւ հայկական վարկածը, ըստ որուն հայերէնը կը համարուի հնդեւրոպական մայր լեզուն։ Վարկածը առաջին անգամ առաջ քաշեցին վրաց լեզուաբան Թամազ Գամղրելիձէն եւ ռուս գիտնական Վեաչեսլաւ Իւանովը։ Ըստ այս տեսակէտի Հայերէնը որպէս հնդեւրոպական մայր լեզու առաջացած է Ք.Ա 5-4-րդ հազարամեակներուն[1]։
1980-ական թուականներու սկզբները վերարծարծուեցաւ դեռեւս դարասկզբին յայտնուած տեսակէտը այն մասին, որ հնդեւրոպական նախահայրենիքը Ք.ա. 5-4-րդ հազարամեակներուն գտնուած է Առաջաւոր Ասիոյ հիւսիսը, աւելի որոշակի՝ Հայկական լեռնաշխարհին մէջ, Փոքր Ասիոյ արեւելեան շրջաններուն մէջ, Հիւսիսային Միջագետքին եւ Իրանական սարահարթի հիւսիս-արեւմուտքին մէջ։ Այս տեսակէտը աւելի կ՚ամրապնդուի նոր ի յայտ եկող փաստերով եւ այսօր կ՚ընդունուի մասնագէտներու մեծ մասի կողմէ։ Հայեր ժողովուրդի ծագման հարցը այս տեսութեամբ ստացաւ նոր բացատրութիւն։ Ինքնըստինքեան հերքուեցաւ հայերու եկուորութեան հարցը, քանի որ հնդեւրոպական նախահայրենիքը գտնուած է ճիշդ այն տարածքին մէջ, ուր կազմաւորուած եւ իր պատմական ուղին անցած է հայ ժողովուրդը։ Ներկայիս յստակօրէն կարելի է ըսել, որ հայերը Ք.ա. 5-4-րդ հազարամեակներուն կազմած են հնդեւրոպական մայր ժողովուրդի մէկ մասը եւ 4-րդ հազարամեակի վերջը ու 3-րդի սկիզբներուն առանձնացած են հնդեւրոպական ընդհանրութենէն։ Այդ ժամանակաշրջանէն ալ սկսած է հայ ժողովուրդի կազմաւորումը, որ ընթացածլ է երկու փուլով։ Առաջինը, որ կարելի է բնութագրել որպէս ցեղային միութիւններու եւ վաղ պետական կազմաւորումներու ժամանակաշրջան, տեղի ունեցած է Ք.ա. 3-2-րդ հազարամեակներուն։ Երկրորդ փուլը, շնորհիւ միասնական պետականութեան ստեղծման, Ք.ա. 6-5 դարերուն աւարտած է հայ ժողովուրդի կազմաւորման ընթացքը։
Ամփոփելով ըսուածը՝ կարելի է պնդել, որ հայերէն լեզուն ու անով խօսողները հնդեւրոպական ընդհանրութենէն անջատուած եւ ինքնուրոյն դարձած են Ք.ա. 4-3-րդ հազարամեակներու սահմանին։ Ճիշդ այդ ժամանակներէն ալ մեր ժողովուրդը կը յիշատակուի Հայկական լեռնաշխարհին մէջ, ուր գործածլ, գոյատեւած ու կերտած է իր պատմութիւնը։
Բացի այդ գոյութիւն ունի նաեւ արիական ժողովուրդներու արտագաղթի Հայկական վարկածը, ըստ որուն արիական նախահայրենիքը Հայկական լեռնաշխարհն է։
Գամղրելիձէն 2010-ին նոր յօդուած հրապարակած է, որ կը շտկէ որոշ նախկին քննադատութեան արժանացած տեսութեան դրոյթներ։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Թ. Գամղրելիձէ եւ Վ. Իւանով - Հնդեւրոպական լեզուներու նախապատմութիւնը Ա. Մովսիսեան - Հայ ժողովրդի ծագումն ու կազմաւորումը։
- Մխիթարեան Ա․ե․, Հաբեթի սերունդները, Հայաստան, քաղ․ Երեւան: Հեղինակայնի հրատարակութիւն (2002թ․) — ISBN 99930-4-060-6.