Հայկական Դրամ

Հայկական դրամը (ISO code՝ AMD) Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային դրամանիշն է։ Ազգային դրամանիշ արտադրելու բացառիկ իրաւունքը կը պատկանի Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատան, որ նաեւ կը կազմակերպէ եւ կը կարգաւորէ ոչ- պարտքով դրամաշրջանառութիւնը ամբողջ երկրի տարածքին[1][2]։ Շրջանառութեան մէջ գտնուող դրամանիշները կը հանդիսանան Կեդրոնական դրամատան անվերապահ պարտաւորութիւնը եւ ապահվուած են անոր բոլոր միջոցներով[1]։ «Դրամ» բառը թարգմանաբար կը նշանակէ «փող» եւ կը ծագի «տրախմա» բառէն (յունարէն՝ δραχμή)։ Հայկական դրամի գրանշանն է «» նշանը (֏ • U+058F Armenian Dram Sign[3]

100 000 դրամնոց թղթադրամը, որ հրապարակուած է 2009 թուականէն

ՀՀ ազգային դրամանիշի ներդրումը իրականացուած է ՀՀ Գերագոյն խորհուրդին կողմէ ստեղծուած ՀՀ-ի մէջ դրամաշրջանառութեան կարգաւորման պետական յանձնաժողովի՝ 19 Նոյեմբեր, 1993-ի որոշումով, որու համաձայն՝ «22 Նոյեմբեր, 1993-ին, ժամը 00:00-ին ՀՀ տարածքին վրայ օրինական վճարամիջոց կը հանդիսանան ՀՀ ԿԲ 1993-ի նմոյշի 10, 25, 50, 100, 200 եւ 500 դրամ անուանական արժէքներով դրամատնային թղթադրամները»[4][5]։

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ պետական դրամատպարանի եւ դրամահատարանի բացակայութեան պարագաներուն, ՀՀ Կեդրոնական դրամատան կողմէ հրատարակուած շրջանառու թղթադրամները եւ մետաղադրամները կը պատրաստուին երկրէն դուրս։ ՀՀ Կեդրոնական դրամատունը համագործակցած է հետեւեալ ընկերութիւններուն եւ դրամահատարաններուն հետ՝

ՀՀ շրջանառու դրամանիշներուն սկզբնական հեղինակներն են՝ Աշոտ Մանուկեան, Հռաչեայ Ասլանեան, Կարապետ Աբրահամեան, Ռուբէն Արուտչեան եւ Յարութիւն Սամուէլեան։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քոմենտարեանի՝ դրամի սկզբնական գրանշանը
Արուտչեանին պատկերը
Դրամը խորհրդանշող պրոնզէ արձանը

21 Սեպտեմբեր, 1991-ին, ՀՀ անկախութեան հռչակումով յառաջացաւ ազգային դրամանիշ ունենալու անհրաժեշտութիւնը։ Սակայն մինչ ազգային դրամանիշի ներդրումը, Հայաստանի մէջ պաշտօնական շրջանառութեան մէջ էին խորհրդային ռուպլիի՝ 1961-1991 թուականներու նմուշի եւ ռուսական ռուպլիի՝ 1991-1992 թուականներու նմուշի դրամատնային տոմսերը։

Ազգային դրամանիշի անուան տարբեր առաջարկներ կային՝ «դրամ», «ստակ», «իպար», «դահեկան», արտադրեալ միաւորինը՝ «մանրադրամ», «ար», «մանր», «իմի», «զուզա», «բլիք», «լումա»։ 27 Մարտ 1992-ին, յատուկ յանձնաժողովի կողմէ որոշուեցաւ ՀՀ ազգային դրամանիշի անուանումը՝ «դրամ», արտադրեալ միաւորինը՝ «լումա»[6][7][8]։

22 Նոյեմբեր, 1993-ին, ազգային դրամանիշի ներդրումով, ՀՀ տարածքին մէջ կը դադրի խորհրդային եւ ռուսական դրամանիշներու շրջանառութիւնը․ փոխանակման համար կ'ընդունուի «1 դրամ = 200 խորհրդային ռուպլի» յարաբերակցութիւնը[5][9]։

Դրամի գրանշանը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ՀՀ ԿԲ խորհուրդի 9 Հոկտեմբեր, 2001-ի թիւ 25 արձանագրային որոշումով, հայկական դրամի գրանշանի առաջարկուած տարբերակներէն հաւանութիւնը կը տրուի Կարէն Քոմենտարեանին եւ Ռուբէն Արուտչեանին[7][10][11]։ Ան հայոց այբուբենի մեծատառ «Դ» տառն է՝ երկու հորիզոնական գիծերով։

2007-ին, «» գրանշանը կը գրանցուի ՀՀ պետական չափանիշով, իսկ 2012-ին վերջնականապէս կը հաստատուի ISO/UNICODE միջազգային չափանիշներով[6][10]։

Հայկական դրամի 15-ամեակի առիթով, Կեդրոնական դրամատան դիմաց, 2008-ին կը տեղադրուի դրամին նուիրուած եւ դրամը խորհրդանշող պրոնզէ արձան մը։ Հեղինակը՝ քանդակագործ Էտուարտ Շախիկեանն է։

Թղթադրամներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2015-ի Դեկտեմբերի դրութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կը շրջանառուէին եօթը անուանական արժէքներով թղթադրամներ։ Անոնք բոլորը ունին բարձր պաշտպանուածութիւն եւ որակ[4][7], իրենց գիտարուեստական բնութագիրներով չեն զիջիր արտերկրեայ թղթադրամներուն, որոշ դէպքերու մէջ նաեւ կը գերազանցեն[12][13]։ Շրջանառութեան հետ առնչուած միւս բոլոր թղթադրամները ենթակայ են փոխանակման ՀՀ կեդրոնական դրամատուներուն եւ Հայաստանի տարածքին մէջ գործող բոլոր առեւտրային դրամատուներուն մէջ[9][14]։

1993-1995 թուականներու նմուշի թղթադրամներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գրառումները դիմերեսին՝ անուանական արժէքը թուանշաններով եւ բառերով, շարքը, տպագրման տարեթիւը, հրապարակող դրամատան անուանումը՝ «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՆՔ» (1000 եւ 5000 դրամ անուանական արժէքով թղթադրամներուն վրայ՝ «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՊԱՆՔ»), «Պանքի նախագահ» եւ «Տնտեսութեան նախարար» գրառումները եւ այդ պաշտօնեաներուն ստորագրութիւնները[Ն 1]։

Գրառումները հակակողմին՝ անուանական արժէքը թուանշաններով եւ բառերով, հրապարակող դրամատան անուանումը՝ «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՆՔ» կամ «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՊԱՆՔ»։

10, 25, 50, 100, 200 եւ 500 դրամնոց թղթադրամներուն պատկերը պատրաստած են՝ Հռաչեայ Ասլանեանը եւ Աշոտ Մանուկեանը, 1000 դրամնոց թղթադրամինը՝ Աշոտ Մանուկեանը, եւ 5000 դրամնոց թղթադրամինը՝ Հռաչեայ Ասլանեանը։ Թղթադրամները տպագրուած են գերմանական «Giesecke & Devrient» ընկերութեան մէջ։

Դիմերեսի եւ հակակողմի պատկերներ Անուանական
արժէք
Չափեր, մմ Հիմնական
գոյներ
Նկարագրութիւն Շրջանառութեան
մէջ է
Շրջանառութենէն
հանուած է
10 դրամ[Ն 2] 125×62 սրճագոյն,
մանիշակագոյն
Դիմերեսը՝ Երեւանի երկաթուղային կայարանը եւ Սասունցի Դաւիթի արձանը։
հակակողմը՝ Արարատ լեռը։
1993-11-22-էն 2014-04-01
25 դրամ[Ն 3] 125×62 դեղին,
շագանակագոյն
Դիմերեսը՝ սեպագիր արձանագրութիւն եւ առիւծի որմնանկար Էրեբունի ամրոցէն։
հակակողմը՝ զարդանախշեր։
1993-11-22-էն 2014-04-01
50 դրամ[Ն 4] 125×62 կապոյտ,
կարմիր
Դիմերեսը՝ ազգային պատկերասրահի եւ պատմութեան թանգարանի շէնքը Երեւանի մէջ։
հակակողմը՝ ՀՀ Ազգային ժողովի շէնքը։
1993-11-22-էն 2014-04-01
100 դրամ 135×65 մանիշակագոյն,
կապոյտ,
կարմիր
Դիմերեսը՝ Արարատ լեռը եւ Զուարթնոցի տաճարը։
հակակողմը՝ Սբենտիարեանի անուան օփերայի եւ պալէյի թատրոնի շէնքը։
1993-11-22-էն 2014-04-01
200 դրամ 135×65 շագանակագոյն,
դեղին,
կանաչ
Դիմերեսը՝ Էջմիածնի Ս.Հռիփսիմէ եկեղեցին եւ զարդանախշեր։
հակակողմը՝ զարդանախշեր։
1993-11-22-էն 2014-04-01
500 դրամ 135×65 կանաչ,
շագանակագոյն
Դիմերեսը՝ Տիգրան Մեծի արծաթէ դրամը, Արարատ լեռը եւ զարդանախշեր։
հակակողմը՝ բացուած գիրք՝ հայոց այբուբենի առաջին տառերով, փետուր եւ զարդանախշեր։
1994-03-01-ից[16] 2005-09-01
1000 դրամ 145×68 շագանակագոյն,
նարնջագոյն
Դիմերեսը՝ Մեսրոպ Մաշտոցի արձանը եւ Մատենադարանի շէնքը։
հակակողմը՝ Աղիտու գիւղի կոթող-մահարձանը։
1994-10-24-էն 2004-03-01
5000 դրամ 145×71 կանաչ,
մանիշակագոյն,
դեղին
Դիմերեսը՝ Գառնիի հեթանոսական տաճարը։
հակակողմը՝ Անահիտ դիցուհիի դիմաքանդակը։
1995-09-06-էն 2005-07-01
Պատկերների մասշտաբը՝ 1.4 փիքսել 1 մմ-ի վրա։

1998-2015 թուականներու նմոյշի թղթադրամներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գրառումները դիմերեսին՝ անուանական արժէքը թուանշաններով եւ բառերով, շարքը, տպագրման տարեթիւը, հրապարակող դրամատան անուանումը (բացառութեամբ 50.000 դրամ անուանական արժէքով թղթադրամին)՝ «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՊԱՆՔ» եւ անգլերէն՝ «CENTRAL BANK OF THE REPUBLIC OF ARMENIA», «պանքի նախագահ» եւ «Տնտեսութեան նախարար» գրառումները եւ այդ պաշտօնեաներուն ստորագրութիւնները[Ն 5], 50, 100, 500, 1000, 5000, 10 000 եւ 20 000 դրամնոց թղթադրամներուն վրայ՝ նաեւ պատկերուած են գործիչներուն անունները, ծննդեան եւ մահուան տարիները, իսկ 50.000 դրամնոց թղթադրամին վրայ՝ «ՔՐԻՍՏՈՆեՈՒԹՅՈՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ ՊԵՏԱԿԱՆ ԿՐՈՆ » (Քրիստոնէութիւնը Պետական Կրօն) եւ «1700» գրառումները։

Գրառումները հակակողմին՝ անուանական արժէքը թուանշաններով եւ բառերով, հրապարակող դրամատան անուանումը՝ «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹՅԱՆ ԿԵՆՏՐՈՆԱԿԱՆ ԲԱՆԿ» (Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական Պանք) եւ անգլերէն՝ «CENTRAL BANK OF THE REPUBLIC OF ARMENIA», իսկ 50.000 դրամնոց թղթադրամին վրայ՝ նաեւ «ԱՍՏՎԱԾ ԸՆԴ ՄԵԶ Է» (Աստուած Ընդ Մեզ Է) եւ «301-2001» գրառումները։

50, 100, 500, 1000, 5000, 10.000 եւ 20.000 դրամնոց թղթադրամներուն պատկերը պատրաստած է՝ Աշոտ Մանուկեանը, 50.000 դրամնոց թղթադրամինը՝ Ռուբէն Արուտչեանը, 100.000 դրամնոց թղթադրամինը՝ Յարութիւն Սամուէլեանը։ Թղթադրամները տպագրուած են աւստրիական «OeBS», բրիտանական «De La Rue», գերմանական «Giesecke & Devrient» եւ նիտըրլանտական «Joh. Enschede» ընկերութիւններուն մէջ։ 50.000 դրամ անուանական արժէքով թղթադրամը նուիրուած է Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակելու 1700-ամեակին․ ան առաջին եւ առայժմ միակ հայկական յոբելեանական թղթադրամն է, հրապարակուած է շարքէն դուրս եւ կը հանդիսանայ առանձին հրապարակում[4][18][19]։ Արժութային հարցերով միջազգային միութեան կողմէ կազմակերպուած 2010-ի միջազգային մրցոյթին, 100.000 դրամ անուանական արժէքով թղթադրամը «Տարուան լաւագոյն թղթադրամը կամ թղթադրամներու շարքը» անուանակարգին մէջ գրաւած է երկրորդ տեղը[20][21], իսկ թղթադրամներու միջազգային հանրութեան կողմէ կազմակերպուած 2010-ի միջազգային մրցոյթին մէջ՝ երրորդ տեղը «Տարուան թղթադրամը» անուանակարգին մէջ[21]։

Դիմերեսի եւ հակակողմի պատկերներ Անուանական
արժէք
Չափեր, մմ Հիմնական
գոյներ
Նկարագրութիւն Շրջանառութեան
մէջ է
Շրջանառութենէն
վերցուած է
50 դրամ 122×65 վարդագոյն,
երկնագոյն
Դիմերեսը՝ երգահան Արամ Խաչատուրեանին դիմանկարը, Սբենտիարեանի անուան օփերայի եւ պալէյի թատրոնին շէնքը։
հակակողմը՝ դրուագ «Գայեանէ» պալէյէն, Արարատ լեռը։
1998-11-23-էն 2004-04-01
100 դրամ 122×65 կապոյտ,
մանիշակագոյն
Դիմերեսը՝ աստղագէտ՝ Վիքթոր Համբարձումեանի դիմանկարը, տիեզերքի խորհրդանշական պատկերը։
հակակողմը՝ Բիւրականի աստղադիտարանը, աստղադիտակի պատկեր։
1998-11-23-էն 2004-04-01
500 դրամ 129×72 մոխրագոյն,
կարմիր
Դիմերեսը՝ ճարտարապետ Ալեքսանտր Թամանեանի դիմանկարը, հատուած Երեւանի յատակագիծէն։
հակակողմը՝ ՀՀ կառավարութեան շէնքը։
2000-09-01-էն[Ն 6]
1000 դրամ 136×72 կանաչ,
մոխրագոյն
Դիմերեսը՝ գրող Եղիշէ Չարենցին դիմանկարը, հատուած անոր բանաստեղծութիւններէն՝ Արարատ լերան ֆոնի վրայ։
հակակողմը՝ պատկեր Հին Երեւանէն՝ երկյարկանի շէնք եւ երկու ձիերով կառք։
1999-03-01-էն
5000 դրամ 143×72 կանաչ,
կասիայի գոյն
Դիմերեսը՝ գրագէտ, հեքիաթագիր, բանաստեղծ՝ Յովհաննէս Թումանեանի դիմանկարը եւ ճարտարապետական յուշարձանի հատուած մը։
հակակողմը՝ Լոռի-ի բնապատկեր Սարեանի կտաւէն[Ն 7]։
2000-07-01-էն
10 000 դրամ 150×72 մանիշակագոյն,
երկնագոյն
Դիմերեսը՝ գրագէտ՝ Աւետիք Իսահակեանի դիմանկարը՝ Արագած լերան ֆոնի վրայ, փետրագրիչ։
հակակողմը՝ տեսարան Հին Գիւմրիէն։
2003-11-01-էն
20 000 դրամ 155×72 շագանակագոյն,
դեղին,
նարնջագոյն
Դիմերեսը՝ գեղանկարիչ Մարտիրոս Սարեանին դիմանկարը՝ անոր կտաւներէն մէկուն ֆոնին վրայ։
հակակողմը՝ հատուած Սարեանի «Հայաստան» բնանկարէն։
1999-03-01-էն
50 000 դրամ 160×79 շագանակագոյն,
կասիայի գոյն
Դիմերեսը՝ Էջմիածնի Մայր Տաճարը եւ կամարի հատուած։
հակակողմը՝ խաչքար Կեչառիսէն, Արարատ լեռը եւ խորհրդանշական պատկեր․ Գրիգոր Լուսաւորիչը եւ Մեծն Տրդատ արքային ձեռքերուն վրայ կը բարձրացնէ Հայաստանեայց եկեղեցին։
2001-06-04-էն
100 000 դրամ 160×72 կապոյտ,
կասիայի գոյն
Դիմերեսը՝ Եդեսիոյ Աբգար Ե. արքան, հատուած առաջին դարու տարածաշրջանային քարտէսէն, ոսկեայ դրամ։
հակակողմը՝ Թադէոս առաքեալին կողմէ Աբգար Ե. արքային Քրիստոսի կենդանագիր պատկերով դաստառակի փոխանցման տեսարանը։
2009-08-24-էն
Պատկերների մասշտաբը՝ 1.4 փիքսել 1 մմ-ի վրա։

Մետաղադրամներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ՀՀ Կեդրոնական պանքի սահմանմամբ Հայաստանի դրամաշրջանառութեան մէջ կը գտնուին մետաղադրամներու հետեւեալ տեսակները[25]՝

  • շրջանառու մետաղադրամներ․ կը հրապարակուին դրամաշրջանառութիւնը ապահովելու նպատակով;
  • յիշատակային եւ հոբելիանական շրջանառու մետաղադրամներ․ կը հրապարակուին ի յիշատակ պատմական եւ ժամանակակից նշանակալի իրադարձութիւններուն եւ կրնան վերահրապարակուիլ;
  • հուշադրամներ․ կ'առանձնանան պատրաստման բարձր որակով եւ կը հրապարակուին ազգային, միջազգային, պատմամշակութային, հոգեւոր եւ այլ արժէքները այս ձեւով հաւերժացնելու, հասարակութեան ներկայացնելու եւ դրամագիտական շուկայի պահանջարկը բաւարարելու համար եւ ենթակայ չեն վերահրապարակման[26];
  • ներդրումային մետաղադրամներ․ կը հրապարակուին բնակչութեան՝ ազատ միջոցները արծաթէ դրամներուն ներդնելու հնարաւորութիւնը տալու, ինչպէս նաեւ ազգային պատմութեան ճանաչումը եւ մշակութային արժէքներու տարածման նպատակով եւ կրնան վերահրապարակուիլ[27][28]։

Շրջանառու մետաղադրամներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1994 թուականի նմուշի մետաղադրամներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դիմերեսը՝ ՀՀ զինանշանը եւ պետութեան անուանումը՝ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ»։

Հակակողմը՝ անուանական արժէքը՝ «ԼՈՒՄԱ» կամ «ԴՐԱՄ» գրառումով, հրապարակելու տարեթիւը (1994), «դրամ» նիշով մետաղադրամներուն վրայ՝ հատուող ճիւղերով ձեւաւորմամբ։

Մետաղադրամները պատրաստուած են Լեհաստանի դրամահատարաներուն մէջ, իսկ 10 դրամ անուանական արժէքով մետաղադրամը՝ զուգահեռաբար նաեւ Սլովաքիոյ Քրեմնիսայի դրամահատարանին մէջ։

Դիմերեսի եւ հակակողմի
պատկերներ
Անուանական արժէք Նիւթ Կշիռք, կ Տրամագիծ, մմ Դրամաշուրթ Շրջանառութեան
մէջ է
10 լումա ալիւմին 0.59 16.0 հարթ 1994-02-21-էն[Ն 8]
20 լումա ալիւմին 0.75 18.0 հարթ 1994-02-21-էն[Ն 8]
50 լումա ալիւմին 0.93 20.0 հարթ 1994-02-21-էն[Ն 8]
1 դրամ ալիւմին 1.39 22.0 ատամնաւոր 1994-02-21-էն[Ն 8]
3 դրամ ալիւմին 1.63 24.0 ատամնաւոր 1994-02-21-էն[Ն 8]
5 դրամ ալիւմին 1.98 26.0 հարթ 1994-02-21-էն[Ն 8]
10 դրամ ալիւմին 2.30 28.0 հարթ 1994-02-21-էն

2003-2004 թուականներու նմուշի մետաղադրամներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դիմերես․ կեդրոնը՝ պետական զինանշանը, աւելի ցած՝ հրապարակման տարեթիւը, եզրով՝ հրապարակող դրամատան անուանումը՝ «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹՅԱՆ ԿԵՆՏՐՈՆԱԿԱՆ ԲԱՆԿ» (10 դրամ անուանական արժէքով դրամի վրայ՝ «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹՅՈՒՆ» գրառումը), եզրով վարի մասը (բացառութեամբ 500 դրամ անուանական արժէքով մետաղադրամի)՝ անուանական արժէքը բառերով՝ «ՏԱՍԸ ԴՐԱՄ», «ՔՍԱՆ ԴՐԱՄ», «ՀԻՍՈՒՆ ԴՐԱՄ», «ՀԱՐՅՈՒՐ ԴՐԱՄ» կամ «ԵՐԿՈՒ ՀԱՐՅՈՒՐ ԴՐԱՄ»։

Հակակողմը՝ անուանական արժէքը՝ եզերուող զարդանախշային ձեւաւորմամբ։

Պատկերները պատրաստած է՝ Կարապետ Աբրահամեանը, մետաղադրամները պատրաստուած են Լեհաստանի դրամահատարանին մէջ, իսկ 50 դրամ անուանական արժէքով մետաղադրամը՝ զուգահեռաբար նաեւ Ֆինլանտայի դրամահատարանին մէջ։

Դիմերեսի եւ հակակողմի
պատկերներ
Անուանական
արժէք
Նիւթ Կշիռք, կ Տրամագիծ, մմ Դրամաշուրթ Շրջանառութեան
մէջ է
10 դրամ ալիւմին 1.30 20.0 հարթ 2004-12-01-էն
20 դրամ պղնձապատ պողպատ 2.75 20.5 հարթ 2003-01-01-էն
50 դրամ արոյրապատ պողպատ 3.50 21.5 ատամնաւոր 2003-01-01-էն
100 դրամ նիքըլապատ պողպատ 4.00 22.5 ատամնաւոր 2003-01-01-էն
200 դրամ արոյր 4.50 24.0 ատամնաւոր 2003-01-01-էն
500 դրամ մելկիոր (կեդրոն),
արոյր (օղակ)
5.00 22.0 ընդհատուող ատամնաւոր 2003-03-31-էն

Յիշատակային եւ հոբելիանական շրջանառու մետաղադրամներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ՀՀ Կեդրոնական պանքը թողարկած է նաեւ յիշատակային եւ յոբելեանական մետաղադրամներու 20 տարատեսակներ, որոնք կը բնորոշուին որպէս շրջանառու մետաղադրամներ․

  • «32-րդ շախմատային ողիմպիական ախոյեան»՝ 100 դրամ անուանական արժէքով (մելկիոր), շրջանառութեան մէջ է 1996-07-04-էն, պատրաստուած է Լեհաստանի դրամահատարանին մէջ;
  • «Անահիտ դիցուհի»՝ 25 000 դրամ անուանական արժէքով (900 հարգի ոսկի), շրջանառութեան մէջ է 1997-07-05-էն, պատրաստուած է Նիտերլանտներու արքայական դրամահատարանին մէջ ;
  • «Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 100-ամեակ»՝ 100 դրամ անուանական արժէքով (մելկիոր), շրջանառութեան մէջ է 1997-10-06-էն, պատրատուած է Մեծն Բրիտանիոյ արքայական դրամահատարանին մէջ;
  • «Հայաստանի մարզեր եւ Երեւան» շարքի 11 մետաղադրամներ՝ 50 դրամ անուանական արժէքով (արոյրապատ պողպատ), շրջանառութեան մէջ են 2012-06-25-էն, պատրաստուած են Ֆինլանտայի դրամահատարանին մէջ;
  • «Հայաստանի վայրի ծառերը» շարքի 6 մետաղադրամներ՝ 200 դրամ անուանական արժէքով (արոյր), շրջանառութեան մէջ է 2014-12-29-էն, պատրաստուած են Սլովաքիոյ Քրեմնիսայի դրամահատարանին մէջ[31]։

Յիշատակային եւ յոբելեանական մետաղադրամներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յիշատակային եւ յոբելեանական մետաղադրամները (կամ պարզապէս՝ յուշադրամներ) կրնան օգտագործուիլ որպէս վճարամիջոց, սակայն չեն օգտագործուիր որպէս այդպիսին, քանի որ հաւաքորդական առարկայ են եւ ունին անուանական արժէքէն շատ աւելի բարձր վաճառքի գին[26]։

Նշումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. 1993-1995 թուականներու նմուշի թղթադրամներուն վրայ առկայ է ՀՀ ԿԲ հետեւեալ նախագահներէն մէկուն ստորագրութիւնը՝ Իսահակ Իսահակեան, Բագրատ Ասատրեան։ Առկայ է նաեւ Հ տնտեսական հետեւեալ նախարարներէն մէկուն ստորագրութիւնը՝ Ջանիկ Ջանոյեան, Լեւոն Բարխուդարեան[15]։
  2. 1993 թվականի նմուշի 10 դրամանոց թղթադրամի վրա տառասխալով էր գրված անվանական արժեքը՝ «ՏԱՍԸ ԴՐԱՄ» ձեւի փոխարեն «ՏԱՍ ԴՐԱՄ» ձեւով։
  3. 1993 թվականի նմուշի 25 դրամանոց թղթադրամի վրա սխալ էր գրված անվանական արժեքը․ «ՔՍԱՆՀԻՆԳ» բառը գրված էր բացատով՝ «ՔՍԱՆ ՀԻՆԳ»։
  4. 1993 թվականի նմուշի 50 դրամանոց թղթադրամի վրա սխալ գրառում կար՝ «ՀՒՍՈՒՆ ԴՐԱՄ» («վյուն»-ով), պետք է լիներ «ՀԻՍՈՒՆ ԴՐԱՄ» («ինի»-ով)։
  5. 1998-2012 թվականների նմուշի թղթադրամների վրա առկա է ՀՀ ԿԲ հետեւյալ նախագահներից մեկի ստորագրությունը՝ Տիգրան Սարգսյան, Արթուր Ջավադյան։ Առկայ է նաեւ ՀՀ տնտեսութեան հետեւեալ նախարարներէն մէկուն ստորագրութիւնը՝ Էդուարդ Սանդոեան, Լեւոն Բարխուդարեան, Վարդան Խաչատրեան, Տիգրան Դաւթեան, Վաչէ Գաբրիէլեան[17]։
  6. 500 դրամ անվանական արժեքով թղթադրամները փաստացի դուրս են մղվում շրջանառությունից՝ վերաթողարկումների բացակայության եւ համարժեք մետաղադրամներով փոխարինման հետեւանքով[14][18][22]։
  7. 5000 դրամանոց թղթադրամի հակակողմին պատկերված է Մարտիրոս Սարյանի «Քարինջ գյուղի կոլտնտեսությունը Թումանյանի լեռներում» կտավի՝ համակարգչային մշակում անցած տարբերակը[23][24]։
  8. 8,0 8,1 8,2 8,3 8,4 8,5 10, 20, 50 լումա եւ 1, 3, 5 դրամ անվանական արժեքով մետաղադրամները փաստացի դուրս են մղվում շրջանառությունից՝ իրենց շատ ցածր գնողունակության պատճառով[18][29][30]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. 1,0 1,1 Հայաստանի Հանրապետության օրէնքը Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատան մասին; ՀՀ ԱԺ կայք, գլուխ 6
  2. Հայկական դրամը; armeco.am /վերցված է 2015-11-29/
  3. The Unicode Standard 8.0, Armenian; unicode.org (անգլերէն)
  4. 4,0 4,1 4,2 Դրամի պաշտպանական յատկանիշները; armworld.am[permanent dead link] /վերցված է 2015-11-27/
  5. 5,0 5,1 Վերադարձ 1993 թվական՝ դրամը 20 տարեկան է; banks.am[permanent dead link] /վերցված է 2015-11-29/
  6. 6,0 6,1 Հայկական դրամի պատմությունից. 1993-ի նոյեմբերի 22-ին «ծնվեց» հայկական դրամը; panarmenian.net /վերցված է 2015-12-02/
  7. 7,0 7,1 7,2 Драму - 15 лет; express.am Archived 2016-03-05 at the Wayback Machine. (ռուս.) /վերցված է 2015-11-27/
  8. Հայաստանի Հանրապետության դրամանիշերը, էջ 5
  9. 9,0 9,1 Դրամաշրջանառությունը ՀՀ-ում; ՀՀ ԿԲ կայք /վերցված է 2015-11-29/
  10. 10,0 10,1 Հայաստանի Հանրապետութեան դրամի գրանշանը; ՀՀ ԿԲ կայք
  11. Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատան խորհուրդ․ Արձանագրային որոշում Հայաստանի Հանրապետութեան դրամի խորհրդանշանի ընտրութեան մասին; irtek.am
  12. Հայկական դրամը պաշտպանվածության մակարդակով չի զիջում եվրոյին
  13. Հայկական դրամի պատմությունից. Նոր հայկական թղթադրամները; panarmenian.net /վերցված է 2005-11-29/
  14. 14,0 14,1 Ինչպէս է ստեղծվել հայկական դրամը; slaq.am /վերցված է 2015-11-29/
  15. Հայաստանի Հանրապետութեան դրամանիշները, էջ 14-21
  16. Հայաստանի Հանրապետութեան դրամանիշները, էջ 19
  17. Հայաստանի Հանրապետության դրամանիշերը, էջ 22-41
  18. 18,0 18,1 18,2 Ազգային դրամանիշերը; countryarmenia.com Archived 2016-08-14 at the Wayback Machine. /վերցուած է 2015-11-29/
  19. Հայաստանի Հանրապետության դրամանիշերը, էջ 38
  20. Ի՞նչ արժեն հայկական մետաղադրամները; armenian.irib.ir Archived 2019-02-03 at the Wayback Machine. /վերցված է 2016-01-05/
  21. 21,0 21,1 Հայաստանի Հանրապետության դրամանիշերը, էջ 214
  22. Շրջանառությունից հանվում են մանր թղթադրամները; azatutyun.am /վերցված է 2015-11-29/
  23. Հետաքրքիր փաստ՝ 5000 դրամանոցի մասին; asekose.am /վերցված է 2015-11-29/
  24. Armenia; tomchao.com /վերցված է 2015-11-30/
  25. Ճանաչիր քո դրամը; ՀՀ ԿԲ կայք, էջ 16-20
  26. 26,0 26,1 Հայաստանի Հանրապետության հուշադրամները; ՀՀ ԿԲ կայք
  27. Ներդրումային դրամներ; ՀՀ ԿԲ կայք /վերցված է 2015-10-23/
  28. Հայաստանի Հանրապետության դրամանիշերը, էջ 7
  29. Մինչեւ տասը դրամ անվանական արժեքով մետաղադրամների ընդհանուր ծավալը շրջանառության մեջ շուրջ 49 մլն դրամ է
  30. The coin worth less than any other in the world; bbc.com (անգլերէն) /վերցված է 2015-11-29/
  31. Մամլոյ հաղորդագրություն «Հայաստանի վայրի ծառերը» շրջանառու հիշատակային մետաղադրամների վերաբերյալ; ՀՀ ԿԲ կայք Archived 2016-03-04 at the Wayback Machine.