Հայկական Գեղջկական Երաժշտութիւն

Հայկական գեղջկական երաժշտութիւն, սկզբնաւորուած է հազարամեակներ առաջ եւ իր պատմութեան ընթացքին անդրադարձած է ազգային մշակոյթի զարգացման բոլոր նշանակալի փուլերուն։ Գեղջկական երգի տեսակը պայմանաւորուած է բանաստեղծական նիւթերով, իւրաքանչիւրը ունի իրեն բնորոշ առանձնայատկութիւններն ու երաժշտական արտայայտչամիջոցները։ Հայկական գեղջկական երաժշտութիւնը բազմաբնոյթ է՝ աշխատանքային, ծիսական, լալիք, քնարական, պատմական, պանդխտութեան (անտունիներ) երգեր, վիպերգեր,պարերգեր, կատակերգեր, օրօրներ եւ այլն։ Գեղջկական երաժշտութեան մէջ ժանրային յատկանիշները երեւան կու գան ինչպէս բանաստեղծական, այնպէս ալ երաժշտական բնագրերուն մէջ՝ լատաելեւէջային ու ռիթմային միջոցներով, համապատասխան երգուն ձեւերու մէջ։

կ՝ առանձնան հոգեւոր բնոյթի բանաստեղծութիւններով ժողովուրդի ստեղծած երգերը, տարբեր բովանդակութեան աշխարհիկ տաղերը եւ այլն։ Այս ժանրերէն յայտնի են բազմաթիւ նմուշներ, ուր կան բացառիկ արժէքաւոր ստեղծագործութիւններ՝ երաժշտական բանահիւսութեան համաշխարհային չափանիշներով՝ Կոմիտասի արձանագրած, Լոռիի, Ղարաբաղի եւ Ապարանի հորովելները, Սանահինի եւ Լոռիի կալի երգերը, Իգդիրի, Վայոց ձորի եւ Ղազախի սայլերգերը, ընկերային թեմայով՝ «Ծիրանի ծառ, բար մի տա», «Կանչէ, կռունկ», «Սիրտս նման է այն փլած տներ», բնութեան նուիրուած՝ «Լուսնակն անուշ», «Պինկիոլ», սիրոյ քնարական՝ «Գարուն ա», «Չինար ես՝ կեռանալ մի», «Քելեր, ցոլեր իմ եարը», «Կուժն առայ ելայ սարը» եւ «Գնա, գնա, հետիդ եմ», հարսանեկան երգերու ամբողջութիւնը, Ակնայ բազմաժանր երգերու շարքերը։

Դարերու ընթացքին աստիճանաբար մշակուած ու կատարելագործուած է ժողովրդական երգը (անհետացած են որոշ ժանրեր, ի յայտ եկած են նորերը)։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայաստան» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։