Jump to content

Հայկական Բժշկական Ինստիտուտ

Հայկական Բժշկական Ինստիտուտ
Հիմնադրուած է 1990
Երկիր  Հայաստան
Հասցէ Տիտոգրադյան փողոց 14, Երևան և Titogradyan Street 14, Yerevan
Կայք armedin.am

Հայկական բժշկական ինստիտուտ, ՀԲԻ, բժշկական բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն՝ Երեւանի մէջ։ Հիմնադրուած է 1990-ին՝ դառնալով առաջին ոչ պետական բժշկական Բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնը՝ Հայաստանի մէջ։

Հիմնարկը ունի երկու բաժանմունք:

Ուսուցումը կը կատարուի հայերէն լեզուով։

Հիմնարկը կը զբաղեցնէ 32-րդ հորիզոնականը՝ ազգային եւ 12271-րդ հորիզոնականը՝ համալսարաններու համաշխարհային վարկանշային աղիւսակին մէջ։

Տեղակայուած է Երեւանի Էրեբունի թաղամասին մէջ[1]:

Հայկական բժշկական ինստիտուտը հիմնադրուած է 1990-ին՝ երիտասարդ բժիշկներու կողմէ։

Ուսումնական հաստատութեան հիմնադրման օրերուն, անոնք հանդիպած են բազմաթիւ խոչընդոտներու՝ մասնագիտական սարքաւորումներու անբաւարարութեան, տարրալուծարաններու կահաւորման սղութեան եւ այլ պատճառներով։

Նոյնիսկ հիմնարկին գաղափարը չէ ընդունուած հանրութեան կողմէ։ Խիստ բացասական եղած է Հայաստանի առողջպահութեան նախարարութեան դիրքորոշումը, զոր կը գլխաւորէր նորանշանակ նախարար Միհրան Նազարէթեանը։ Վերջինս կը յայտարարէ, որ ոչինչով կ'ուզէ օգտակար դառնալ եւ բժշկական հաստատութիւններուն կը հրահանգէ շէնք չտրամադրել հիմնարկին։ Երեւանի պետական բժշկական համալսարանը նոյնպէս չէ ողջունած նոր հիմնարկին հիմնադրման գաղափարը։ Սակայն բազմաթիւ բժիշկներ ակնկալած են, որ նախարարութիւնն ու բժշկական միութիւնը պէտք է համագործակցին եւ նպաստեն երկրորդ բժշկական համալսարանի մը ստեղծման, որուն շնորհիւ կը վերանան բացասական միտումները եւ կը քաջալերեն բժշկական կրթութեան ընդհանուր որակին բարելաւման։

Այդ օրերուն, Երեւանի մէջ կը գործէր Միութենական վիրաբուժութեան մասնաճիւղը, որ կը գտնուէր ԽՍՀՄ առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայութեան ներքոյ եւ չէր ենթարկուեր Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան: Ղեկավարն էր՝ ակադեմիկոս Ալեքսանդր Միքայէլեանը։ Լարիսա Ժուռուլիի համագործակցութեամբ, փրոֆէսոր Միքայէլեան կը համաձայնի վարձքով շէնք մը տրամադրել ՀԲԻ-ին։ Իբրեւ հիմք կը ծառայէ Սրտաբանութեան ինստիտուտը, որուն փրոֆէսորներն ալ կը դառնան ՀԲԻ-ի առաջին դասախօսները։

1991-ին, ՀԲԻ-ն տեղափոխուած է Էրեբունի բժշկական կեդրոն, ուր կը գործէ մինչեւ օրս։ Հակառակ նախարարին արգելքին՝ Երեւանի առողջապահութեան վարչութեան պետ Արմէն Սարգսեանը ապահոված է տեղափոխութիւնը եւ նշանակած այդ հիւանդանոցին նոր գլխաւոր բժիշկը։ Հիւանդանոցին շնորհիւ յաջողած է կարգաւորել գործնական դասաւանդումը։

Վերջինս կը յայտարարէ, որ ոչինչով կ'ուզէ օգտակար դառնալ եւ բժշկական հաստատութիւններուն կը հրահանգէ շէնք չտրամադրել հիմնարկին։ Երեւանի պետական բժշկական համալսարանը նոյնպէս չէ ողջունած նոր հիմնարկին հիմնադրման գաղափարը։ Սակայն բազմաթիւ բժիշկներ ակնկալած են, որ նախարարութիւնն ու բժշկական միութիւնը պէտք է համագործակցին եւ նպաստեն երկրորդ բժշկական համալսարանի մը ստեղծման, որուն շնորհիւ կը վերանան բացասական միտումները եւ կը քաջալերեն բժշկական կրթութեան ընդհանուր որակին բարելաւման։ Այդ օրերուն, Երեւանի մէջ կը գործէր Միութենական վիրաբուժութեան մասնաճիւղը, որ կը գտնուէր ԽՍՀՄ առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայութեան ներքոյ եւ չէր ենթարկուեր Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան: Ղեկավարն էր՝ ակադեմիկոս Ալեքսանդր Միքայէլեանը։ Լարիսա Ժուռուլիի համագործակցութեամբ, փրոֆէսոր Միքայէլեան կը համաձայնի վարձքով շէնք մը տրամադրել ՀԲԻ-ին։ Իբրեւ հիմք կը ծառայէ Սրտաբանութեան ինստիտուտը, որուն փրոֆէսորներն ալ կը դառնան ՀԲԻ-ի առաջին դասախօսները։ 1991-ին, ՀԲԻ-ն տեղափոխուած է Էրեբունի բժշկական կեդրոն, ուր կը գործէ մինչեւ օրս։ Հակառակ նախարարին արգելքին՝ Երեւանի առողջապահութեան վարչութեան պետ Արմէն Սարգսեանը ապահոված է տեղափոխութիւնը եւ նշանակած այդ հիւանդանոցին նոր գլխաւոր բժիշկը։ Հիւանդանոցին շնորհիւ յաջողած է կարգաւորել գործնական դասաւանդումը

1996-ին աւարտած է ՀԲԻ-ի առաջին ուսանողներու ուսուման ընթացքը, սակայն պարզուած է, որ Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութիւնը չի վաւերացներ այդ հիմնարկին վկայականները։ Սկսած է դատական պարզաբանումներու գործընթաց մը, եւ 2001-ին, հիմնարկը ստացած է պետական արտօնագիր՝ 0008 թիւով, որուն շնորհիւ շրջանաւարտներուն շնորհուած է պետական վկայական[2]։

Հայկական բժշկական հիմնարկը ունի երկու բաժանմունք՝

  • Բուժական բաժանմունք, ուր ուսուցումը կը տեւէ 6 տարի, շրջանաւարտները կը ստանան բժիշկի վկայական՝ «բուժական գործ» մասնագիտութեամբ (091201.00.7),
  • Ատամնաբուժական բաժանմունք, ուր ուսուցումը կը տեւէ հինգ տարի, շրջանաւարտները կը ստանան բժիշկի վկայական՝ «բժիշկ-ատամնաբուժի» մասնագիտութեամբ (091101.00.7):

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Հայկական բժշկական ինստիտուտ
  2. Հայկական բժշկական հիմնարկը ունի երկու բաժանմունք