Jump to content

Հայերը Ֆրանսայի Մէջ

Ֆրանսահայեր, Ֆրանսայի մէջ բնակող հայերը։

Հայերը Ֆրանսայի տարածքին յայտնուած են վաղ միջնադարուն։ Աղբիւրներու վկայութեամբ՝ 591 թուականին, հայազգի Սիմէոն եպիսկոպոս հիւրընկալուած է Թուր քաղաքին եկեղեցւոյ մէջ, որ կը վկայէ հոն հայկական հսկայ գաղութի մը գոյութեան մասին[1]։

Ֆրանսայի տարածքին հայկական հոծ համայնք մը հաստատուած է, երբ Ֆրանսայի թագաւորութիւնը եւ Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութիւնը սերտ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած են։

Ֆրանսացի ասպետներ ԺԱ. դարէն սկսեալ հաստատուած են հայոց թագաւորութեան տարածքին։ Հայոց արքաներ իրենց ծառայութեան դիմաց անոնց հողեր ու արտօնութիւններ շնորհած են, իսկ բազմաթիւ հայկական ազնուական տուներ խնամիական կապեր հաստատած են ֆրանսացի ասպետներու հետ[2]։

ԺԴ. դարուն, հայոց գահին կը բարձրանայ ֆրանսական ծագումով Լուսինեաններու արքայատոհմը, որ նոյն ժամանակաշրջանին կը տիրապետէր նաեւ Կիպրոսի թագաւորութեան։ Վարկածի մը համաձայն, նոյնիսկ Ֆրանսայի Վալուաներու արքայական տոհմը հայկական արմատներ ունեցած է։

Որոշ շրջան մը, Ֆրանսայի մէջ գործած է հայ քաղաքական ու դիւանագիտական նշանաւոր գործիչ Իսրայէլ Օրին։ Վերջինս յաջողակ առեւտրական էր, որ կը զբաղէր ֆրանսական բանակի մատակարարմամբ եւ ունէր հանդերձաւորման ու պարենաւորման մենաշնորհ։

Ուշ միջնադարուն, Ֆրանսայի մէջ գործած են բազմաթիւ հայ ռազմական նշանաւոր դէմքեր, ներառեալ Նափոլէոնի բանակի հայ գործիչները՝ Մուրատ եւ Ռոստոմ։

ԺԹ. դարավերջէն սկսեալ, հայերու հոսքը դէպի Ֆրանսա կը ստուարանայ։ Մանաւանդ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, Ֆրանսա կը դառնայ առաջին երկիրը Եւրոպայի մէջ, որ լայնօրէն կը հիւրընկալէ հայ գաղթականութիւնը։ Այսօր Ֆրանսայի մէջ կը բնակի մօտաւորապէս մէկ միլիոն հայ։

Դիւանագիտական յարաբերութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայ-ֆրանսական միջ-պետական եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններուն մէջ յատուկ տեղ կը գրաւեն Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան բարեկամական կապերը։

Արեւելքի մէջ կռուող ֆրանսական զօրքերու կազմին մէջ բացառապէս հայերէ կազմուած է Արեւելեան լեգէոնը, որ կը փայլի Օսմանեան Թուրքիոյ դէմ մղուած պատերազմներուն, յատկապէս Արարայի ճակատամարտին։

Մուսա լերան հերոսամարտի օրերուն, հայութիւնը կը փրկուի ֆրանսական «Կիշեն» ռազմանաւին միջամտութեամբ։

Այնուամենայնիւ, հայ-ֆրանսական յարաբերութիւնները միշտ բարեկամական չեն եղած։ Սեւրի դաշնագիրով (10 Օգոստոս 1920) Ֆրանսայի ենթակայութեան կ'անցնի Կիլիկիան, ուր հայութիւնը կը փորձէ ազգային պետականութիւն ստեղծել։ Սակայն Ֆրանսայի կառավարութեան քաղաքականութեան հետեւանքով այդ նախաձեռնութիւնը կը ձախողի, կիլիկիահայութիւնը կ'ենթարկուի կրկնակի ջարդի ու տեղահանութեան։ Ֆրանսա կը լուծարէ Արեւելեան լեգէոնը, կը զինաթափէ հայկական ուժերը եւ Կիլիկիոյ տարածքը կը յանձնէ Թուրքիոյ։

Հայերը Ֆրանսայի հանրային-քաղաքական կեանքին մէջ ունեցած են նշանակալի դեր։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի օրերուն, Փարիզի մատոյցներուն, հայ պարտիզանական երկու գումարտակ կը կռուի։ Անոնց առաջնորդ Միսաք Մանուշեան այսօր կը ճանչցուի իբրեւ Ֆրանսայի ազգային հերոս։

Մշակութային կեանք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ֆրանսան գրաւած է նաեւ հայ մշակոյթի գործիչները։ ԺԴ. դարուն Փուատիէ քաղաքին մէջ կը հաստատուի Կիլիկիոյ իշխան Օշին պայլի որդին՝ Հեթում պատմիչը, որ իր ֆրանսերէն գրուած «Պատմութիւն թաթարաց» աշխատութեամբ նշանաւոր դարձած է ամբողջ Եւրոպայի մէջ։

Ֆրանսայի մէջ գործած են հայկական տպարաններ եւ հրատարակչութիւններ։ 1855-ին Փարիզի մէջ լոյս կը տեսնեն «Արեւելք» եւ «Մասեաց աղաւնի» թերթերը։

Ընդհանուր առմամբ, մինչեւ այսօր, Ֆրանսայի մէջ լոյս տեսած են 200-է աւելի հայկական պարբերականներ։

1846-ին Փարիզի մէջ Մխիթարեան միաբանութիւնը կը հիմնէ առաջին հայկական ուսումնական հաստատութիւնը՝ Սամուէլ-Մուրատ վարժարանը։

Այսօր հայերէնը Ֆրանսայի մէջ ունի առաջին կարգի օտար լեզուի կարգավիճակ։

Հայ մշակոյթի նշանաւոր գործիչներէն՝ Ֆրանսայի մէջ ապրած ու գործած են Շահան Շահնուր, Վազգէն Շուշանեան, Արշակ Չոպանեան, նկարիչներ Էտկար Շահին, Վարդան Մախոխեան, քանդակագործ Յակոբ Կիւրճեան, գիտնականներ՝ Նիկողայոս Ադոնց, Զատիկ Խանզատեան եւ ուրիշներ։

Ֆրանսահայերուն մէջ կան Կաթոլիկ եւ Աւետարանական հետեւորդներ, բայց գերակշռողը առաքելադաւան հայութիւնն է։

1902-ին Ալեքսանտր Մանթաշեանցի ջանքերով, Փարիզի մէջ կը կառուցուի առաջին հայկական եկեղեցին՝ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչը։ Ներկայիս Ֆրանսայի մէջ կը գործեն շուրջ 25 առաքելական եկեղեցիներ։

Հայերը մեծ դեր ունեցած են Ֆրանսայի մշակոյթի եւ քաղաքական կեանքին մէջ։ Նշանաւոր անուններէն են՝ շանսոնիէ Շարլ Ազնաւուրը, գրող եւ ակադեմիկոս Անրի Թրուայան, նկարիչներ՝ Ժանսեմ եւ Գառզու, երգահաններ՝ Միշէլ Լըկրրան, Փաթրիք Ֆիորի, Ժորժ Կառվարենց, բեմադրիչ Անրի Վեռնէօյ, գիւտարար Հրանդ Ճէվահիրճեան, պետական գործիչ Փաթրիք Տեվէճեան եւ ուրիշներ։

Մարզական ասպարէզին մէջ աչքի ինկած են ոտնագնդակի աշխարհի ախոյեաններ՝ Եուրի Ճորքայէվ, Ալեն Պօղոսեան եւ ինքնաշարժի ռալիի ախոյեան՝ Ալէն Փրոսթը։

Այսօր Ֆրանսայի մէջ կը գործեն հարիւրաւոր հայկական դպրոցներ, կրթական եւ մշակութային միութիւններ, թանգարաններ, բարեգործական ընկերութիւններ, եկեղեցիներ, հայկական ռատիօ եւ հեռատեսիլ։

Ֆրանսայի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններուն թիւը կը գերազանցէ հինգ հարիւրը։

Բազմաթիւ քաղաքներ կը կրեն հայկական անուններ, եւ բազմաթիւ ֆրանսական ու հայկական քաղաքներ կապուած են «քոյր քաղաքներու» համագործակցութեամբ[3]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]