Jump to content

Հայերը Շուէտի Մէջ

Շուէտի դրօշը
Շուէտի վարչական բաժանում

«Հայերը Շուէտի Մէջ», ներգաղթեալ հայեր են եւ անոնց ժառանգները, որոնք կ'ապրին Շուէտի մէջ։ Հայերուն թիւը շուրջ 13,000 կը հաշուէ[1]: Վերջերս Շուէտը նաեւ որոշ ներհոսք ունեցաւ Հայաստան-էն։ Շուէտի հայերուն մեծ մասը կ'ապրին [[Ստոքհոլմ]ի մէջ, իսկ զգալի թիւը՝ Ուփսալայի մէջ:

10-րդ դարու շուէտական աւանդութեան համաձայն՝ Պետրոս անունով ծովագնաց մը այնքան հմայուած է հայ արքայադստեր գեղեցկութեամբ, որ ճանապարհորդած է Հայաստան եւ ամուսնացած է անոր հետ։ Հայկական ազդեցութեան հետքերը կը նկատուին շուէտական բազմաթիւ գրական աշխատութիւններուն եւ հետազօտական փաստաթուղթերուն մէջ, յատկապէս միջնադարուն։[2]

Շուէտի մէջ հայերու պաշտօնական ներկայութիւնը սկսած է 18-րդ դարէն։ 1714-ին Թուրքիայէն խումբ մը հայեր ուղեկցած են Շուէտի թագաւոր Քառլ XII-ին դէպի Շուէտ եւ տարիներու ընթացքին մնացած են այնտեղ՝ ներգրաւուելով շուէտական հասարակութեան մէջ։ Հետագային, շատ հայեր աշխատանքի սկսած են Օսմանեան Թուրքիոյ Շուէտի դեսպանատան մէջ։ Անոնց կարգին էին Յակոբ Չամիչօղլուն (Չամիչեան), որ 18-րդ դարու սկիզբը ծառայած է Կոստանդնուպոլսոյ Շուէտի դեսպանատան մէջ, եւ Յովհաննէս Մուրադճեանը, որ 18-րդ դարու կէսերուն նոյն դեսպանատան մէջ զբաղեցուցած է թարգմանիչի կարեւոր պաշտօն։ Տարիներու ընթացքին, Մուրադճեաններու ընտանիքը սերտօրէն կապուած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ Շուէտի դիւանագիտական կեանքին հետ։

Մուրադճեաններու աւագ որդին եւ թոռը՝ Իգնատիուս Մուրադճա դ'Օհսոնը եւ Աբրահամ Կոստանթին դ'Օհսոնը, յայտնի եղած են Շուէտ պատմաբաններու շրջանին: Աբրահամ Կոստանթին Մուրադճա դ'Օհսոնը ծառայած է շուէտական դիւանագիտական կորպուսին մէջ եւ տարբեր ժամանակներում ընթացքին ծառայած է Սպանիոյ, Հոլանտայի եւ Գերմանիոյ մէջ: Ան մահացած է Պերլինի մէջ 1851-ին: Աբրահամը աւարտած է իր կրթութիւնը Շուէտի Ուփսալայի համալսարանին մէջ՝ ուսումնասիրելով շուէտական գրականութիւն, պատմութիւն, դիցաբանութիւն եւ մշակոյթ: Ան սերտօրէն համագործակցած է յայտնի Շուէտ գիտնական Ճոն Պերզելիուսի հետ եւ դարձած է Ուփսալայի գիտական միութեան պատուաւոր անդամ՝ ի նշան քիմիայի ոլորտին մէջ իր հետազօտութիւններուն:[2]

Դամասկոսցի հայ վաճառական Ժան Անաստացին 1828-ան 1857 թուականներուն ծառայած է որպէս Շուէտի գլխաւոր հիւպատոս Եգիպտոսի մէջ: Պոլ Սերֆինոն (Սերաֆեան) նմանատիպ կարեւոր պաշտօն է զբաղեցուցած է Կոստանդնուպոլսոյ Շուէտի դեսպանատան մէջ:[2]

Այս միտումը շարունակուեցաւ տասնամեակներ շարունակ։ Ստեփան Պէյ Տէմիրճեանի որդին՝ 1844-1853 թուականներուն Եգիպտոսի արտաքին գործերու նախարարը՝ ծառայած եւ Սուէս ջրանցքի բացման գործին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած Օհան Տէմիրճեանը, սերտ կապեր հաստատեց Շուէտի թագաւորական ընտանիքին հետ։[3] Տէմիրճեանը, որ բնակութիւն հաստատեց Շուէտի մէջ եւ քաղաքացիութիւն ստացաւ 1867 թուականին, շուէտական ակադեմիական շրջանակներուն մէջ յայտնի է որպէս այդ դարաշրջանի եւրոպական երկիրներու եւ Արեւելքի միջեւ առեւտրային յարաբերութիւններու մասին երկու գիրքերու հեղինակ։ Տէմիրճեանը նաեւ փոքրիկ մատուռ մը կառուցած է Ստոքհոլմի ծայրամասին մէջ: Շէնքը դեռեւս կանգուն է, եւ հայկական եկեղեցական կառոյցներուն ծանօթ ճարտարապետներն ըսած են, որ անոր ներքին ոճը, մասնաւորապէս կամարները եւ խորանանման հատուածը, շատ մօտ են աշխարհի տարբեր հայկական եկեղեցիներուն հանդիպող ոճին:

Սկզբնապէս հայերուն մեծ մասը եկած էր 20-րդ դարու երկրորդ կէսին այնպիսի երկիրներէ, ինչպիսիք են Լիբանանը, Սուրիան եւ Իրանը, սակայն անոր շարք մը անդամները գաղթած են Լեհաստանէն եւ անդամակցած են Հայ կաթոլիկ եկեղեցիին (տե՛ս Կաթոլիկ եկեղեցի Շուէտի մէջ): Ապա, դէպի Շուէտ որոշակի ներհոսք նկատուած է նաեւ Հայաստանէն:

Աւելի ուշ անոնց միացան բազմաթիւ հայեր Իրաքէն, հետեւելով նոյն ճանապարհին, ինչ որ զգալի թիւով իրաքցի արաբներ, իրաքցի քուրտեր եւ իրաքցի ասորիներ, որոնք ընտրած էին Շուէտը՝ Իրաքի քաղաքական խառնաշփոթէն խուսափելու եւ երկրին մէջ բնակութիւն հաստատելու համար։ Աւելի ուշ, Սուրիոյ պատերազմին պատճառով սուրիահայեր եւս մեկնեցան Շուէտ: Կայ նաեւ հայ ներգաղթեալներու ալիք Հայաստանան եւ Ռուսաստանէն։

Հայերը ստեղծած են իրենց սեփական աւանդական կազմակերպութիւնները՝ Շուէտի մէջ ստեղծելով նաեւ «Հայկական միութիւններու միութեան խորհուրդը»։ ՀՄԸՄ-ը Շուէտի մէջ կը գործէ որպէս սկաուտական եւ մարզական միութիւն։ Նոյնպէս կը գործէ Շուէտի Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ)՝ Ստոքհոլմի մէջ գտնուող։ Կը գործէ նաեւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշկթ. Միութիւնը՝ աշխուժացնելով համայնքի մշակութային կեանքը:

Հայերուն մեծ մասը կը պատկանի Հայ Առաքելական Եկեղեցի-ին, որ կը գտնուի Սուրբ Էջմիածինի իրաւասութեան ներքոյ։ [[Պոտքիրքայի քաղաքապետարանին մէջ] կը գործէ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Խորհուրդը եւ եկեղեցին։[4] Եկեղեցիին կից կը գործէ նաեւ «Արեւիկ եկեղեցւոյ երիտասարդական» մասնաճիւղ կազմակերպութիւնը։

Աւելի փոքր թիւ մը կը պատկանի Հայ կաթոլիկ եկեղեցիին (մօտ 150 ընտանիք): Եկեղեցական ծառայութիւններ կը մատուցուին նաեւ Սիոտերթելյէ-յի եւ Դրոլհեթանի մէջ:

  1. ՇՈՒԷՏԻԱՆ ԵՒ ՇՈՒԷՏԱՀԱՅԵՐԸ «ՔՍԱՆ ՏԱՐԻ ԱՆՑ
  2. 2,0 2,1 2,2 Բախչինյան Արծվի (2000)։ «Հայ-սքանդինաւեան յարաբերութիւնները վաղ միջնադարէն մինչեւ տասնութերորդ դար»։ Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու ընկերութեան հանդէս 11: 65–81 
  3. «History»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-01-17-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-05 
  4. Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը Շուէտի մէջ

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]