Հայաստանի Պետական Տնտեսագիտական Համալսարան

Հայաստանի Պետական Տնտեսագիտական Համալսարան
Հիմնադրուած է 1975[1]
Տիպ հասարակական
Երկիր  Հայաստան
Կայք asue.am
Armenian State University of Economics Վիքիպահեստում

Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանը, որպէս ինքնուրոյն միաւոր հիմնադրուած է 6 Օգոստոս 1975-ին եւ տեղակայուած՝ Աբովեան 52 հասցէին մէջ։ ԲՈՒՀ-ի անուանումը սկզբը եղած է Երեւանի ժողովրդական տնտեսութեան հիմնարկ, ապա Երեւանի պետական տնտեսագիտական համալսարան։ 2006-ին, համալսարանը վերանուանուեցաւ «Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարան» պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութիւն։ 1995-էն ԲՈՒՀ-ը տեղափոխուեցաւ Նալպանտեան 128 հասցէ։ ՀՊՏՀ-ի կազմին մէջ կայ 5 ասպարէզ, որոնցմէ 4-ը կը գտնուին Նալպանտեան 128 հասցէի մէջ, իսկ տեղեկութեան եւ վիճակագրութեան ասպարէզը կը գտնուի Զէյթուն թաղամասին մէջ։ ՀՊՏՀ-ի կազմին մէջ կը գործէ 25 բաժին։ ՀՊՏՀ-ն մասնաճիւղեր ունի Գիւմրիի եւ Եղեգնաձորի մէջ։

ՀՊՏՀ-ի ասպարէզներ են.

  • Կառավարման ասպարէզ
  • Տեղեկութեան եւ վիճակագրութեան ասպարէզ
  • Դրամային ասպարէզ
  • Տնտեսութեան կարգաւորման եւ միջազգային տնտեսական յարաբերութիւններու ասպարէզ
  • Արեւտուրի կազմակերպման ասպարէզ
  • Հաշուապահական հաշուառման եւ դատաքննութեան ասպարէզ

ՀՊՏՀ-ն Դիլիջանի գեղատեսիլ վայրէն մէկուն մէջ՝ Բլդան գետի ափին, ունի մարզաառողջարարական ճամբար, ուր Յուլիս-Օգոստոս ամիսներուն վճարովի տարբերակով կը հանգստանան ուսանողները։

Մասնաճիւղեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եղեգնաձորի մասնաճիւղ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մասնաճիւղը հիմնադրուած է 2007-ին ՀՀ կառավարութեան որոշմամբ։ Առաջին ընդունելութիւնը կազմակերպուած է 2008-ին երեք մասնագիտութիւններու գծով՝ տնտեսութիւն, միջազգային տնտեսական յարաբերութիւններ եւ կառավարում։ 2011-2012 ուսումնական տարուայ դրութեամբ մասնաճիւղին մէջ կը սորվի շուրջ 100 ուսանող։ Դասախօսներու անձնակազմի հիմնական մասը կը ժամանէ մայրաքաղաքէն։ Մասնաճիւղի ուսանողներու ու անձնակազմի շնորհիւ եւ տեղական ու միջազգային կազմակերպութիւններու աջակցութեամբ մասնաճիւղին մէջ ստեղծուած է եւ կը գործէ «Երիտասարդական նախաձեռնութիւններու կեդրոնը», որուն աշխոյժները կը հանդիսանան ոչ միայն ուսանողները, այլեւ Եղեգնաձոր քաղաքի եւ յարակից համայնքներու երիտասարդները։ Մասնաճիւղի համագործակցութիւնը բաւականին մեծ է նաեւ տեղական ու միջազգային շարք մը կառոյցներու հետ։ «Կայուն զարգացման հիմնադրամի», գերմանական GIZ-ի եւ ԱՄՆ դեսպանատան հետ իրականացուած շարք մը ծրագիրներու արդիւնքին մէջ մասնաճիւղի գիտարուեստական վերազինման մակարդակը բարձրացած է, կը գործեն ելեկտրական ժամանակակից սարքաւորումներով յագեցած լսարաններ։

Գիւմրիի մասնաճիւղ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ՀՊՏՀ Գիւմրիի մասնաճիւղը հիմնադրուած է 30 Մայիս 1997-ին ՝ ըստ ՀՀ Կառավարութեան 131-րդ որոշման։ 2000-ին պայմանագիր կնքուած է Մոսկուայի Լոմոնոսովի անուան պետական համալսարանի տնտեսագիտութեան հիմնարկին հետ՝ ըստ որուն հնարաւորութիւն կ՛ունենայ մասնաճիւղի երկրորդ տարուան երկու լաւագոյն ուսանողի ուսումը շարունակելու Մոսկուայի Լոմոնոսովի անուան պետական համալսարանի տնտեսագիտութեան հիմնարկին մէջ։ 1997-2011 թ. մասնաճիւղի դասախօսական կազմը հրատարակած է շարք մը դասագիրքեր, ուսումնական ձեռնարկներ, գիտական յօդուածներ: Գիտահետազօտական բաժինը կազմակերպած է 10 հանրապետական գիտական նստաշրջաններ եւ ուսանողական գիտաժողովներ։ Դասախօսները մասնակցած են երկու տասնեակէ աւելի միջազգային գիտաժողովներու աշխարհի տարբեր գիտակրթական կեդրոններու մէջ։ Մասնաճիւղին մէջ կ՛իրականացուին գիտահետազօտական աշխատանքներ՝ «Տարածքային կառավարման դրամական հիմնախնդիրները» եւ «Պետական սեփականութեան արդիւնաւէտ կառուցուածքի ձեւաւորման խնդիրները եւ անոնց լուծման ուղիները» (վերջինս կը կատարուի ՀՀ ԿԳ նախարարի համապատասխան հրամանով) թեմաներով։

Ասպարէզներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կառավարման Ասպարէզ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանի կառավարման ասպարէզը ձեւաւորուած է 1979-ին՝ ճիւղային տնտեսագիտութեան ասպարէզի հենքի վրայ։ Աս ասպարէզը, սկզբնապէս անուանուած է աշխատանքի տնտեսագիտութեան եւ կազմակերպման ասպարէզ, իսկ կառավարում անուանումը ստացած է, երբ միջազգային տնտեսական յարաբերութիւններ մասնագիտութիւնը տեղափոխուած է տնտեսութեան կարգաւորման եւ միջազգային տնտեսական յարաբերութիւններու ասպարէզի կազմ։

Կառավարման ասպարէզի կազմին մէջ ընդգրկուած ճիւղերն են.

  • Կառավարման ճիւղ
  • Փորքր Քաղաքական Տնտեսութիւն եւ ձեռնարկատիրական գործունէութեան կազմակերպման ճիւղ
  • Աշխատանքի տնտեսագիտութեան ճիւղ
  • Հակաճգնաժամային եւ զբօսաշրջութեան կառավարման ճիւղ
  • ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի կրթութեան կառավարման ճիւղ
  • Օտար լեզուներու ճիւղ

Տնտեսութեան կարգաւորման եւ միջազգային տնտեսական յարաբերութիւններու ասպարէզ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ասպարէզի մասին՝ ասպարէզը (նախկինին՝ քաղաքացիական տնտեսութեան ծրագրում, այնուհետ՝ ընդհանուր տնտեսագիտութեան) կը գործէ համալսարանի հիմնադրման օրուընէ։

Տնտեսութեան կարգաւորման եւ միջազգային տնտեսական յարաբերութիւններու ասպարէզի կազմին մէջ ընդգրկուած ճիւղերը՝

  • Փորքր Քաղաքական Տնտեսութեան ճիւղ
  • Տնտեսագիտութեան տեսութեան ճիւղ
  • Միջազգային տնտեսական յարաբերութիւններու ճիւղ
  • Բնօգտագործման տնտեսագիտութեան ճիւղ
  • Փիլիսոփայութեան եւ հայոց պատմութեան ճիւղ
  • Իրաւագիտութեան եւ քաղաքագիտութեան ճիւղ

Տնտեսական Ասպարէզ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Համալսարանի ստեղծման առաջին իսկ օրէն հիմնադրուած է տնտեսութեան ասպարէզը, որ այսօր վերակազմաւորուած է տնտեսագիտական ասպարէզի։

Ասպարէզը գիտաուսումնական սերտ կապերու մէջ է Ֆրանսայի Լիոն քաղաքի առեւտրաարդիւնաբերական պալատի, Փարիզ-12 եւ Սպանիոյ Սարագոսայի համալսարաններու հետ։

Ֆինանսական ասպարէզի կազմին մէջ ընդգրկուած ճիւղերն են.

  • Ֆինանսներու ճիւղ
  • Բանկային գործի եւ ապահովագրութեան ճիւղ

Առեւտուրի եւ տնտեսութեան կազմակերպման ասպարէզ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առեւտուրիի եւ տնտեսութեան կազմակերպման ասպարէզը ՀՊՏՀ ամենահին կառուցուածքային ստորաբաժանումներէն է, որ ձեւաւորուած է 1975-ին Երեւանի պետական համալսարանին մէջ թերեւս 1964-ին գործող ապրանքագիտութեան եւ առեւտուրի քաղաքացիական տնտեսութեան ասպարէզի հիմքի վրայ։

Առեւտուրի եւ տնտեսութեան կազմակերպման ‎‎‎‎‎‎‎‎ասպարէզի կազմին մէջ ընդգրկուած ճիւղերն են.

  • Առեւտուրի ճիւղ
  • Վաճառականութեան եւ տնտեսութեան կազմակերպման ճիւղ
  • Ապրանքագիտութեան եւ արուեստագիտութեան ճիւղ
  • Հայոց եւ ռուսաց լեզուներու ճիւղ
  • Ֆիզիքական մարզանք, արտակարգ իրավիճակներու եւ քաղպաշտպանութեան ճիւղ

Ինֆորմաթիքսի եւ վիճակագրութեան ասպարէզ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վիճակագրութեան եւ Ինֆորմաթիքսի մշակման ասպարէզը ստեղծուած է 1975-ին՝ ԵրԺՏԻ-ի կազմին մէջ։ 1991-ին վերանուանուած է ճարտարագիտական ասպարէզ, 2004-էն՝ Տնտեսագիտական կիբեռնեթիքսի ասպարէզ, իսկ 2007-էն վերանուանուած է Ինֆորմաթիքսի եւ վիճակագրութեան ասպարէզ։

Ինֆորմաթիքսի եւ վիճակագրութեան ասպարէզին մէջ ընդգրկուած ճիւղերն են.

  • Վիճակագրութեան ճիւղ
  • Թուաբանական տնտեսութեան ձեւերու ճիւղ
  • Տնտեսական ինֆորմաթիքսի եւ տեղեկատուական համակարգերու ճիւղ

Հաշուապահական հաշուառման եւ հաշուեքննութեան ասպարէզ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հաշուապահական հաշուառման եւ հաշուեքննութեան ասպարէզը հիմնադրուած է 2011-ին։ Յառաջիկայ տարիներուն կը նախատեսուի մասնագիտացման նոր ուղղութիւն՝ տնտեսական վերլուծութիւն։

Հաշուապահական հաշուառման եւ հաշուեքննութեան ասպարէզներուն մէջ ընդգրկուած ճիւղերն են.

  • Ֆինանսական հաշուառման ճիւղ
  • Կառավարչական հաշուառման եւ հաշուեքննութեան ճիւղ

Կրթութեան կազմակերպումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2004-էն համալսարանը կ՛անցնի կատարեալ երկաստիճան՝ ընթացաւարտցու ուսողութեան եւ մասնագիտական կրթական համակարգին։ Ուսման տեւողութիւնը առկայ ընթացաւարտցու ուսողութեան մէջ 4 տարի է, առկայ մասնագիտութեան մէջ՝ 2, հեռակայ ընթացաւարտու ուսողութեան մէջ՝ 5, հեռակայ մասնագիտութեան մէջ՝ 2,5 տարի։ 2006-2007 ուսանողական տարին ընթացաւարտցու ուսողութեան առաջին դասերուն ընթացքին ներդրուած է ակադեմիական կէտերու կուտակման եւ փոխանցման համակարգը, կը գործէ փոխատեղման կարգ։ Համալսարանին մէջ կ՛իրականացուի ընթացաւարտցու ուսողութեան առկայ (2005-էն նաեւ հեռակայ), 2004-էն մասնագիտութենէն առկայ (2009-էն նաեւ հեռակայ) ուսուցում։ Մասնագիտական կրթութիւն կը մատուցուի նաեւ անձնական մասնագիտութիւններով։ Ընթացաւարտցու ուսողութենէն առկայ եւ հեռակայ, մասնագիտութեան առկայ ուսուցումը կ՛իրականացուի կէտերու համակարգով։ Համալսարանը ունի ընկերակցութիւն՝ առկայ եւ հեռակայ ուսուցմամբ։ 2010-2011 ուսումնական տարիէն ի վեր ընկերակցութեան կրթութիւնը նոյնպէս կէտերու համակարգով է։ Համալսանին մէջ կը գործէ նաեւ գիտական գրադարանը՝ համալրուած հարուստ մասնագիտական գրականութեամբ, ինչպէս նաեւ առկայ են գիտական եւ ուսանողական ընթերցասրահները։ Համալսարանի գիտական կեանքը կը լուսաբանուի «Բանբեր Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանի» հանդէսին (կը հրատարակուի 2004-էն) եւ «Տնտեսագէտ» ամսագիրին մէջ (կը հրատարակուի 1977-էն)։

«Ամբերդ» հետազօտական կեդրոն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2013-ին ՀՊՏՀ-ի մէջ ստեղծուեցաւ «Ամբերդ» հետազօտական կեդրոնը, որ կ՛իրականացնէ հետազօտական տարբեր ծրագիրներ[2]։

ՀՊՏՀ Ուսանողական խորհուրդ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանի Ուսանողական Խորհուրդը կազմաւորուած է 1994-ին, որպէս ՀՊՏՀ ուսանողական ինքնակառավարման մարմին[3]։

ՀՊՏՀ Գիւմրիի մասնաճիւղի ուսանողական խորհուրդ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ՀՊՏՀ Գիւմրիի մասնաճիւղի ուսանողական խորհուրդը ձեւաւորուած է 17 Ապրիլ 1999-ին եւ մինչ օրս կը գործէ համաձայն ընդունուած բոլոր սկզբունքներու։ 2002 թ. ՀՊՏՀ ԳՄ-ի նախաձեռնութեամբ ստեղծուած է քաղաքային ուսանողական խորհուրդ։

Յայտնի շրջանաւարտներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կաղապար:Պորտալ տնտեսագիտություն

  1. ROR Data — v1.19 — 2023. — doi:10.5281/ZENODO.7644942
  2. ««ԱՄԲԵՐԴ» հետազօտական կենտրոն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-04-03-ին։ արտագրուած է՝ 2016-06-29 
  3. «ՀՊՏՀ կայքից»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-14-ին։ արտագրուած է՝ 2016-06-29 

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կաղապար:Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանի ռեկտորները Կաղապար:Երևանի բուհեր