Համշեն

(Վերայղուած է Համշեն (արեւմտահայերէն)-էն)
Համշենը քարտեսին վրայ

Համշեն կամ Համամշեն, հայկական կիսանկախ իշխանութիււն, ապա՝ հայաբնակ գաւառակ Սեւ ծովու հարաւ-արեւելեան ափին, VIII դարու վերջերուն-XX դարու սկիզբին։ Ներկայիս կը գտնուի Թուրքիոյ մէջ՝ Արեւմտեան Հայաստան։ Համշենագիտութիւնը 19րդ եւ 20րդ դարերէն սկսեալ դարձաւ հետաքրքրութիւն մը հայ եւ օտար հեղինակներու համար։

Պատմական Ակնարկ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

17-18րդ դարերուն կրօնափոխութեան հետեւանքով ձեւաւորուած է կրօնափոխ հայութեան 2 մեծ հանրութիւն.- համշենի հայերը եւ դերսիմի հայերը։ Այս երկու հանրութիւնները հեռացան հայկականութենէն կրօնափոխութեան եւ լեզուն կորսնցնելու հետեւանքով, բայց ամբողջովին չձուլուեցան եւ չթրքացան։

Ուրկէ՞ եկած է «համշեն» անունը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

8րդ դարու վերջը Բիւզանդիոնի կայսրի կողմէ հայ Ամատունի նախարարներու նուիրուած Տամբար քաղաքը յարձակման կ'ենթարկուի եւ կը հրկիզուի։ Համամ Ամատունի կը վերշինէ Տամբարը եւ զայն կ'անուանէ «համամաշեն»։

Տարանման Աւազանը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

15րդ դարէն սկսեալ համշենի իշխանութիւնը կը դառնայ կիսանկախ, իյնալով Օսմանեան կայսրութեան ձեռքին տակ։ Օսմանեան կայսրութեան բռնի իսլամացման երկարատեւ ու հետեւողական քաղաքականութեան ու ցեղասպանութեան հետեւանքով համշենահայութիւնը տարածուեցաւ։ Ան ըստ բնակութեան վայրի, կրօնքի եւ լեզուի, բաժնուեցաւ երեք հիմնական խումբերու.-

  • Արեւմտեան համշենահայեր՝ կ'ապրին թրքական Ռիզք եւ այլ նահանգներու մէջ, թրքախօս եւ սիւննի մահմետական են։
  • Արեւելեան համշենահայեր՝ կ'ապրին Արդուինի նահանգին մէջ, հայախօս եւ պահպանած են Համշենի բառբառը։ Սիւննի մահմետական են։
  • Հիասային համշենահայեր՝ կ'ապրին Ռուսիոյ Կրասնոդարի երկրամասին մէջ։ Կը խօսին բառբառը, կը տիրապետեն ռուսերէնին եւ գրական արեւելահայերէնին։ Քրիստոնեայ են, հայ առաքելական։

Համշենահայերու թիւը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տարբեր հետազօտողներ կը նշեն 1,5-էն 2 միլիոն եւ աւելի՝

  • Կարգ մը թիւեր պղտոր են տարբեր շրջաններուն մէջ։
  • Միջին Ասիա եւ Ռուսաստան՝ 5000
  • Աբխզիա՝ 65000-70000
  • Հայաստան՝ 4000-5000
  • Եւրոպա եւ ԱՄՆ ցեղասպանութենէն ետք հաստատուած համշենահայերու չուսումնասիրուած թիւ մը։

Հեմշիլներն Այսօր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հեմշիլները կը գտնուին թրքական մշակոյթի ազդեցութեան տակ, բայց կը պահպանեն ազգային սովորութիւնները, երգերը, պարերը եւ մայրենի բառբառը։ Անոնց գերեզմանատունները թուրքերէ հեռու, իրենց պարտէզներուն մէջ է։ Համշենահայերը ազգային, հոգեւոր, մշակութային, ինքնութեան վերականգնում ունին։