Հակահայկականութիւն

Հակահայկականութիւն կամ Հակահայական տրամադրութիւն կամ հայատեացութիւն, բազմադիմի բացասական զգացումներու, անհաւանութեան, վախերու, զզուելիքի, խտրապաշտութեան, ծաղրանքի եւ/կամ կանխադատութեան լայն շրջանակ է հայերու, Հայաստանի եւ հայկական մշակոյթի նկատմամբ:
Պատմականօրէն, հակահայականութիւնը զանազան ձեւերով դրսեւորուած է՝ սկսած հայ անհատներու նկատմամբ ատելութեան կամ խտրականութեան արտայայտութիւններէն մինչեւ հայ բազմութեան կամ պետական հովանաւորութեամբ կազմակերպուած ջարդեր եւ ցեղասպանութիւն: Հալածանքի ուշագրաւ դէպքերը կը ներառեն Համիտական ջարդերը (1894-1897), Ատանայի ջարդը (1909), Հայոց Ցեղասպանութիւնը (1915), Սումկայիթի ջարդը (1988) եւ «Օղակ» գործողութիւնը (1991):
Ժամանակակից հակահայականութիւնը յաճախ կը բաղկանայ հայկական պետութեան գործողութիւններուն կամ գոյութեան դէմ ընդդիմութեան արտայայտութիւններէն, Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումէն կամ հայկական դաւադրութեան մը հաւատքէն՝ պատմութիւն կեղծելու եւ քաղաքական շահի համար հանրային ու քաղաքական կարծիքը շահարկելու նպատակով:[1] Հակահայականութիւնը նաեւ կը դրսեւորուի հայերուն սարսափեցնելու (օրինակ անհիմն դատերով) եւ մշակութային յուշարձաններու ոչնչացնելու ճանապարհով:
Իսրայէլ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Իսրայէլ-Հայաստան յարաբերութիւնները բարդ եղած են պատմութեան ընթացքին, որուն հետեւանքով Իսրայէլի մէջ հակա-հայկական զգացումներ ծագած են:
Ճըրուզալէմ Փօսթ-ը 2009-ին կը զեկուցէ, թէ Երուսաղէմի Հին Քաղաքի բոլոր քրիստոնեաներէն, հայերը ամենէն շատ թքելու ենթարկուած են ուղղափառ հրեաներու կողմէն:[2] 2011-ին հին քաղաքին մէջ հարեդի հրեաներու կողմէն հայ հոգեւորականներու վրայ թքելու եւ բանաւոր յարձակումներու մի քանի դէպք զեկուցուած են:[3] 2013-ի հարցազրոյցի մը մէջ Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքը՝ Նուրհան Մանուկեան կը յայտնէ, թէ Իսրայէլի մէջ հայերը «երրորդ կարգի քաղաքացիներու» պէս կը վերաբերուին իրենց:[4] 2019-ին կը զեկուցուի, թէ 60 հայաստանեաց եկեղեցւոյ ուսանողներ փորձած էին յարձակիլ երկու հրեայ տղամարդոց վրայ Շաւուօթի նախօրեակին Երուսաղէմի մէջ, ինչ որ աւելի՛ մեծցուց լարուածութիւնը կրօնական խումբերուն միջեւ:[5]
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Black Garden, by Thomas De Waal (Aug 25, 2004), page 42
- ↑ Derfner Larry (26 November 2009)։ «Mouths filled with hatred»։ The Jerusalem Post։ «Of all Old City Christians, the Armenians get spat on most frequently because their quarter stands closest to those hot spots.»
- ↑ Rosenberg Oz (6 November 2011)։ «Armenian clergy subjected to Haredi spitting attacks»։ Haaretz։ արտագրուած է՝ 3 March 2014
- ↑ «'We are third-class citizens,' says Armenian Patriarch of Jerusalem»։ Haaretz։ 29 June 2012։ արտագրուած է՝ 31 August 2013
- ↑ Israel David (18 June 2019)։ «Report: 60 Armenian-Church Students Attempted Lynching of 2 Jews on Eve of Shavuot»։ The Jewish Press