Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանի գործունէութիւնը (1915-1918)

Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանի գործունէութիւնը (1915-1918) Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն (տես թիւ 1)ՄԻՀՐԱՆ ՄԻՆԱՍԵԱՆ[1][Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն Հալէպի եւ հալէպահայութեան, ինչպէս նաեւ տեղւոյն Ազգային Առաջնորդարանի գործունէութեան մասին առկայ են պատմագիտական քանի մը աշխատութիւններ, ուր առաւել կամ նուազ չափով արծարծուած է այս թեման, ինչպէս՝ դոկտորներ Խաչիկ Մուրատեանի(տես թիւ 2), Վահրամ Շէմմէսեանի(տես թիւ 3), Հիլմար Կայսերի (տես թիւ 4) եւ Ռայմոն-Յարութիւն Գէորգեանի(տես թիւ 5) գործերը, որոնք երբեմն ուղղակի եւ երբեմն անուղղակի անդրադարձած են Պատերազմի տարիներուն Հալէպ հասած հայ աքսորականներու վիճակին եւ տեղւոյն հայութեան՝ զանոնք մահուան ճիրաններէն փրկելու ուղղութեամբ առած քայլերուն:

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • 1915 թուականի Մայիսին է որ Հալէպ կը հասնին առաջին հայ աքսորականները, բոլորը զէյթունցիներ: Անոնց ու անոնց յաջորդող աքսորականներու թշուառ վիճակին ի տես, պարզ է որ հալէպահայութիւնը, եւ մանաւանդ անոր ազգային գործերուն գլխաւոր մղիչ ուժը հանդիսացող Ազգային Առաջնորդարանը ձեռնունայն պիտի չմնային, ու կը սկսին առաջին օգնութիւններն ու ծառայութիւնները անհատական եւ գաղութային մակարդակներով, որոնք ժամանակի ընթացքին աւելի կազմակերպուած ու աւելի համակարգուած տեսք մը պիտի ստանային:
  • Հալէպի ազգային գործերուն գլխաւոր շարժիչ ուժը, ինչպէս առաջ, այդ տարիներուն եւս եղած է բնիկ թալասցի եւ տարիներէ ի վեր Հալէպի մէջ քահանայագործող Տէր Յարութիւն Ա. Քհնյ. Եսայեանը, աշխատասէր, գործունեայ, գիտակից ու հայրենասէր եկեղեցական մը, որուն աշխուժ գործունէութեան վերջ տալու համար, 1916-ի Զատկի Կիրակի օրը բազմաթիւ այլ հալէպահայ գործիչներու հետ թրքական իշխանութիւնները զինք ձերբակալած ու մահուան դատապարտած են, բայց մահապատիժի գործադրութիւնը ձգձգուելով, թուրքերու կողմէ Հալէպը լքելու օրերուն, Հոկտեմբեր 1918-ին ազատ արձակուած է բանտէն:
  • Հետիոտն կամ քիչ պարագաներու կառքով կամ շոգեկառքով Հալէպ հասնող աքսորականները կառավարութեան կողմէ տեղակայուած են քաղաքին հիւսիսային արուարձանը գտնուող Սէպիլի դաշտին մէջ կամ Գարլըքի բարձունքին, եւ որպէս օրէնք, անոնց արգիլուած է մտնել քաղաք:
  • Առողջական ի՛նչ վիճակ կ'ունենար հեռաւոր Կարնոյ դաշտէն, Խարբերդէն կամ պոլսամերձ շրջաններէն հարիւրաւոր քիլոմեթրեր կտրած Հալէպ հասնող աքսորականը՝ կիսամերկ, հիւծած, սպառած, անօթի, հիւանդկախ ու յոգնած, համաճարակ հիւանդութիւններէ վարակուած ու զրկուած բժշկական եւ ամէն տեսակի խնամքէ: Անոնցմէ շատեր կը մահանային Հալէպի փողոցներուն մէջ, Սալիպէ թաղամասին կամ Սբ. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ շուրջ բոլորը:
  • Պատահած է որ այդ տարիներուն Հալէպի մէջ օրական մահանան 200-250 աքսորական հայեր, եւ քաղաքապետարանի կողմէ յատկացուած կառքեր, օրն ի բուն շրջելով աքսորականներով խճողուած քաղաքի փողոցները, յատուկ մեռելաթաղերու միջոցաւ հաւաքած ու կառքերը նետած են մեռելները, յաճախ անոնց խառնելով հոգեվարքի մէջ եղող ու մահուան տուայտանքներուն մէջ գլորուող ողջերը եւս ու տեղափոխած են քաղաքէն դուրս, գերեզմանատան յատկացուած վայր մը, ուր, Չորումի Տէր Անանիա Քահանայ Տիվանեանը բռնադատուած էր առաւօտէն մինչեւ իրիկուն մնալ՝ կատարելու համար մեռելներուն եկեղեցական վերջին կարգը:
  • Տիվանեան քահանայ ամբողջ 42 ամիս եղած է Հալէպի մէջ մահացած հայ աքսորականներու մեռելաթաղը, եւ իր իսկ վկայութեամբ, կատարած է 20 հազար թաղում (տես թիւ 6):
  • Շատեր սուրիական անապատ նետուած հայ աքսորականներուն թիւը գնահատած են 700 հազարով, իսկ Արամ Անտոնեան տուած է մէկ միլիոն թիւը, որոնք գրեթէ մեծամասնութեամբ անապատ հասած են Հալէպի ճամբով:

Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանի գործունէութեան զանազան ոլորտները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ա. ՀԱԼԷՊՑԻ ԵՒ ՀԱԼԷՊԻ ՇՐՋԱՆԱԿԻՆ ՄԷՋ ԾԱՌԱՅՈՂ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Համաշխարհային Առաջին պատերազմի յայտարարութենէն ետք, եւ արեւմտահայոց զանգուածային բռնագաղթէն առաջ, բազմաթիւ հայ զինուորներ հասած են Հալէպ, որոնց նիւթական օգնութիւն ցուցաբերած է Ազգային Առաջնորդարանը: Նոյնպիսի օգնութիւն ցուցաբերուած է նաեւ Օսմանեան բանակին ծառայող բնիկ հալէպցի հայ զինուորներուն՝ հագուստի, ուտեստի, դրամի կամ այլ ձեւերով:

Բ. ԱՔՍՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՑԱՆԿԱԳՐՈՒՄ ԵՒ ՏԵՂԱՒՈՐՈՒՄ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Ըստ կարելւոյն, աքսորականներու տեղաւորման գործին օժանդակելուն կողքին, Առաջնորդարանի ջանքերով կարելի եղած է բազմաթիւ դեռատի կիներ ու աղջիկներ որպէս սպասուհիներ տեղաւորել տեղւոյն հայ կամ քրիստոնեայ պատուաւոր ընտանիքներուն մօտ: Քիչ չեն նաեւ որդեգրումի պարագաները: Իրենց մօտ որբեր պահող անապահով ընտանիքներուն Առաջնորդարանը յաճախ նիւթապէս օգնած է իր կողմէ անոնց տրուած գումարներով:

Ազգային Առաջնորդարանի կողմէ նշանակուած յատուկ պաշտօնեաներու միջոցով պատրաստուած է նաեւ Հալէպ հասնող առաջին աքսորականներուն անուանացանկերը, նշելով իւրաքանչիւրին ծննդավայրը, տարիքը, ընտանիքի անդամներուն թիւը, եւ այլն: Ցանկագրումի գործը վստահուած է յատուկ յանձնախումբի մը, ու այդ ցուցակներուն հիմամբ է որ ապագային տեղի ունեցած է նպաստի բաշխումը:

Գ. ՆՊԱՍՏԻ ԲԱՇԽՈՒՄ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հասնող տասնեակ հազարաւոր աքսորականներու ժամանումին հետ, հալէպահայութիւնը, 1915-ին ու յաջորդ քանի մը տարիներուն, մեծով-պզտիկով լծուած է աքսորականներուն օգնելու գործին, իւրաքանչիւրը իր կարողութեան չափով: Անոնք տուած են այն՝ ինչ ունեցած են՝ կերակուր, հագուստ, անկողին-վերմակ, դրամ, եւ այլն: Մէջբերենք հատուած մը այդ բոլորին ականատես Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սահակ Բ. կաթողիկոսի մէկ նամակէն:
«Եթէ մխիթարական կէտ մը, պարագայ մը կայ, վիշտերու ծովուն մէջ, այն ալ բնիկ հայերու ցոյց տուած աննման եղբայրակցութիւնն է: Ամէն ոք գործի է. կերպ մը օգնելու, մխիթարելու, ծառայելու համար հաց, զգեստ, ամէն սեփական պիտոյք եղբայրաբար կը բաժնեն կարօտելոց: Տիկնայք, իբրեւ հարազատ քոյրերը Ե. դարու փափկասուն տիկնանց, իրենց տան գործերու յոգնութիւնը մոռցած, մէկ-մէկ հիւանդապահներ ու դերձակուհիներ եղած են գաղթական ժողովուրդին համար: Կը ժողվեն, կը չափեն, կը ձեւեն ու կը կարեն եւ ամէն կողմ կը տանին, ո՛չ ի ցոյց, այլ իրապէս եւ նիւթապէս օգտակար ըլլալու համար: Քահանայք միշտ ոտքի են, ամէն կոչին հասնելու համար»(տես թիւ 7):


  • Ամէն օր քաղաք հասնող հազարաւոր աքսորականները կերակրելու, անոնց բժշկական հարցերը լուծելու եւ այլեւայլ պէտքերը հոգալու չափ նիւթական միջոցներ ու կամաւոր աշխատողներ չէ ունեցած համեմատաբար փոքրաթիւ հալէպահայութիւնն ու անոր Ազգային Առաջնորդարանը, եւ հետեւաբար տրուած օժանդակութիւնը եղած է խիստ սահմանափակ: Տեղւոյն ազգային մարմինները ոչ միայն Առաջնորդարանի ամբողջ խնայողութիւնն ու եկամուտը յատկացուցած են աքսորականներուն, այլ մտածած են նաեւ վաճառել ազգային կալուածները՝ տուն, խանութ, եւ այլն ու անոնց եկամուտը յատկացնել աքսորականներուն, բայց կառավարութեան կողմէ արգիլուած են այդ մէկը ընելու:
  • 3 -16 Օգոստ. 1915-ին Հալէպէն գաղտնաբար Գահիրէ յղուած տեղեկագրի մը մէջ պետական այս արգելքին ակնարկելով ըսուած է թէ «Ազգային եւ անհատական կոչուած եւ ստացուածքներ ծախելու միջոցներէ ալ զուրկ ենք« պետական արգելքի պատճառաւ, վանքեր, եկեղեցիներ, վարժարաններ իրենց բոլոր ունեցածներով կառավարութեան կողմանէ գրաւուած է»(տես թիւ 8):
  • Այդ օրերուն վերաբերող Ազգային Առաջնորդարանի ելեւմտից ցուցակներու նուիրատուներու բաժինին մէջ յիշուած են մարդիկ, որոնք բնական պայմաններու մէջ իրե՛նք պէտք է նպաստընկալներ ըլլային: Պատահական նուիրատուներէն բացի, մեծ գումարներ ստացուած են Կիլիկիոյ Սահակ Բ. կաթողիկոսէն, Կ. Պոլսոյ Պատրիա քարանէն, տեղւոյն Ամերիկեան հիւպատոս Ճէսսի Ճաքսոնէն, Միս Պէադրիս Ռօհնըրէն եւ ուրիշներէ:
  • Աքսորականներուն բաժնելու համար գնուած է մեծաքանակ դեղորայք, հաց, պանիր, սոխ, սխտոր, հաւկիթ, իւղ, դդում, աղ, բրինձ, ձաւար, մածուն, փայտ, լամփ եւ կազ, ածուխ, կտաւ, հագուստ, կօշիկ, եւ այլն:
  • Վճարումներ եղած են նաեւ իջեւանատուներու եւ բնակարաններու վարձքի, պատանքի, մեռելաթաղի եւ այլ նպատակներով: Քիչ չեն նաեւ պետական այրերուն ու մանաւանդ ոստիկաններուն ու զինուորներուն տրուած նուէրներն ու կաշառքները:
  • Գաղափար մը տալու համար բաշխուած նպաստներու մասին, ըսենք որ միակ օրուան մը ընթացքին, 10 Մայիսի 1917-ին, 4490 ղուրուշ նպաստ բաժնուած է, այսինքն աւելի քան 35 օսմ. ոսկի, որ տրուած է 37 տարբեր բնակավայրերէ Հալէպ հասած աւելի քան 142 աքսորականներու:

Դ. ԴԷՊԻ ԱՔՍՈՐԱՎԱՅՐԵՐ ՂՐԿՈՒԱԾ ՆՊԱՍՏ, ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԵՒ ՓԱՍՏԱՀԱՒԱՔ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առաջնորդարանի կողմէ պարբերաբար բազմաբնոյթ օժանդակութիւն՝ դրամ, դեղորայք եւ ուտեստեղէն ղրկուած է անապատի տարածքին ստեղծուած համակեդրոնացման կայքերուն մէջ գտնուող աքսորականներուն9:

Ե. ՈՐԲԱՆՈՑՆԵՐ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Սուրիան Հայոց Ցեղասպանութեան ու անոր յաջորդող քանի մը տարիներուն վերածուած էր մեծ որբանոցի: Այդ թուականներուն հայկական որբանոցներ գործած են երկրի մօտ 15 տարբեր բնակավայրերուն մէջ, իսկ Հալէպը առանձինն ունեցած է աւելի քան երեք տասնեակ մեծ ու փոքր որբանոցներ, որոնց առզնուազն 6-ը հիմնուած են Ազգային Առաջնորդարանի կողմէ ու վայելած անոր անմիջական հովանաւորութիւնը:
  • Այդ որբանոցներէն մէկուն հիմնադիր Թադէոս Շէտիկեան հաստատած է որ այդ տարիներուն որբահաւաքումը «գետնէն թութ հաւաքելու չափ դիւրին էր», եւ ինչ որ դժուար էր ու անկարելի՝ ապա որբանոցներու մատակարարման գործն էր, մանաւանդ այնպիսի ժամանակներու, երբ, իր իսկ բառերով, «Հալէպի մէջ, տարագրութեան ճամբուն վրայ, հայուն հազարը փարա մը չէր արժէր»(տես թիւ 10)։
  • Պատահած է որ այդ տարիներուն Առաջնորդարանը միաժամանակ մատակարարէ 3 որբանոցներ 800 երկսեռ որբերով:
  • Այդ որբանոցներու հիմնադրութեան համար որքան դժուար եղած է պետական արտօնութիւն ու յարմար շէնք վարձակալելու գործը, նոյնքան ու աւելի դժուար էր զանոնք մատակարարելու ու պահելու աշխատանքը:
Գաղափար մը տալու համար որբանոցներու ընդհանուր կացութեան մասին, մէջբերենք հատուած մը Հալէպի մէջ երկու որբանոցներու տնօրէնութիւնը վարած Վեր. (ապա քահանայ) Խաչատուր Գռուզեանի յուշերէն. «Պաշտօնավարութեանս այս շրջանը աղետալի էր, քանզի փօլիսներ եւ այլ թուրքեր կառավարութենէն տոմսակներ բերելով իրենց հաւնած որբուհիներ կը պահանջէին Առաջնորդարանէն եւ մենք աչքառուները կը փախցնէինք ձեղնամիջոցը, տանիքներ եւ թաքստոցները, եւ զոմանս կը ձեւացնէինք խուլ ու համր: Բայց նորէն շատերը կը բռնադատուէին տարուելու իբր սպասուհի ու շատերը կը յաջողէին փախչիլ եւ վերադառնալ, զորս մենք կը պահէինք հայերու տուները»: Գռուզեանի այս յանդուգն արարքներուն հետեւանքը եղած է այն որ ոստիկաններ թշնամանան իրեն եւ ինը ամիս բանտարկելէ ետք աքսորեն Տէր Զօր:
- Միհրան Մինասեան Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկի հիմնադրամի Յուշագրութիւններու, վաւերագրերի եւ մամուլի ուսումնասիրութեան բաժնի վարիչ, աւագ գիտաշխատող

[2]

Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանի հիմնած 6 որբանոցներն են.[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1- ՅԻՍՈՒՍԵԱՆ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՆՔԻՆ ՈՐԲԱՆՈՑԸ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հոն ապաստան գտած են 600 որբեր: Առաջնորդարանը զայն մատակարարած է վեց ամիս, ապա որբերը փոխանցուած են Մարաշէն ժամանած Միս Պէադրիս Ռօհնըրին: Աւելի ետք, կառավարութիւնը Ռօհնըրէն խլած է 420 որբեր եւ Պոլիս տանելու պատրուակով բաժնած է զանոնք շոգեկառքի գծին վրայ տարածուած տարբեր քաղաքներու թրքական որբանոցներուն:

2- ՏԷՐ ՍԱՀԱԿ ՔԱՀԱՆԱՅ ՄՈՄՃԵԱՆԻ ՀԻՄՆԱԾ ՈՐԲԱՆՈՑ-ԱՅՐԻԱՆՈՑԸ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հիմնադիրն է բնիկ այնթապցի բայց երկար տարիներ Քիլիսի մէջ քահանայագործած Տէր Սահակ Քհնյ. Մոմճեանը(տես թիւ 11)։ Տէր Սահակ վախճանած է Հալէպ, 22 Սեպտ. 1915-ին, հետեւաբար իր հիմնած Որբանոց-Այրիանոցի հիմնադրութիւնը ըլլալու է 1915-ի Մայիս-Սեպտ. ամիսներուն միջեւ։

3- ՔԷԼԷԿԵԱՆԻ ՈՐԲԵՐՈՒ ՈՐԲԱՆՈՑԸ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Չորք Մարզպանէն (Տէօրթ Եոլ) Հալէպ աքսորուած տեղւոյն Քէլէկեան Որբանոցի որբերը շրջան մը վայելած են Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանի հոգատարութիւնը եւ հաւանաբար պատսպարուած են առանձին շէնքի մը մէջ: Այդ որբանոցը գործած է 1915-1916 թուականներուն:

4- ԱՂՋԿԱՆՑ ՈՐԲԱՆՈՑԸ:[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յիշատակուած է 11 Դեկտ. 1915-13 Ապրիլ 1916-ի միջեւ: Ունեցած է մեծաթիւ ապաստանեալներ:

5- ԷՅՐԻ ԽԱՆԻ ՈՐԲԱՆՈՑԸ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կառավարուած է թուրք պաշտօնեայով մը:

6- ՍՈՒՐԲ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՇՐՋԱՓԱԿԻ ՈՐԲԱՆՈՑ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Նպատակը եղած է պատսպարել զաւակները այն հայուհիներուն, որոնք աշխատանքի անցած էին պետական աշխատանոցներուն մէջ: Որբանոցի տեսուչ Նազմի պէյը ծախած է որբերուն յատկացուած գրեթէ ամբողջ պարենը եւ իւրաքանչիւր որբի օրական յատկացուցած է հացի կտոր մը միայն: Այս քայլին որպէս հետեւանք որբերը «աշնան տերեւներու նման» սկսած են թափթփիլ: Իրեն յանձնուած հազարաւոր որբերէն երբ մնացած են միայն 50-ը, Նազմի ըսած է թէ «Դիտմամբ այս 50 հատը ողջ թողուցի որպէսզի այս շէնքը արդարացնէ իր որբանոց անունը»(տես թիւ 12):
  • Որբանոցի հիմնադրութեան օրէն մինչեւ Զինադադար հոն ապաստանած են մօտաւորապէս 3500 որբեր ու որբուհիներ:
  • Զինադադարին, Յարութիւն Ա. Քհնյ. Եսայեան, յանուն ազգին, անգլիական իշխանութիւններուն մօտ դատ բացած է Նազմիի դէմ եւ ձերբակալել տուած է զայն, բայց ամիսներ տեւած դատավարութենէ ետք Նազմի անպարտ արձակուած է:

Զ. ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑՆԵՐ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ցեղասպանութեան տարիներուն, Հալէպ հասնող հայ աքսորականներուն համար տեղւոյն Ազգային առաջնորդարանը հիմնած է առնուազն 8 հիւանդանոցներ:

1- ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գործած է Յունիս 1915-էն եւ գոյատեւած է նուազագոյնը մինչեւ տարեվերջ:

2- ԱՅԻՏԷ ԹԱՂԻ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ ԳԱՂԹԱԿԱՆ ՀԱՅՈՑ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Այիտէ թաղը կը գտնուի Սբ. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցիէն ոչ մեծ հեռաւորութեան վրայ: Հոն 1915-ին շրջան մը գործած է Ազգային հիւանդանոց մը, որուն ծախսերը հոգացուած են Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ: Հիւանդանոցի համար մուտքի կարեւոր աղբիւր եղած է նաեւ հոն մահացող հիւանդներուն քովէն ելած գումարները:

Իր գործունէութեան համեմատաբար կարճ միջոցին, հիւանդանոցին մէջ բուժում ստացած են 1120 կամ աւելի հիւանդներ: Օր եղած է որ հիւանդանոցը ունենայ 28 նոր հիւանդներ:

3- ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գործած է 1916-ի Փետրուարէն սկսեալ:

4- ՀՈԳԵՏԱՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • 1915-ի վերջերուն Հոգետան մէջ հիմնուած է հիւանդանոց մը հաճընցի դեղագործ Սոկրատ Թօփալեանի կողմէ, Կիլիկիոյ Սահակ Բ. կաթողիկոսին խնդրանքով:

Այս հիւանդանոցին մէջ շրջան մը աշխատած հաճընցի Սոկրատ Թէրզեան իր յուշերուն մէջ շատ մութ գոյներով նկարագրած է զայն. «Վեց սենեակներուն մէջ իրարու վրայ նետուած հարիւրաւոր կէս-մեռեալ «հիւանդներ», հոտած ու քոսոտ վէրքերով, ուռած սրունքներով ու գարշահոտ մարմիններով՝ կը խնամէինք երիտասարդ տոքթորին հետ… իրար փակած դէմքերը մէկ կողմ դարձնելով՝ ողջերը կը զատէինք մեռածներէն, որոնք անմիջապէս պարկերու մէջ կը լեցուէին եւ դուրսը սպասող կառքերուն կը յանձնուէին: Օրական 50 մեռելներ, մեծամասնութեամբ Թրքահայաստանէն գաղթող այրի կիներ, «հոգետուն» կոչուած մեր հիւանդանոցէն դէպի գերեզման կ'առաջնորդուէին… իսկ տոքթորին լճացած աչքերէն արցունքը կաթիլ-կաթիլ կ'օծէր ողջ դիակները…»(տես թիւ 13): Հոս յիշուած անանուն բժիշկը հաւանաբար բնիկ հալէպցի բժ. Վահան Տէր Մարգարեանն է: 1916-ին Առաջնորդարանը հիմնած ու մատակարարած է 4 այլ հիւանդանոցներ եւս, որոնցմէ մէկը յատուկ էր կիներու աշխատանոցի հիւանդներուն մինչ ուրիշ մը եղած է Որբանոց-հիւանդանոց:

Է. ԱՇԽԱՏԱՆՈՑՆԵՐ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն, Հալէպի մէջ հիմնուած են մօտ 70 պետական աշխատանոցներ, ուր չնչին աշխատավարձով գործած են 8-10 հազար հայեր, մեծամասնութեամբ կիներ, օսմանեան բանակին համար պատրաստած են հագուստեղէն ու այլ պիտոյքներ եւ այդպիսով փրկուած են անապատի աքսորէն:

Ազգային Առաջնորդարանը եւս, իր կարգին, հիմնած է այդպիսի նուազագոյնը 2 աշխատանոցներ ու մատակարարած է զանոնք, ուր աշխատող կիները գտնուած են համեմատաբար աւելի ապահով պայմաններու մէջ ու կրցած են պահել իրենց գոյութիւնը: Այս աշխատանոցներէն մէկը ունեցած է նաեւ իր որբանոցը, ուր շրջան մը պատսպարուած է ծանօթ վիպագիր Վազգէն Շուշանեանը, որ աւելի ետք իր յուշերուն մէջ յաճախ գրած է անոր մասին:

Ը. ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԸ ՄԻՋՆՈՐԴ՝ ՆԵՐՔԻՆ ԵՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԱՇԽԱՐՀՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Որքան ալ դժուար ու վտանգաւոր, բայց եւ այնպէս Ազգային առաջնորդարանը կրցած է ստեղծել տեղեկութիւններու հաւաքման ու փոխանցման յատուկ ցանց մը եւ իրավիճակի մասին կարեւոր մանրամասնութիւններ փոխանցած է ազգային պատրիարքարանին, Կիլիկիոյ կաթողիկոսին, համակեդրոնացման կայքեր հասած աքսորականներուն եւ արտասահմանի ու մանաւանդ Միացեալ Նահանգներու հայութեան։

Տեղւոյն ամերիկեան հիւպատոսարանի գործակցութեամբ, դիմուած է Միացեալ Նահանգներ գտնուող բազմաթիւ հայերու, որպէսզի անոնք նիւթապէս օժանդակեն Հալէպի եւ սուրիական անապատի համակեդրոնացման կայքերուն մէջ գտնուող իրենց աքսորական հարազատներուն եւ կարելի եղած է անոնցմէ մեծ գումարներ ստանալով յանձնել իրենց տէրերուն:

  • Առաջին Աշխարհամարտի զինադադարէն ետք, Ազգային առաջնորդարանի գործուէութիւնը այնքան ընդարձակուած է որ ինքնին նիւթ է առանձին ուսումնասիրութեան: Թուարկենք միայն անմիջականօրէն իր կողմէ հիմնուած կամ իր հովանաւորութիւնը վայելած մարմինները՝
  • «Գաղթականաց յանձնաժողով»,
  • «Գաղթականաց Պատսպարելոց Մասնախումբ»,
  • «Հայկական Նպաստընկալ Հիւանդանոց»,
  • թրքական նախկին Զօրանոցի հիւանդանոց,
  • հիւղաւաններու հիմնում եւ մատակարարում,
  • որբանոցներ, պատսպարան, դպրոց, որբահաւաք աշխատանք, օտարներու մօտ ապաստանած կամ անոնց կողմէ առեւանգուած կիներու եւ աղջիկներու ազատագրում, Հալէպէն դուրս, սուրիական անապատի տարբեր անկիւնները ծուարած աքսորականներու Հալէպ տեղափոխում, հարիւրի հասնող հայրենակցական միութիւններու, տասնեակ մարզական, մշակութային, երիտասարդական, բարեսիրական ու կրօնական միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու հիմնում կամ հովանաւորում, եւ այլն, եւ այլն:
  • Նոյնպէս Կիլիկիա ներգաղթի, ապա Կիլիկիոյ հայաթափումէն ետք նոր փախստականներու ընդունման ու պատսպարման գլխաւոր կեդրոնը եղած է Հալէպը, ու այդ բոլոր աշխատանքներոն հսկողն ու կազմակերպիչը կրկին եղած է տեղւոյն Ազգային Առաջնորդարանը, իր գլխուն ունենալով առաջնորդական փոխանորդ Տէր Յարութիւն Ա. Քհնյ. Եսայեանի նման անձնուրաց ղեկավար մը, որ բանտէն արձակուած, արդէն կը գործէր աւելի ազատ ու աւելի բնական պայմաններու մէջ:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. - Բնագիրն է այն զեկուցումին որ յօդուածագիրը ներկայացուց Երեւանի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի կազմակերպած «Հայերի փրկութեան գործը Մերձաւոր Արեւելքում 1915-1923 թթ.» խորագրով միջազգային գիտաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Երեւանի եւ Սբ. Էջմիածնի մէջ, 8-9 Նոյ. 2019-ին:
  2. - Khatchig Mouradian, «Genocide and Humanitarian Resistance in Ottoman Syria, 1915-1917», դոկտորական ատենախօսութիւն, ներկայացուած Միացեալ Նահանգներու Clark University-ին, 2016, 310 համակարգչային էջ (ցարդ անտիպ):
  3. - Vahram Shemmassian, «Humanitarian Intervention by the Armenian Prelacy of Aleppo during the First Months of the Genocide», տես՝ «Journal of the Society for Armenian Studies», 22 (2013), էջ 127-153:
  4. - Hilmar Kaiser,,At the crossroads of Der Zorե, Florida, 2018, 100 էջ:
  5. - Raymond KԼvorkian, «The Armenian Genocide A Complete History», Լոնտոն-Նիւ Եորք, «I. B. Tauris» հրատարակչատուն, 2011, զանազան էջեր:
  6. - Խորէն Դաւիթեան, «Կեանքիս գիրքը», Պէյրութ, տպարան Շիրակ, 1967, էջ 311:
  7. - Բիւզանդ Եղիայեան, «Ժամանակակից պատմութիւն կաթողիկոսութեան հայոց Մեծի տանն Կիլիկիոյ 1914-1972», Անթիլիաս, տպարան Կաթողիկոսութեան հայոց մեծի տանն Կիլիկիոյ, 1975, էջ 46:
  8. - Միհրան Մինասեան, «Անտիպ Տեղեկագիր Հալէպի հայ աքսորականներու մասին (1915 թ.)», «Ցեղասպանագիտական Հանդէս», Երեւան, 4 (1), 2016, էջ 184:
  9. - Այս մասին մանրամասն տես՝ Դոկտ. Շէմմէսեանի վերոնշեալ գործը:
  10. - Թադէոս Գ. Շէտիկեան, «Կեանքի Ճամբան (Յուշերու Գծով)», Պէյրութ, տպարան Հայկ, 1947, էջ 52։
  11. - «Պատմութիւն Անթէպի Հայոց», աշխատասիրեց ու խմբագրեց Գէորգ Ա. Սարաֆեան, հրատարակութիւն Ամերիկաբնակ Այնթապցիներու Միութեան, Ա. հատոր, Լոս Անճելըս, Գալիֆորնիա, 1953, էջ 466։
  12. - Արամ Անտոնեան, «Մեծ Ոճիրը. հայկական վերջին կոտորածները եւ Թալէադ Փաշա», Պոսթըն, տպարան «Պահակ»ի, 1921, էջ 185:
  13. - Ս.Յ.Թէրզեան, «Դէպի Արիւնոտ Գողգոթայ (Վերյիշումներ)», «Հայրենիք» ամսագիր, Պոսթոն, ԽԵ. տարի, թիւ 7, Յուլիս 1967, էջ 56-57:

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ազգային առաջնորդարանի գործունէութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն