Հազար Ու Մէկ Գիշեր

(Վերայղուած է Հազար ու մէկ գիշեր-էն)

Հազար ու մէկ գիշեր ( արաբերէն՝ كتاب ألف ليلة وليلة‎, քիթապ ալֆ լայլա ուա լայլա), միջնադարեան արաբական գրական յուշարձան։ Հեքիաթներու ժողովածոյ, որուն ծագումն ու հեքիաթներուն քանակը երկար տարիներ գիտական բանավէճերու առարկայ եղած են։

Ընդհանուր Բնութագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արաբական ժողովրդական գրականութեան, նոյնիսկ ամբողջ արաբական միջնադարեան արձակի ամէնէն նշանաւորը «Հազար ու մէկ գիշեր»ն է, որուն միաւորուած են ժողովրդական բանահիւսութեան տարբեր ժանրեր՝ հեքիաթներ, պատմուածքներ, առակներ, կատակներ, վիպակներ եւ վէպեր։ Միջնադարեան արաբական աղբիւրները կ'ընդգրկեն որոշ տեղեկութիւններ այդ յուշարձանին պատմութեան մասին.

ԺԹ. դարուն կը ծաւալին հետազօտութիւններ, որոնք կը տեւեն կէս դար։ Ի վերջոյ հետազօտողները կու գան այն եզրակացութեան, որ ժողովածուն պէտք է բաժնել 3 հիմնական շերտերու՝ հնդկական, պաղտատեան եւ եգիպտական։

Թ.-Ժ. դարերուն Պաղտատի մէջ արաբական հաւաքածոն «Հազար ու մէկ գիշերը» կ'ընդգրկէր հնդկական եւ նոյն պաղտատեան նիւթերը, իսկ ԺԲ. եւ ԺԳ. դարերուն կը ձեւակերպուի Գահիրէական խմբագրութիւնը՝ ընդգրկելով շարք մը նիւթեր՝ սուրիական եւ եգիպտական ծագումով։ Հաւաքածոյին ձեւաւորման վերջին հանգրուանը կ'երկարի մինչեւ ԺԴ. դար եւ անոնց մէջ հերոսական դրուագներ կը յայտնուին խաչակիրներու եւ բիւզանդացիներու հետ կապուած։ Այսինքն կը հասնին այն տեսակէտին, որ հաւաքածոն մէկ կազմող չունի։ Անոր հեքիաթներն ու պատմուածքները ներմուծուած են արաբական աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ՝ տարբեր լեզուներով եւ ոչ միաձեւութեամբ։ Հաւաքածոյին հերոսները իրական անձեր են՝ խալիֆաներ, դատաւորներ, բանաստեղծներ, գիտնականներ եւ այլն։ Կան առանձին առակներ կենդանիներու մասին, որոնք կ'արտացոլեն վերացական հասկացողութիւններ։ Հնդկաստանէն եկած է ընդհանուր շարքին համադրութիւնը, որ կարեւոր կառուցուածքային դեր կը խաղայ։ Շարքին համադրութիւնը ոչ միայն կը միաւորէ ամբողջ «Հազար Ու Մէկ Գիշեր»ը, որ կը ներկայացնէ հսկայ շրջանակային ձեւով կազմուած վէպ մը, այլեւ կ'օգտագործուի իբրեւ հեքիաթներու եւ պատմուածքներու պարբերաշրջաններու ժողովածոյ մը։

Հնդկական Շերտը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Առաջին հերթին այս շերտին կը պատկանին Շահրազատին եւ թագաւոր Շահրիարին մասին պատմութիւնները, անասուններու մասին որոշ կախարդական հեքիաթներ եւ խրատական բնոյթի շարք մը վիպակներ։ Բոլոր հիմքերը կան ենթադրելու, թէ անոնք հնդկական են եւ արաբներուն հասած են Պարսկաստանի միջոցով։ Կարգ մը հեքիաթներու մէջ կը յիշուին պարսկական, Սասանեան Հարստութեան թագաւորներու եւ իրանական աշխարհագրական անուններ։ Հնդկաստանէն հասած է ընդհանուր շրջանակային շարքի մը համադրութիւնը, որուն գլխաւոր առանձնայատկութիւնը շրջանակային հեքիաթներու առկայութիւնն է, որ պատմութեան կու տայ ամբողջականութիւն մը։ Կան նաեւ շարք մը ինքնուրոյն եւ բովանդակային շարադրանքներ։
  • Հնդկական ծագումով հեքիաթներուն ժանրային հիմնական յատկանիշը այն է, որ անոնց կը մասնակցին հրաշագործ, կախարդական ուժեր, որոնք գիտակցաբար կ'որոշեն հերոսներուն բախտը եւ կ'իրականացնեն հիմնական նիւթին գործառոյթը։ Հոն կը պատմուի, թէ ինչպէս Շահրիար եւ Շահզեման եղբայր-թագաւորները, որոշ ժամանակով տունէն բացակայելու պատճառով իրենց կիներուն դաւաճանութեան զոհերը կը դառնան։ Կնոջ դաւաճանութեան շարժառիթը կը կազմէ հին հնդկական մեծ թիւով շարադրանքներու բովանդակութիւնը, օրինակ՝ «70 պատմութիւններ թութակի մասին»:
  • Խրատական բնոյթի երկու վիպակներուն՝ «Ճիլլիատէի եւ Շիմասի մասին հեքիաթ»ին եւ «Հեքիաթ արքայորդի եւ եօթ վեզիրներու մասին»ի սկզբնական հայրենիքը Հնդկաստանն է, բայց Իրանի միջոցով թափանցելով արաբներուն մօտ, անոնք ենթարկուած են վերամշակման եւ համալրուած իսլամական ուսուցչաբանութեամբ։ Ի տարբերութիւն հնդկական հեքիաթներուն, որոնց մէջ պատմական հիմքը գրեթէ չզգացուիր, իրանական հեքիաթներուն մէջ նախաիսլամական Իրանի իրականութիւնը կը ներկայացուի ակնյայտօրէն։ Անոնց հիմնական նիւթը սիրային բախումներն են։ Իրանականութեան մէջ կախարդական, մոգական տարրը հակառակ անոր, որ առկայ է, բայց երկրորդական դեր կը կատարէ։

Պաղտատեան Շերտը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Իրաքեան պատմուածքներուն մէջ գործողութիւնը տեղի կ'ունենայ Միջագետքի քաղաքներէն մէկուն մէջ, աւելի յաճախ Պաղտատի մէջ։ Հոն հանդէս կու գան առեւտրականներ, արհեստաւորներ, խալիֆան ու անոր մերձաւորները, բարի ու չար վեզիրներ, արդար ու նենգ դատաւորներ, ոստիկաններ, աւազակներ եւ հարճ-երգչուհիներ։ Պատմական աղբիւրները հարուստ նիւթ կը պարունակեն արքունական բարքերու եւ քաղաքաբնակներու կենցաղին մասին։ Պաղտատեան շերտին մէջ գլխաւորապէս հետաքրքրական իրադարձութիւններն են, որոնք իրական կեանքի մէջ տեղի կ'ունենան։ «Շարժիչ ուժի»ն դերը բարի ու չար ուժերու փոխարէն կը կատարէ գործող անձերէն մէկը՝ խալիֆա Հարուն ալ-Ռաշիտը, որ հանդէս կու գայ պահապանի կամ փրկիչ-հերոսի դերով։ Այսպէս կոչուած հարունեան շրջանակը կը բովանդակէ 50 հեքիաթ ու պատմուածք, որոնց մէջ հանդէս կու գայ ինքը՝ Հարունը, երբեմն իր որդիները եւ արքունական դասէն երեւելիներ։
  • Պաղտատեան շարքին առաւել վաղ խմբագրութեան կը վերաբերին հնագոյն Արաբիոյ բազմաթիւ առասպելներ եւ աւանդոյթներ։ Հոս կան նաեւ բազմաթիւ սիրային եւ արկածախնդրական պատմութիւններ։ Վաղ շերտը կապուած է Պետեւիին բանաստեղծներու մասին առասպելներու հետ, յատկապէս ուզրա ցեղէն։ Ամէնէն շանաւոր հերոսներէն է Մաճնունը։ Պաղտատեան պատմուածքներուն մէջ շատ կարեւոր դեր կը խաղան բանաստեղծութիւնները, երգն ու երաժշտութիւնը, պատահական չէ, որ յաճախ անոնց հերոսուհիները ստրկուհի-երգչուհիներ են։ Պաղտատեան ամէնէն նշանաւոր հեքիաթներէն է «Ալի Պապան եւ քառասուն աւազակները» պատմուածքը։

Եգիպտական Շերտը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ԺԲ. դարէն սկսեալ հաւաքածոյին մէջ ներառուած են եգիպտական ծագումով հեքիաթներ եւ պատմութիւններ։ ԺԴ.-ԺԶ. դարերուն ընթացքին կ'ընդունի այն տեսքը, որմով հասեր է մեր օրերը։ Այս շրջանի նորավէպերը կը ներկայացնեն ԺԴ.-ԺԶ. դարերուն եգիպտական քաղաքի կեանքին ընդարձակ պատկերը, քաղաքացիներու բնաւորութիւնները եւ պատկերացումները։ Եգիպտական պատմուածքները ստեղծուած են առեւտրա-արհեստաւորական միջավայրի մը մէջ, որոնց մէջ իրականութիւնը կը գնահատուի առեւտրականի եւ արհեստաւորի դիրքերէն։ Այս նորավէպերուն հերոսը սովորական առեւտրականներ կամ աղքատ արհեստաւորներ են, ոչ շատ կիրթ, սակայն օժտուած առողջ դատողութեամբ եւ հնարամտութեամբ, որոնց շնորհիւ կրնայ հասնիլ բարձր դիրքի եւ հարստութեան։

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Where is A Thousand Tales? [Hezar Afsan Kojast?] by Bahram Beyzai, Roshangaran va Motale'ate Zanan, 2012.
  • In Arabian Nights: A search of Morocco through its stories and storytellers by Tahir Shah, Doubleday, 2008.
  • The Islamic Context of The Thousand and One Nights by Muhsin J. al-Musawi, Columbia University Press, 2009.
  • Nurse, Paul McMichael. Eastern Dreams: How the Arabian Nights Came to the World Viking Canada: 2010. General popular history of the 1001 Nights from its earliest days to the present.

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]