ՀՈՄԵՐԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ԿՐՕՆՔԸ

ՀՈՄԵՐԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ԿՐՕՆՔԸ

Հոմերոսի Իլիականը եւ Ոդիսականը կը ցոլացնեն յոյն պատմութեան դիւցազնական շրջանը, Ք.Ա. 12-8 դարերը: Ինչպէս գրական՝ նոյնպէս կրօնական պատմութեան տեսակէտէն թանկագին են Հոմերական գործերը, որովհետեւ անոնց մէջ կը խօսի Հնագոյն դիցաբանութեան մասին: 1. Հոմերական աստուածները Հոմերոսի գրածներուն մէջ շատ մեծ դեր ունին աստուածները, ուր կը յայտնուին մարդկային տկարութիւններն ու գերմարդկային առաքինութիւնները: Աստուածները կրնան փոխել իրենց կերպարանքը կամ դառնալ անտեսանելի: Երբեմն մշակի կերպարանքով, երրեմն ռազմիկի՝ անոնք յաճախ կը միանան մարդոց ։ Ահա պատկեր մը, ուր Ապողոն եւ Աթենաս կու գան Հանդիսատես ըլլալու երկու հակամարտ բանակներու. Հեկտոր․․․ կեցուց Տրովեանց գունդերն, ու նստան: Ագամեմնոնն ալ նստեցուց Աքայեցւոց գունդերն ամրաբարձր։ Նստան եւ Աթենաս եւ Ապողոն արծաթագեղ՝ նման երկու անգղերու սպարակիր, Արամազդ հօր կաղնիին բարձր կատարին, Ու բերկրութհամբ կը դիտէին գունդերուն Իրարու մօտ նստիլը կարգ կարգ Ասպարներով, կորտակներով, տէգերով «Իլիատ, Է 69–84»

Բայց աստուածները միայն դիտող չեն, այլեւ կողմ կը բռնեն մարդոց կռիւին մէջ: Օրինակ՝ Զեւս Տրովեանց կողմը կ'առնէ, մինչ իր կինը՝ Հերա Աքայեանց կողմը: Ու երբ Աքայեանք կը ջարդուին, Հերա «Քուն» կը ղրկէ, Զեւսը պահ մը քնացնել կու տայ, ու այն ատեն Հելլէնները կը յաջողին: Հոմերոս վարագոյր մը կը վերցնէ նաեւ աւելի հնագոյն ժամանակներու դիցաբանութեան թատերաբեմէն, թէ առաջ կային աւեյի վայրենի աստուածներու տիտան սերունդներ, որոնք մարդոց մէջ խառն կ'ապրէին եւ ծնունդ կու տային դիւցազուններուն: ԱՆՈՒԱՆԱՑԱՆԿ ՈՂԻՄՊԱԲՆԱԿ ԱՍՏՈՒԱԾՆԵՐՈՒ - 1.- ԶԵՒՍ, Ամէնէն իմաստուն Հայր Դից, արդարադատ եւ ողորմած, հիմնող քաղաքներու եւ գաղութներու, պահպանիչ ընկերային կարգուսարքի՝ մարդոց մէջ: ՀԵՐԱ, Կինը Զեւսի, Պաչտպան ընտանեկան յարկի ու մայրութեան։ Նախանձախնդիր Զեւսի վարքին, զոր յաճախ կը յանդիմանէ։ 2.-ԱՊՈՂՈՆ, ներշնչեալ տիպար մարդկային գեղեցկութեան ու կատարելութեան, պաշտպան գեղարուեստներու, երաժշտութեան ու բժշկութեան. յայտնիչ Դեղփեան պատգամներու: ԱԹԵՆԱՍ, Զեւսի ճակատէն ծնած լման կազմովը, Աստուածուհի իմաստութեան եւ հանճարի, Պաշտպան ճարտարարուեստի եւ տնտեսութեան: 3.- ՀԵՐՄԷՍ, արագաթռիչ պատգամաբեր, Պաշտպան հովիւութեան ու վաճառականութեան: ԱՐՏԵՄԻՍ, հսկիչ վայրի բնութեան կենդանութեան Որսորդներու պաշտպան։

4.-ՓՈՍԻՏՈՆ, Ծովերու Տէր ու նաւորդ, փոթորիկի ու շանթի ու հեղեղներու վարիչ: ԱՖՐՈՏԻԹԷ, ծնած ծովու սպիտակ փրփուրէն, գեղեցկուհի դիցուհի սիրոյ ու արգասաւորութեան, տիպար կանացի հրապոյրներու: 5.-ԱՐԷՍ, Աստուած պատերազմի ու գարնանային վերածաղկման: ԴԵՄԵՏԻՐ, Մայր-երկիր, պաշտպան երկրագործութեան: 6.- ՀԵՓԵՍՏՈՍ, Դարբին, ճարտար արհեստաւոր, դարբնողը Զեւսի շանթերուն: ՀԵՍԴԻԱ, պաշտպան ընտանեկան Օճախի ու բնակութեան:

Գլխաւոր այս վեց-զոյգ աստուածներէն զատ՝ կան նաեւ հետեւեալները. -ՊԼՈՒՏՈՆ, տԷր Դժոխքին ստորերկրեայ, եղբայրը Զեւսի. - ԲԱԳՈՍ, աստուած գինարբուքի եւ խնճոյքներու. - ԵՒՈԼՈՍ, աստուած Հովերու՝ զորս ան կը պահէ քարայրներու մէջ. - ՄՈՒՍԱՆԵՐ, Ինը Քոյրեր՝ գեղարուեստախումբ Ապողոնի, ամէն մէկ Մուսա տէր մէկ շնորհքի - ինչպէս՝ երաժշտութիւն, պար, բանաստեղծութիւն, թատրերգութիւն, պատմագրութիւն, եւ այլն։ Նշանակելի է, որ յունական պանթէոնին մէջ չկան մարդոց չարիք ընող աստուածներ, ինչպիսիները՝ Եգիպտոսի եւ Իրանի մէջ - Սէթ եւ Ահրիման: Հայոց մէջ եւս կը բացակային չար տիպարէ աստուածներ։ Եթէ երբեմն վատ բախտ զարնէ մարդոց, ատիկա լոկ դից մէկուն զայրոյթն է ու ժամանակաւոր: Յունաց դիցերը ընդ հանրապէս մարդահաճոյ են, գեղեցիկ ու մինչեւ իսկ իրենց յանդիմանութեան ատեն զուարթ:


Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կրօնքներու Պատմութիւն «Բիւզանդ Եղիայեան, Անթիլիաս, 2005»