Jump to content

Կօշիկ

Հիւսիսային Եւրոպայի թանգարանի մը մէջ ցուցադրուած շարք մը կօշիկներ, ներառեալ՝ 1700-1960-ականներու ձեւերը

Կօշիկը հազարաւոր տարիներու պատմութիւն ունեցող մշակութային երեւոյթ մըն է։ Անիկա ոտքի պաշտպանութեան եւ յարմարութեան համար նախատեսուած հագուստի իր մըն է։

Աւանդական կօշիկները կը պատրաստուէին կաշիէ, փայտէ կամ կտաւէ, բայց ժամանակակից արտադրութեան մէջ աւելի եւս կը գործածուին «քաուչուկ»ը, «փլասթիք»ը եւ «նաւթածին» նիւթեր։

Ներկայիս, կօշիկի արդիւնաբերութիւնը աշխարհի մէջ կը հասնի տարեկան մօտաւորապէս 200 միլիառ տոլարի։ Սակայն, ըստ ուսումնասիրութիւններու, արտադրուած կօշիկներուն մօտաւորապէս 90%-ը վերջաւորութեան կը նետուի աղբանոց, որովհետեւ անոնց նիւթերը դժուար են բաժնել կամ վերամշակել։

Հնագիտական պեղումները կը վկայեն, որ ամէնէն հին կօշիկները պատրաստուած են մօտաւորապէս 9000 տարի առաջ։

Ամերիկայի Արիզոնա նահանգին մէջ գտածոյ մը կը փաստէ, որ հին ժողովուրդները գործածած են բուսական թելերէ պատրաստուած «սանտալ»ներ։

Միջնադարուն կօշիկները կը սկսին տարբերիլ ըստ դասակարգի։ Բարձր խաւի մարդիկ կը հագնէին թանկարժէք կաշիէ կամ մետաքսով ծածկուած կօշիկներ, իսկ աշխատաւորները կը բաւարարուէին պարզ փայտէ կամ հաստ կաշիէ կօշիկներով։

Մարզական կօշիկներ

ԺԶ.-ԺԷ. դարերուն բարձրակրունկ կօշիկները յառաջացած են նախ իբրեւ արական հագուստի մաս, սակայն հետագային կը դառնան կանացի նորաձեւութեան մաս[1]։

Ժամանակակից կօշիկները կարելի է բաժնել քանի մը խումբերու․

  • Ամէնօրեայ կօշիկներ – «սանտալներ», «սնիքըրներ», պարզ կաշիէ կօշիկներ։
  • Մասնագիտական կօշիկներմարզական կօշիկներ (ոտնագնդակի, կողովագնդակի, վազքի), լեռնագնացութեան կամ ձմեռնային մարզերու մաշիկներ։
  • Անվտանգութեան կօշիկներպողպատեայ քիթերով կամ հակասայթաքող յատակով կօշիկներ։
  • Նորաձեւութեան կօշիկներ – բարձրակրունկներ, թանկարժէք նիւթերէ պատրաստուած կօշիկներ։

Կօշիկի արտադրութիւնը այսօր համաշխարհային տնտեսական ճիւղ մըն է, որուն մէջ ներգրաւուած են միլիոնաւոր աշխատողներ։ Չինաստան, Հնդկաստան եւ Վիեթնամ կը գտնուին աշխարհի մեծագոյն արտադրողներու շարքին[2]։

Միաժամանակ, մեծ մտահոգութիւն գոյութիւն ունի բնապահպանական հարցերու շուրջ։

Կօշիկներու մեծամասնութիւնը պատրաստուած է նիւթերու համադրութենէ (կաշի, ռետին, սոսինձ, ձեւակերտ), որոնք դժուար են բաժնել եւ վերամշակել։ Ահա թէ ինչու մեծ մասը կը վերջանայ աղբավայրերու մէջ։ Այս խնդիրը յառաջացուցած է նորարարութիւններ՝ կենսաքայքայուող նիւթերու եւ վերամշակման աւելի արդիւնաւոր ձեւերու մշակման ուղղութեամբ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]