Կցական բարդութիւն

Կցական բարդութիւն, բարդ բառերը, որոնք կազմուած են երկու բառերու կցումով։ Օրինակ՝ այսօր, այնչափ, նաեւ, ոչինչ, ամենուրէք, ելևէջ եւ այլն։

Կցական բարդութիւններու մէջ կցում կը կատարուի՝

  • եւ, ու շաղկապներով՝ ցիրուցան, ասուլիս, եռուզեռ, քարուքանդ, սուսուփուս,առևտուր, ահուդող, ախուվախ, տարուբերել, որեւէ, ինեւէ, ինչևէ, ինչեւիցէ, յարեւնման, սուտումուտ եւ այլն։
  • Նախդիրներով՝ խառնիխուռն, սարիվեր, պատնիվեր, միառմի, օրըստօրէ, հետըզհետէ, գլխիվայր, զառնիվայր, զառնիվեր, մէկէնիմէկ եւ այլն։
  • Առանց շաղկապի՝ ամենուրեք, այսինքն, թերեւս, նաեւ, այլևս,կէսօր, նոյնքան, որչափ եւ այլն