Կրօնական Տօներ
Կրօնական տօներ , կրօնայ-դիցաբանական կարեւոր անցքերու, իրադարձութիւններու եւ անձնաւորութիւններու պատուին սահմանուած օրեր։ Կրօնական տօները պաշտամունքի կարեւոր մաս են եւ կը նշուին յատուկ արարողութիւններով, շուքով ու հանդիսաւորութեամբ, կ՚ուղեկցուին թատերական տեսարաններով, երգեցողութեամբ, երաժշտութեամբ, պարերով ու խնջոյքներով, երբեմն՝ զոհաբերութեամբ։
Կրօնական տօները առաջացած են նախնադարեան հասարակարգին մէջ՝ սերտօրէն առնչուելով մոգական արարողութիւններուն, տոտեմի պաշտամունքին եւ մարդոց հիմնական կենսապայմաններուն՝ երկրագործութեան (ցանք, արգասաւորում, բերքահաւաք), անասնապահութեան (բեղմնաւորում, ծին, կիթ), որսորդութեան։
Դասակարգային հասարակարգին մէջ կրօնական տօները ստացած են համապետական բնոյթ, ամփոփուած պաշտօնական տօնացոյցներուն մէջ։ Հեթանոսական Հայաստանի մէջ կրօնական տօներուն նուիրուած եղած են Նաւասարդին, հայոց դիցաբանի աստուածներուն (Արամազդ, Միհր, Վահագն, Տիր, Անահիտ, Աստղիկ, Նանէ)։
Քրիստոնէական եկեղեցւոյ կրօնական տօները հիմնականին հինկտակարանային եւ հեթանոսական տօներու ժառանգութիւն են։ Զատիկը՝ գարնանային օրահաւասարին տօնուող պասեքի, Հոգեգալուստը՝ Մովսէս մարգարէին աստծոյ 10 պատուիրաններու նուիրաբերման հին կտակարանային տօնի, Ծննդեան տօնը՝ եգիպտական Օսիրիսին, փոքրասիական Կիբելային կամ յունական Տիոնիսոսին նուիրուած ծննդեան տօներու վերափոխումն էր։
Քրիստոնէական կրօնական տօներուն նուիրուած են նաեւ Մարիամ Աստուածածնին, Յովհաննէս Մկրտիչին, Առաքեալներուն, սրբադասուած գործիչներուն։
Իսլամի կրօնական տօները նոյնպէս ժառանգուած են հեթանոսութենէն (Ղուրան-բայրամ, Ուրազա-պայրամ) կամ նուիրուած են Մուհամմետ մարգարէին (Մաւլիտ, Միրաջ)։
Քրիստոնէական եկեղեցիները կը նշեն համաքրիստոնէական, ինչպէս նաեւ իրենց պատմութեան, աւանդոյթին ու դոգմաներուն վերաբերող իւրայատուկ տօներ։ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ կրօնական տօներն են Այլակերպութիւնը (հեթանոսական Վարդավառը), Աստուածայայտնութիւնը, Խաչվերացը, Տեառնընդառաջը, Գրիգոր Լուսաւորիչին, Թարգմանչաց, Վարդանանց, սրբադասուած գործիչներու, համաշխարհային առաջին եւ երկրորդ պատերազմներու զոհերու, Սարդարապատի հերոսամարտին մէջ ինկածներու յիշատակին նուիրուած տօները եւ այլն։
Կրօնական տօներու նպատակն է հաւատացեալներուն մէջ ամրապնդել կրօնքի հեղինակութիւնը, «ապացուցել» եկեղեցւոյ կամ տուեալ կրօնական կազմակերպութեան հաւատարմութիւնը քարոզած գաղափարներուն։