Կրկնագիր

Կրկնագիր կամ պալիմփսեստ (Կաղապար:Lang-gr, πάλιν — վերստին եւ ψηστός — քերուած, լատիներէն՝ Codex rescriptus), մագաղաթի կամ, առաւել հազուադէպ, պապիրուսի ձեռագիր, որ գրուած է՝ լուացուելու կամ քերելու միջոցով ջնջուած աւելի հին գրութեան վրայ։ Կրկնագիր ձեռագիրներու ի յայտ գալը հետեւանք է հին ժամանակ մագաղաթի սղութեան։ Հնագոյն Կրկնագրերէն է «Եփրեմի ձեռագիրը» (V դար), որուն հին շերտը կը պարունակէ հատուածներ Հին եւ Նոր Կտակարաններու քանի մը գիրքերէն։ 1926 թ. ի յայտ եկաւ «Լեյտենի կրկնագիրը», որ կը պարունակէ Սոփոկլեսի ողբերգութիւններու գրութիւնները։ Լեյտենի կրկնագիրի վերականգնուած գրութիւնը կը համարուի մեզ յայտնի Սոփոկլեսի երկերու հնագոյն ամբողջական ձեռագիրը։
Կրկնագրերը արժէքաւոր աղբիւր են ինչպէս կորսուած համարուող պատմական եւ գրական երկերու յայտնագործման, այնպէս ալ յայտնի երկերու առաւել հին, այսինքն սկզբնական բնագիրին առաւել մօտիկ տարբերակներու բացայայտման համար։
Կրկնագրերու նկատմամբ գիտական հետաքրքրութիւն յառաջացած է 19-րդ դարու սկիզբը, երբ Վատիկանի գրադարանի տնօրէն, քարտինալ Անժելօ Մայէ յաջողեցաւ քիմիական նիւթերու օգտագործմամբ ընթեռնելի դարձնել եւ հրատարակել Կիկերոնի «De republica» երկը։
Ներկայիս կրկնագրերը կ'ընթերցուին թեքնիկական միջոցներու օգնութեամբ (ուլտրամանիշակագոյն լուսանկարի եւ լուսածիրի մէջ, ռենթկենեան ճառագայթի մէջ, թոմոկրաֆիա եւ այլն)։
Յայտնի կրկնագրեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- Իրաւունքի բնագաւառի գրութիւն պարունակող ամենայայտնի կրկնագիրը յայտնաբերուած է պատմաբան Պարթոլտ Գէորգ Նիպուրի կողմէ 1816 թ. Վերոնայի տաճարի գրադարանին մէջ։ Հիերոնիմոսի նամակներու գրութեան տակ պահպանուած է հռոմէացի իրաւաբան Գայոսի Institutiones աշխատութիւնը[1]։
- Եփրեմի ձեռագիր ( Codex Ephraemi Rescriptus), Ֆրանսայի ազգային գրադարան, Փարիզ: Կը պարունակէ 5-րդ դարուն գրուած յունարէն Հին եւ Նոր Կտակարաններու քանի մը գիրքերու գրութիւնները, որոնց վրայ 12-րդ դարուն գրուած են Եփրեմ Ասորիի ճառերը։
Ծանօթագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ The Institutes of Gaius, ed W.M. Gordon and O.F. Robinson, 1988