Jump to content

Կրան Փախաթեն

Բնակավայր
Կրան Փախաթեն
Երկիր  Փերու

Կրան Փախաթեն, Փերուի հիւսիսը, Անտեան լեռներուն եւ Ամազոնի անտառին սահմանին վրայ շրջան:

Այս շրջանը օժտուած է շատ հարուստ բնութեամբ մը, ինչպէս, օրինակի համար, թռչուններու բազմաթիւ տեսակներ եւ սքանչելի ջրվէժներ, սակայն նաեւ` պատմական գանձով մը, հետեւաբար ան պահպանուած շրջան մըն է. այսինքն հոն մուտքը չէ արտօնուած բոլոր այցելուներուն[1]:

Կրան Փախաթենի մէջ գիտնականները գտած են աւելի քան 100 կառոյցներ` շինուած չաչափոյաներուն կողմէ. անոնք շատ հին ժողովուրդ մըն են:

1980-ական թուականներէն ի վեր այդ շրջանէն միայն 26 կառոյց ծանօթ է մարդկութեան:

Գիտնականները Կրան Փախաթենի շրջանը ուսումնասիրած են 2022-2024-ի միջեւ:

Օդային ռատար մը, կարենալով թափանցել բարձր ծառերու խիտ ճիւղերուն ընդմէջէն, կարելիութիւնը տուած է գտնելու բուսականութեան մէջ պահուած կառոյցներ: Ապա գետնին վրայ մասնագէտները ուսումնասիրած են այդ շինութիւններուն կառուցուածքը, գծած են յատակագիծներ, ամրացուցած են դիւրաբեկ շինութիւնները: Այս խումբերը յայտնաբերած են նաեւ հետքեր ճամբաներու, որոնք Կրան Փախաթենը կը միացնէին չաչափոյաներու այլ բնակավայրերու[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]