Կուաթեմալայի Թռուցիկները

Կուաթեմալայի Թռուցիկները, հսկայ թռուցիկներ, որոնք գոյութիւն ունին աւելի քան 100 տարիէ ի վեր, Կուաթեմալայի երկու քաղաքներու մէջ`Սանթիակօ Սանթափեքեզ եւ Սումփանկօ:
Անոնք կլոր են եւ մինչեւ 20 մեթր տրամագիծ կրնան ունենալ:
Երկիրին պաշտօնական լեզուով` սպաներէնով, անոնք կը կոչուին «պարիլեթես խիկանթես»:
Ամէն տարի նոր թռուցիկներ կը շինուին, անոնց շինութիւնը կը տեւէ բազմաթիւ ամիսներ: Աշխատանքները կը հսկուին արուեստագէտներու կողմէ, որոնք կ'աշխատին մէկ թաղամասէ կամ մէկ ակումբէ եկած խումբերու հետ:
Նկարագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աշխատանքներուն գլխաւոր փուլը շրջանակին զարդարուած բաժինն է: Անիկա կը ներկայացնէ` երկրաչափական բնական ձեւեր, բնութենէն տեսարաններ, տեսարաններ`պատմութենէն, կրօնէն, կամ`մարդկային հարցերու շուրջ նիւթեր, ինչպէս, օրինակի համար, մարդկային իրաւունքներ: Առաջին հերթին արուեստագէտները իրենց գաղափարները կ'արտայայտեն մանրակերտ թռուցիկներով: Ապա մեծ կտաւը կը ներկեն եւ անոր վրայ կը փակցնեն մետաքսեայ թուղթով կտրուած ձեւերը:
Երկու քաղաքներուն թռուցիկները կը հաւաքուին գերեզմանատան մէջ 1 եւ 2 Նոյեմբերին. այս երկու օրերը կրօնական տօներու օրեր են, որոնք յատկապէս հանգուցեալները յիշելու համար են: Այս հսկայ թռուցիկները չեն թռցներ (անոնցմէ փոքրիկ օրինակներ, յաճախ`մանուկներու կողմէ շինուած, կը տեսնուին երկինքին մէջ): Կտաւը հաստատուած է եղէգէ ցպիկներու վրայ եւ կը կանգնի գերեզմաններուն վրայ: Պարաններ զայն հաստատուն կը պահեն: Մարդոց համար այս առարկան կապ մը կը հաստատէ իրենց պապերուն հետ եւ կը հեռացնէ չար ոգիները[1]: