Կովկաս (թերթ)

«Կովկաս», քաղաքական եւ բանասիրական շաբաթաթերթ, հայերէն առաջին պարբերականը Կովկասի մէջ։ Լոյս տեսած է 1846-1847 թուականներուն Թիֆլիսի մէջ։ Խմբագիրներ՝ Հ. Արզանեան, Հ. Կարէնեան։ «Կովկասը» «Kaвказ» («Կաւկազ») թերթի տարբերակն էր[1][2]։

Նպատակն էր ծանօթացնել Կովկասի պատմութեան, աշխարհագրութեան, տեղաբնիկներու կենցաղին ու սովորութիւններուն։ Տպագրած է պետականպաշտօնական որոշումներ, Կովկասի փոխարքայի հրամաններն ու հրահանգները, ինչպէս եւ առեւտրական, տնտեսական, քաղաքական, բնոյթի ինքնուրոյն ու թարգմանական նիւթեր, բանասիրական ուսումնասիրութիւններ։

Կարեւոր տեղ յատկացուցած է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան, մշակոյթի ու գրականութեան, կրթութեան բնագաւառներուն վերաբերող նիւթերուն, հայ հեղինակներու ստեղծագործութիւններուն։ Տպագրած է նաեւ թարգմանութիւններ ռուս եւ արեւմտաեւրոպական գրողներէն։ Աշխատակցած են Գալուստ Շերմազանեանը, Համբարձում Էնֆիաճեանը, Ռոստոմ Երզնկեանը, Գաբրիէլ Պատկանեանը, Գէորգ Տէր-​Ալեքսանդրեանցը, Յովհաննէս Լորիս-Մելիքեանը, Կարապետ Շահնազարեանը, Միքայէլ Պատկանեանը եւ ուրիշներ։

Լեզուն հիմնականին գրաբար էր։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ 
  1. «Վիեննայի մենաստանի մամուլի շտեմարան- ԿՈՎԿԱՍ»։ արտագրուած է՝ 2023-01-11 
  2. «Համահայկական թվանշային գրադարան»