Jump to content

Կոյր աղիք

Կոյր աղիքը (կարմիրով նշուած պատկերին մէջ) կը գտնուի հաստ աղիքի սկիզբը։

Կոյր աղիք (Անգլ. caecum), Թաղանդափայլին (peritoneum) մէջ գտնուող պարկանման կազմութիւն մը, որ կը համարուի հաստ աղիքին սկիզբը[1]։

Սովորաբար կը գտնուի մարմինին աջ կողմը, ուր կցուած է որդանման ելունը (appendix)։

Անուան ծագումը լատիներէն «caecus» բառէն է, որ կը նշանակէ «կոյր»[2]։

Կոյր աղիքը կը ստանայ մասամբ մարսուած ուտելիքները (chyme) ոլորուն աղիքին (ileum) վերջաւորութենէն եւ կը միանայ հաստ աղիքին վերի բաժինին։ Ան ոլորուն աղիքէն բաժնուած է «փականով» մը (ileocecal valve, կամ Bauhin-ի փական)

Սովորաբար, կոյր աղիքը ամբողջութեամբ թաղանդափայլին մէջ կը գտնուի, մինչդեռ վերի հաստ աղիքը յաճախ կը համարուի յետթաղանդափայլային (retroperitoneal) մաս[3]։

Խոտակեր անասուններուն պարագային, կոյր աղիքը ունի կարեւոր դեր՝ պահելով սննդային նիւթը, ուր մանրէները կը քայքայեն բջջաքարօրէն (cellulose) կազմուած բաղադրիչները։

Մարդուն մէջ անիկա կը մասնակցի աղի եւ «էլէքտրոլիտ»ներու ներծծման գործընթացին, ինչպէս նաեւ կը ծառայէ իբրեւ խողովակ՝ յաջորդաբար քսելով եւ հարթեցնելով հաստ աղիքին մէջ անցնող պինդ մնացորդները։

Կոյր աղիքն ու որդանման ելունը կը ծագին կոյր աղիքին բողբոջէն, որ կը ձեւաւորուի մարսողական խողովակին միջին հատուածին (midgut) մէջ՝ յղութեան վեցերորդ շաբաթին, պորտային դուրսցցման (umbilical herniation) գագաթին քով։ Մասնաւորաբար, կոյր աղիքն ու որդանման ելունը կը կազմուին միջին աղիքի հանգոյցի յետերակային (postarterial) բաժինին ընդարձակումով։ Կոյր աղիքին բողբոջի մօտակայ (proximal) մասը արագ աճելով կը կազմէ կոյր աղիքը։

Կոյր աղիքին կողմնային պատը աւելի արագ կը զարգանայ, քան միջին պատը, ինչ որ կը պատճառէ, որ որդանման ելունի կցման կէտը յայտնուի միջին կողմը։

Կոյր աղիքին դիրքը կը փոխուի միջին աղիքին պտոյտէն եւ հաստ աղիքին վերի բաժինիի երկարացումէն ետք։ Բացի ատկէ, կոյր աղիքին մէջ «մեքոնիում»ի (meconium) կուտակումը կրնայ նպաստել անոր տրամագիծին ծաւալման։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]